Արաբկիրի Սուրբ Խաչ եկեղեցի յարող տարածքէն, 16 յունիսին սկսաւ «Դիմադրութեան» շարժման իրազեկման երթը:
Կոմիտասի պողոտայէն երթին մասնակիցները շարժեցան Հայաստանի Քննչական կոմիտէ, ուր իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ընդդէմ Հայաստանի մէջ իրաւական կամայականութիւններուն:
«Ասիկա այն շէնքն է, ուր մեր բազմաթիւ ընկերներուն նկատմամբ գործեր կատարուած են` առանց որեւէ հիմքերու: Այս շէնքի մեր գործընկերներուն տեղեկացնենք, որ մեր պատգամաւոր գործընկերները հանդիպած են կալանաւորուած քաղաքական բանտարկեալներուն, բոլորին տրամադրութիւնը տեղն է, մարտական, քանի որ կը գիտակցին, որ ասիկա պայքար է: Ապօրինի կալանաւորումներով, քրէական գործեր կարելով միայն խայտառակ կ՛ըլլան: Ես, իբրեւ իրաւաբան, վատ կը զգամ, որ գործընկերներս կրնան նման բան ընել, ամօթ է», յայտարարեց Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը:
Երթը շարունակեց ընթացքը: Քայլերթի մասնակիցներուն քաղաքացիները կ՛ողջունէին իրենց տուներուն պատշգամներէն եւ լուսամուտներէն:
Կը հնչէին յաղթական պայքարին միանալու կոչեր, հայրենասիրական երգեր:
Դիմադրութեան երթին մասնակիցները կանգ առին նաեւ Հակափտածութիւն կոմիտէին մօտ` իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու ապօրինի ձերբակալութիւններուն, ոստիկանութեան բռնութիւններուն, երկրին մէջ իրաւական կամայականութիւններուն դէմ:
Արամ Վարդեւանեանը Հակափտածութիւն կոմիտէին կոչ ուղղեց զերծ մնալու իշխանութեան հրահանգները կատարելէ եւ անցնելու իր բուն առաքելութեան:
«Ձեր գործով զբաղեցէ՛ք, ձեզմէ ատիկա կը պահանջուի: Վստահ, փաստերն ալ ունիք. մեր նորագոյն պատմութեան աղէտի` 44-օրեայ պատերազմի մեղաւորները ձերբակալեցէ՛ք, Նիկոլ Փաշինեանը ձերբակալեցէ՛ք», ըսաւ ան:
Քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ:
Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Նախօրէին խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ որեւէ կարգավիճակ, որ կ՛երաշխաւորէ արցահայութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը, մեզի համար ընդունելի է: Մարդը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ դէմ չէ, որ Արցախը ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան` յիշեցնելով վարչապետ Փաշինեանի` աղմուկ հանած հերթական յայտարարութեան մասին:
Անոր պատասխանը, ինչպէս նշեց Իշխան Սաղաթէլեանը, այսօր հնչեց` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կողմէ:
Ան յիշեցուց նաեւ մէկ այլ նախազգուշացման մասին, որ իրենք կը հնչեցնէին երկար ժամանակ:
«Երբ ամիսներ շարունակ կ՛ըսէինք, որ Ալիեւը եւ Նիկոլը ունին պայմանաւորուածութիւն` երկիրը կտոր-կտոր յանձնելու, դեռ կային մարդիկ, որոնք կ՛ըսէին` այդպէս չէ: Կը կարծեմ` գոնէ այսօրուընէ ետք բոլոր անոնք, որոնք ինչ-ինչ հանգամանքներէ մեկնելով` դեռ ջրբաժանի այդ հատուածին մէջ են, պէտք է հասկնան, որ դաւաճանի հետ հաւասար պատասխանատուութիւն պիտի կրեն», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան անգամ մը եւս յիշեցուց 18 յունիսին, ժամը 19:30-ին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք համապետական հանրահաւաքին մասին:
«Միութիւն, պայքար, յաղթանակ»` վանկարկեցին մասնակիցները: