Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտեմ Փաթափութեան Պարգեւատրուեցաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Շքանշանով Եւ Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Յունիս 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 յունիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հիւրընկալած է հայազգի անուանի գիտնական, Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանը, որ Հայաստան հասած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կազմակերպած «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր-2022» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:

Հայաստանի վարչապետը Արտեմ Փաթափութեանը Կենսաբանութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուած ակնառու նուաճումներուն, բժշկագիտութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար պարգեւատրած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:

16 յունիսին Արտեմ Փաթափութեան այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

14 յունիսին «Հայ Փոստ» ընկերութիւնը հրապարակեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ նոր դրոշմաթուղթ մը` նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Արտեմ Փաթափութեան» նիւթին: 350 դրամ արժէքով դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է յայտնի լիբանանահայ գիտնական Արտեմ Փաթափութեանը, որ 2021-ին Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ` ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ընթացքին կատարած բացայայտումներուն համար:

Հայաստան գտնուելուն ընթացքին ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան փրոֆեսէօր Արտեմ Փաթափութեան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ընդհանուր ժողովի 9 յունիսի որոշումով ընտրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր անդամ:

Փաթափութեան 14 յունիսին այցելեց Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ուղեղի հիմնարար հետազօտութիւններու գիտակրթական «Քոբրէյն» կեդրոնը, ուր գիտնականը տնկեց այն բոյսի հատիկը, որմէ ստացած է յայտնի մասնիկը: Տեղի ունեցաւ նաեւ Գիտական խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին Փաթափութեան ընտրուեցաւ բժշկական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր:

«Հայաստան գտնուելուս պատճառներէն մէկը այն է, որ նաեւ ծանօթանամ Հայաստանի գիտութեան ոլորտին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն. կ՛ակնկալեմ նոր համագործակցութեան հիմք դնել», յայտնեց ան:

Նախորդը

Հաճիեւ. «Պաքուն Եւ Անգարան Պատրաստ Են Միաժամանակ Կարգաւորելու Երեւանի Հետ Յարաբերութիւնները, Սակայն Հայաստանը Պէտք Է Հրաժարի Տարածքային Յաւակնութիւններէն»

Յաջորդը

Այսօր Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ Տեղի Պիտի Ունենայ Համապետական Հանրահաւաք

RelatedPosts

Եկէք` Յիշենք, Թէ Ի՛նչ Կատարուեց 1915 Թուականին. Ժողովրդին Զինաթափեցին,  Յետոյ Եղաւ Ցեղասպանութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Վահրամ Բալայեան. «Բերձորը Պոկուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզէն` Անոր Կազմաւորումէն Ամիսներ Անց Եւ Բռնակցուած Ազրպէյճանին»

Յուլիս 7, 2022
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ
Հայկական

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Յաջողուած Է Մերձեցնել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Դիրքորոշումները Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Երեւոյթներու Շուրջ»

Յուլիս 7, 2022
Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յուլիս 7, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In