Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Աւելի Քան 90 Կազմակերպութիւններու Նամակը Շարլ Միշելին` Արցախի Հարցով Անոր Միջնորդութեան Վերաբերեալ

June 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 16 յունիսին եւրոպական 91 կազմակերպութիւններ, որոնք աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ, նամակ յղեցին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին` յայտնելով իրենց խոր դժգոհութիւնը անոր վերջին յայտարարութեան գծով, որ հրապարակուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 22 մայիս 2022-ի եռակողմանի հանդիպումէն ետք:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակին կողմէ այս գծով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ կազմակերպութիւնները կ՛ողջունեն Շարլ Միշելի կողմէ խաղաղութեան ուղղուած միջնորդական ջանքերը: Այնուամենայնիւ, անոնք անհրաժեշտ կը նկատեն, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները հիմնուած ըլլան արդարութեան վրայ, ուր չեն արհամարհուիր հայկական կողմին հիմնարար իրաւունքներն ու կարիքները, մանաւանդ որ վերջինս 2020-ին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարձակման զոհ դարձած է:

Նամակը ստորագրած կազմակերպութիւնները ցաւ կը յայտնեն, որ 23 մայիսի յայտարարութիւնը կ՛արհամարհէ Արցախի տագնապի լուծման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան փաստաթղթաւորուած մօտեցումներու հիմնական սկզբունքները: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ այն փաստին, որ կ՛օգտագործուի «Ղարաբաղ» անորոշ ձեւակերպումը «Լեռնային Ղարաբաղ»-ի փոխարէն, որ յստակ տարածք ունեցող քաղաքական միաւոր է: Նամակին մէջ մանրամասն անդրադարձ կը կատարուի այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի կողմէ «Ղարաբաղ» ձեւակերպման օգտագործումը կը միտի պետական մակարդակով գործադրուող ցեղային զտման քաղաքականութեան սպասարկման:

Անդրադառնալով 31 մայիս 2022-ին Շարլ Միշելի մամլոյ բանբեր յայտարարութեան` կազմակերպութիւնները երախտագիտութիւն կը յայտնեն, որ անիկա կարեւոր պարզաբանումներ կատարած է եւ ընդգծած հիմնարար սկզբունքներ: Կազմակերպութիւնները յոյս կը յայտնեն, որ Եւրոպական Միութեան ապագայ միջնորդութիւնը կը յանգեցնէ արդար եւ մնայուն խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններու մեկնարկին: Այդ նպատակով կոչ կ՛ուղղուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահին` միջնորդութիւնը հիմնելու վեց յստակ կէտերու վրայ:

Նախորդը

Այսօր Ֆրանսայի Հրապարակին Վրայ Տեղի Պիտի Ունենայ Համապետական Հանրահաւաք

Յաջորդը

«Հակառուսական Պատժամիջոցները Պիտի Չջնջենք, Քանի Տակաւին Ուքրանիոյ Հետ Արդարացի Համաձայնագիր Չէ Կնքուած» Կ՛ըսէ Շոլց

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.