Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սենեկալ. Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ

Յունիս 18, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սենեկալի Պարնի քաղաքին մէջ Քամփ Մուսա Տիում դպրոցը կը գտնուի արեւմտեան Ափրիկէի շաղախի ամէնէն մեծ գործարանին մօտ: Դպրոցի տնօրէնուհին կը բացատրէ, որ այդ գործարանը մեծ քանակով փոշի կը յառաջացնէ, եւ իրենք դպրոցի մէջ ստիպուած են գոցելու դասարաններուն դռները, այլապէս փոշին շատ կ՛անհանգստացնէ աշակերտները:

Այդ շրջանին մէջ շատ հարցեր գոյութիւն ունին կենսոլորտին վերաբերեալ: Հետեւաբար աշակերտներու առաջարկել ծառեր տնկելը յարմարագոյն լուծումներէն մէկն է: Ծառեր տնկելը աշակերտները մղելը զանոնք խնամելու` միջոց մըն է զանոնք դաստիարակելու եւ անոնց մէջ զարգացնելու բնութեան հանդէպ յարգանքի զգացումը: Այս ձեւով իւրաքանչիւր ծառ պիտի ունենայ իր աշակերտ – «կնքահայրը»:

Այդ աշակերտը իր տնկած ծառին պատասխանատուն պիտի ըլլայ` միւս աշակերտներուն ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հոգ տանիլ այդ տունկին:

Ծառեր տնկելու գործողութեան կազմակերպութեամբ կը զբաղի բնապահպանութեան մարզին մէջ գործող խումբ մը: Այս գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն շաբաթ առտու, երբ դպրոց չկայ: Չորրորդ դասարանէն մօտաւորապէս 20 աշակերտներ կը մասնակցին այս ձեռնարկին, անոնց կ՛ընկերանան 6 չափահասներ:

Աշակերտները մեծ աշխուժութեամբ կարծր հողը կը փորեն, ապա անոնք այս փոսերուն մէջ կը զետեղեն տունկերը եւ իւրաքանչիւր տունկի շուրջ փոքրիկ ցանկապատ մը կը զետեղեն, սակայն ասիկա բաւարար չէ` այդ փոքրիկ տունկերը պահպանելու: Շրջակայքը ազատօրէն շրջող այծերը տունկը ուտելու համար զանոնք կը խլեն իրենց կոտոշներով: Հետեւաբար, որպէսզի ծառը կարենայ աճիլ, պէտք է ուրիշ միջոցներու ալ դիմել, այդ միջոցներէն մէկը անիւներն են:

***

Այդ առտու 3 տարբեր տեսակի 15 ծառեր տնկուեցան: Աշակերտները շատ ուրախ եւ հպարտ են: Անոնք գիտակից են, որ ծառերը անհրաժեշտ են: Անոնք ուշադիր պիտի ըլլան, որպէսզի ծառերը աճին:

Կառք Մը`
Իր Ձուկերուն Համար

Ճերի Հուանկ կ՛ապրի Թայուանի մէջ եւ ձուկերու սիրահար է: Տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս անոնք անդադար կը դառնային իրենց անօթին մէջ, ան կը մտածէ, որ հաւանաբար անոնք պիտի ուզէին պտոյտի երթալ…

Հետեւաբար կը մեկուսանայ իր աշխատանոցին մէջ շաբաթներու ընթացքին` գտնելու համար միջոց մը եւ շինելու իր ձուկերուն համար յատուկ փոխադրակառք մը: Կառքի վրայ ան կը զետեղէ խողովակի ձեւով աքուարիոմ մը, որ կապուած է ջուրը մաքրող եւ թթուածին հայթայթող դրութեան մը:

Փողոցներուն մէջ իր պտոյտին ընթացքին Ճերի եւ իր ձուկերը աննկատ չեն անցնիր, եւ Ճերի վստահ է, որ իր ձուկերը շատ կը սիրեն այդ պտոյտները: «Եթէ ես կարմիր ձուկ մը ըլլայի,-  կ՛ըսէ ան,- ես շատ ուրախ պիտի ըլլայի, որ մէկը հնարած է միջոց մը, որպէսզի ես կարենամ հետախուզել տարբեր աշխարհներ»:

Զեւս` Աշխարհի Ամէնէն
Մեծ Շունը

Զեւս կ՛ապրի Թեքսասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, իր տիրոջ` Պրիթնիի եւ անոր ընտանիքին հետ:

Ան ունի աւելի քան 1 մեթր երկարութիւն եւ կը կշռէ 90 քիլօ. հակառակ ասոր` ան շատ բարեհամբոյր շուն մըն է եւ ո՛չ մէկը հարց ունի ընտանիքին միւս երեք շուներուն հետ, որոնք իրմէ շատ աւելի փոքր են:

Զեւս շատ կ՛ուտէ: Եւ շնորհիւ իր մեծ հասակին` ան դիւրութեամբ կը հասնի սեղանին վրայ դրուած ուտելիքներուն:

Գիտէի՞ր, թէ յունական աւանդութեան մէջ Զեւս բոլոր աստուածներուն հայրն է եւ երկինքի աստուածը: Ան կրնայ կայծակներ նետել: Հակառակ այս աւանդութեան, Զեւս, ըստ իր տիրոջ, փոթորիկներէն կը վախնայ…

Բնութեան Մասին

 Գիտէի՞ր, Թէ…

– Յունական Սանթորինի կղզին ունի կարմիր, ճերմակ եւ սեւ աւազով ծովափներ:

– Հնդկաստանի Մեկալայա շրջանին մէջ ամէն տարի մօտաւորապէս 11,9 մեթր անձրեւ կը տեղայ: Այս քանակին կէսէն աւելին կը պատահի «մոնսունի» եղանակին` յունիս եւ յուլիս ամիսներուն ընթացքին:

– Աշխարհի ամէնէն սաստիկ փոթորիկները կը պատահին Արժանթինի մէջ, Անտեան լեռներուն արեւելքը:

– Աշխարհի ամէնէն հին բիւրեղները կազմուած են 4.276 միլիառ տարիներ առաջ:

– Ամազոնի վայրի անտառը կը ծածկէ 5,5 միլիոն քառ. քմ, այսինքն` Ալասքայի տարածքին աւելի քան 3 անգամը:

– Անգլիոյ Նոթինկհամի Շետոուտ անտառին մէջ գտնուող Մէյճըր Օք ծառը աւելի քան 1000 տարուան ծառ մըն է: Ըստ աւանդութեան, անոր մեծ մասամբ պարապ կոճղը իբրեւ թաքստոց ծառայած է նշանաւոր Ռոպին Հուտին:

Մտածենք

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր աշակերտի անունը.

– Անին ամբողջովին շրջապատուած է իր ընկերներով:
– Կարինէն նստած է Նանօրին ճիշդ ետեւը:
– Պետիկը առաջին շարքին մէջ չէ:
– Երուանդը եւ Պետիկը քով-քովի նստած են:
– Ռուբէնը աղջկան մը քով նստած է:
– Գէորգը ուսուցչուհիին աւելի մօտ կը գտնուի, քան` Ռուբէնը:
– Փաթիլը եւ Քրիստափորը նոյն շարքին վրայ կը գտնուին:

Ժամանց

Երկուշաբթի նկարիչը եկաւ դասարանային նկար առնելու: Սակայն ան գոհ չէր իր ստացած պատկերին արդիւնքով, հետեւաբար ուզեց դպրոց վերադառնալ երեքշաբթի` ուրիշ նկար մը առնելու: Կրնա՞ս գտնել այդ երկու օրերու միջեւ տարբերութիւնները, որոնք յայտնուեցան նկարներուն միջեւ:
Կրնա՞ս գտնել դպրոց հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու այս բուրգերը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր թիւ հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Առցանց Լսարան. «Մոսկուա-Անգարա Յարաբերութիւնները` Ո՛չ Թշնամի, Ո՛չ Դաշնակից». Եղիա Թաշճեան

Յաջորդը

Անցեալը Ինքզինք Կը Կրկնէ

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?