ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 261 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 30.000 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 12.000 լ. ոսկիով, մազութը` 25.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 5000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը համազօր է 686.000 լ. ոսկիի, 98 օքթան պենզինը` 697.000 լ. ոսկիի, մազութը` 708.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 353.000 լ. ոսկիի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի զօրամասեր Շարաուինայի մէջ կը շարունակեն թմրեցուցիչ մաքսանենգողներուն դէմ սկսած արշաւը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է քննարկելու վարչապետի պաշտօնին թեկնածուներուն անունները` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր դաշնակիցներուն միջեւ, ներառեալ Լիբանանեան ուժերը, խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Քանաանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա. քննարկուեցան բարեկարգումի եւ օրէնսդրական աշխատանքները, որոնք կարեւոր են Լիբանանի նկատմամբ տեղական եւ միջազգային վստահութիւնը վերանորոգելու համար:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է կազմել ընդարձակ ներկայացուցչութեամբ կառավարութիւն մը: Իզզէտտին ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը մեծ թիւով նուաճումներ արձանագրած է` երկիրը, հողն ու անոր պաշարները պաշտպանելու իմաստով: