Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

June 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները:

Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, Միքաթի հետապնդեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն յայտարարած գործադուլին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Այս շրջագիծին մէջ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ:

Քննարկուեցան պետական պաշտօնեաներուն ճշդուած յատկացումները եւ այդ գումարները ճշդուած թուականին, առանց յապաղումի տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:

«Պաշտօնեաներուն իրաւունքը սուրբ է, իսկ կառավարութիւնը կը հասկնայ անոնց ցաւը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ապահովելու անոնց կարիքները հոգացող միջոցները, որպէսզի անոնք կարենան աւելի եւս տոկալ երկիրը հարուածող տնտեսական այս ծանր տագնապին դիմաց», ըսաւ ան:

Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամը, որուն հետ քննարկեց նոյն հարցը:

Հանդիպումին ընթացքին Պայրամ հաստատեց, որ պետական պաշտօնեաներուն տրուելիք նիւթական յատկացումներն ու յաւելումները պատրաստ են եւ յստակ` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի նախարարութեան համաձայն, ուշացումին պատճառը պաշտօնեաներու թիւին նուազումն է:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, որ Միքաթիի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ եւ Դանիոյ դեսպաններ Նիքոլեթթա Պոմպարտիերի եւ Մեիթ Ճուլ:

Նախորդը

Պասիլ. «Աուն Եւ Միքաթի Ծովային Սահմանագծումի Թղթածրարին Առնչութեամբ Համաձայն Են»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Ժողովրդավարական Գործընթացը Պիտի Շարունակուի»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.