ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 138 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.250 լ. ոսկի է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քանային հաստատեց, որ Քուէյթ կը զօրակցի Լիբանանին` զայն դուրս բերելու համար իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն: Ան բարգաւաճում եւ կայունութիւն մաղթեց Լիբանանին: Քանայիի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա, պատասխանելով իսրայէլեան սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաւիի կատարած յայտարարութեան, թէ իրենք տեղեակ պիտի պահեն սահմանամերձ շրջանի լիբանանցի բնակիչները հեռանալու իրենց բնակարաններէն, ըսաւ. «Այո՛, պիտի հեռանանք մեր բնակարաններէն, սակայն դէպի հարաւ, այսինքն` դէպի ձեր ուղղութեամբ, եւ մեր այցելութիւնը կարճատեւ պիտի չըլլայ»:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 8.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի եւ պիւթակազի սակերը մնացին կայուն: Այս պատճառով 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 674.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 685.000 լ. ոսկի, մազութը` 683.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 358.000 լ. ոսկի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Մախզումիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆիի հետ գոյացած է գործակցութեան համաձայնութիւն մը, որուն իբրեւ հիմամբ պիտի կազմուի «Ազգային փրկութիւն» անունը կրող երեսփոխանական պլոք մը: Այս պլոքը պիտի գործէ Լիբանանը իրանեան հոգատարութեան տրամաբանութենէն դուրս բերելու ուղղութեամբ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց կանխահաս նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ նշանակուի վարչապետ մը, որ բաց է արաբական աշխարհին հետ գործակցելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քապալան Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան կարող է իր բանակով, ժողովուրդով եւ Դիմադրութեամբ պատասխանելու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի կամ բռնարարքի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ անիմաստ է այն իշխանութիւնը, որուն ժողովուրդը սոված է ու տանջուած:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց կազմելու իսկական եւ հզօր կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունի յանդուգն որոշումներ տալու եւ հայրենիքն ու քաղաքացին պաշտպանելու:
ԲԱՐԵԿԱՐԳՉԱԿԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաները կարիքը ունին յստակ ծրագիրի մը` բարելաւելու համար իրենց նիւթական եկամուտը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ ոչ ոք կը փափաքի պատերազմիլ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով` Իսրայէլ պեղման աշխատանքները պիտի դանդաղեցնէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էտկար Թրապուլսի կոչ ուղղեց պետութեան օժանդակելու կրթական մարզին, որպէսզի ան կարենայ դիմակայել իր դէմ ծառացող մարտահրաւէրները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպը եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնք գործուղուած էին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնները միատեսակ որոշումի մը յանգած են` նոր վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետեւելու իմաստով: Ան նշեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը ժամանակ խլէ եւ ուշանայ, ապա խանգարողը պիտի ըլլայ ան, որուն անունը «Ժ» տառով կը սկսի:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
«ՆԱՇՐԱ» կայքը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ պատերազմ պիտի չբռնկի: