ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 238 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 28.000 լ. ոսկի է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի սահմանագծումի թղթածրարին պատասխանատուն է լիբանանեան պետութիւնը: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը դատաւորներու ուղղութիւն կը տրուի անիմաստ ու դատարկ թղթածրարներ բանալու եւ զանոնք շահագործելու, միաժամանակ փակելու մեծ թիւով թղթածրարներ, որոնք աւազակութեան լուրջ հարցերու կը վերաբերին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Ֆատի Էլիասը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան: Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց Տումայի նախագահին շնորհաւորական հեռագիրը: Պըրրիի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Իմատ Հութ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը Դամասկոսի օդակայանին վրայ` զայն նկատելով ահաբեկչական գործողութիւն: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ` հաստատելով, որ Իսրայէլի պահուածքը թշնամական է եւ անոր քաղաքականութիւնը հիմնուած է շրջանին մէջ անոր միջամտութիւններուն վրայ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը անցեալ շաբաթավերջին հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 40.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 4000 լ. ոսկիով: Այս պատճառով 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 666.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 677.000 լ. ոսկի, մազութը` 683.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 358.000 լ. ոսկի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը անցեալ շաբաթավերջին յայտարարեց, թէ լիբանանցի քաղաքացիներուն անցագիրներ շնորհելու առիթը դարձեալ պիտի ընծայէ, եւ անցագիրի ժամադրութիւններ ճշդելու ելեկտրոնային հարթակը դարձեալ պիտի սկսի գործել այսօր` երկուշաբթի, 13 յունիս 2022-էն սկսեալ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ազգային անհրաժեշտութիւն մըն է` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստակամ են գործակցելու: Ֆատլալլա ընդգծեց, որ բարեկարգումը պէտք է սկսի Լիբանանի դատական իշխանութիւններէն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու ժամանակ կորսնցնելու քաղաքականութեան եւ անմիջապէս ճշդելու վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կատարելու ժամկէտը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ եւրոպական կամ ամերիկեան որեւէ երկրէ ելեկտրականութիւն ունենալու դէմ չեն, այնքան ատեն որ ելեկտրական հոսանք ստանալու նախապայմանը չ՛ըլլար այդ երկիրներուն Լիբանանի ենթակայ դառնալը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ժահժահի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ: Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին Ուալիտ եւ Թայմուր Ժոմպլաթներ Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեցին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական տնտեսական կացութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շարքին նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: