Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի. «Իրան Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Յառաջընթացին»

June 4, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան: Այս մասին յայտնեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

Մասնաւորապէս, Ռայիսի հայ-իրանեան շարունակական խորհրդակցութիւնները նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութեան եւ խորութեան նշան:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սկզբունքն է պաշտպանել շրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը, ներառեալ միջազգային սահմանները, յարգել երկիրներու ազգային ինքնիշխանութիւնը, ամրապնդել շրջաններուն միջեւ հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքները», յայտնեց Իրանի նախագահը:

Ան ելեկտրականութեան եւ փոխադրութեան ոլորտին մէջ հայ-իրանեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութիւնները ընդլայնելու կոչ ուղղեց` ընդգծելով, որ այդ կապերը կ՛ամրապնդեն շրջանի խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, տնտեսութիւնը եւ առեւտուրը:

«Իրան կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու յառաջընթացին», շեշտեց Ռայիսի` յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ տակաւին գոյութիւն ունեցող հարցերը պիտի լուծուին խաղաղ կերպով` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համաձայն, յարգելով երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Փաշինեան բարձր գնահատեց Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը` շրջանային զարգացումներու հարցին մէջ եւ Իրանի դերակատարութիւնը կարեւոր ու արդիւնաւէտ որակեց: Ան յայտնեց, որ Հայաստան շահագրգիռ է ընդլայնելու տնտեսական, առեւտրական, քաղաքական եւ մշակութային համագործակցութիւնը Իրանի հետ: Ան նաեւ ողջունեց Թեհրանի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ 3+3 ձեւաչափով վեհաժողովի գումարումը:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստան Այցելելէ Առաջ. «Լաւրով Անգարայի Մէջ Չաւուշօղլուի Հետ Պիտի Քննարկէ Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծումը» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ Արթուր Թովմասեան Կ՛ընդգծէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Դերը

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.