Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Մայիս Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

Յունիս 3, 2022
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ապրիլ 2022-ին ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդուած սակը 12.568 լիբ. ոսկի է:

Միւս կողմէ, Պուրճ Համուտի տարբեր թաղամասերու ելեկտրական հոսանքի ընդհատումի միջինը, որուն ընթացքին ելեկտրածին շարժակները բանեցան, ապրիլ 2022-ին 418.5 ժամ էր:

Ուստի կը յայտարարենք.

Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2022-ի մայիս ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.

* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 600 հազար լ. ո. (վեց հարիւր հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 1 միլիոն 800 հազար լ. ո. (մէկ միլիոն ութ հարիւր հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերին համար գանձել 3 միլիոն  լ. ո. (երեք միլիոն լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:

Նկատի ունենալով, որ շարժակներու մասնակցութեան սակը բաւական բարձր է, եւ անոր բարձրացումը կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ելեկտրածին շարժակներուն կողմէ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերու ընդհատումը պիտի ըլլայ 7-8 ժամով` հետեւեալ ձեւով.

Շաբթուան բոլոր օրերը, բացի կիրակի օրերէն.

– կէս գիշերուան ժամը 12:00-էն 6:00
– առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30
– յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն 4:00

Կիրակի օրերը.

– առաւօտեան ժամը 2:00-էն 7:00
– կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն 11:00
– յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն 4:00

Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէրէ կը պահանջուի այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհատման ժամերը լիովին յարգել` քաղաքացիներու շահերուն պահպանման համար: Քաղաքապետութիւնը ներող պիտի չըլլայ եւ համապատասխան օրինական քայլերուն պիտի դիմէ, եթէ ոեւէ սեփականատէր չյարգէ սակերը եւ ճշդուած ժամերէն աւելի երկար ժամեր անջատէ ելեկտրականութիւնը, կամ ոեւէ բնակիչի ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատէ` օգտագործելով առկայ տագնապալի վիճակը:

Գ) Քաղաքացիները բաժնեգիները պիտի վճարեն լիբանանեան թղթոսկիով` Ա. կէտով ճշդուած սակերուն հիման վրայ:

Դ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային, որպէսզի համապատասխան բողոք ներկայացնեն, իսկ քաղաքապետարանը պիտի հետապնդէ այդ բողոքները եւ համապատասխան քայլերուն պիտի դիմէ որոշումները խախտողներուն հաշուոյն:

Ծանօթ.- Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` հաշուիչ մեքենաներ ունեցող բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.

5 ամփեր` 100 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 220 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփերը գերազանցողներուն պարագային, իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար 120 հազար լիբ. ոսկի պիտի աւելնայ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Նախորդը

Ակնարկ. Խորհրդարանի Համապատկեր Եւ Ընտրութեան Նկատառելի Շարժառիթներ

Յաջորդը

Մեծ Պայթում` Հիւսիսային Իտլիպի Մէջ Թրքամէտ Զինեալ Խմբաւորման Մը Զինապահեստանոցին Մէջ

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Մամլոյ Արձակուրդ

Յուլիս 5, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (5 Յուլիս 2025)

Յուլիս 5, 2025
Հաղորդագրութիւն  (Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի Հաղորդագրութիւնը` Թափօններու Թաղման Վայրին Մասին)
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւն

Յուլիս 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?