Հայաստան պիտի ժամանէ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոս Խարդալիասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
«Իմ գործընկեր, Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Կարէն Բրուտեանի հրաւէրով 2-3 յունիսին պիտի գտնուիմ Յունաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ամուր պատմական կապեր ունեցող Հայաստանի մէջ: Այս առումով պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենամ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատուրեանի եւ իմ գործընկեր Կարէն Բրուտեանի հետ», ըսած է Նիքոս Խարդալիասը` տեղեկացնելով, որ հանդիպումներ նախատեսուած են Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի յունական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան փոխնախարար Նիքոս Խարդալիասը պիտի այցելէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Նախատեսուած են նաեւ այցելութիւններ պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական, ինչպէս նաեւ, Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարաններ:


