Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի հերթական նիստը: Այս մասին «Նիուզ»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն:
Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներուն համանախագահութեամբ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը վերջին անգամ հանդիպում ունեցած էր դեկտեմբեր 2021-ին:
Ինչ կը վերաբերի սահմանազատման եւ անվտանգութեան հարցերով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յանձնախումբերու յաջորդ հանդիպումին, որ նոյնպէս պէտք է տեղի ունենայ Մոսկուայի մէջ, հանդիպումի օրը տակաւին չԷ ճշդուած: