Պաքուն դրական կը գնահատէ 22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Կը գտնենք, որ եռակողմ հանդիպումը, ի հարկէ, իր ներդրումը ունի յետհակամարտային շրջանին մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հոլովոյթին մէջ: Մենք այդ հանդիպումը կը նկատենք շատ կառուցողական եւ յաջողած», 26 մայիսին լրագրողներուն ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ան նշած է, որ տուեալ պահուն կողմերը կ՛աշխատին երկու երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութեան ուղիները ապաշրջափակելու վրայ` աւելցնելով, որ քննարկումներու ընթացքին կողմերը կրցած են շարք մը հարցերու շուրջ դիրքորոշումները մերձեցնել: