Պաքու Երեւանին կոչ կ՛ուղղէ` «ճիշդ գնահատելու շրջանի ներկայ իրողութիւնները»: Այս մասին կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան 28 մայիսի յայտարարութեան մէջ:
«Ցաւալի է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հերթական անհիմն յայտարարութիւնը 27 մայիս 2022-ին Զանգելանի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի նախագահի խօսքին վերաբերեալ», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ կը նշուի. «Հայաստանը, որ շուրջ 30 տարիէ ի վեր կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքները, կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ շուրջ մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներու իրաւունքները»:
«Ի տարբերութիւն Երեւանի, Պաքուն միշտ յարգած է միջազգային օրէնքի սկզբունքները», շարունակած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Ինչ կը վերաբերի բռնագրաւումէն ազատագրուած Զանգելանի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահի յայտարարութիւններուն, ապա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուշադրութեան կը ներկայացնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահը կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու սկզբունքներուն չհամապատասխանող վարքագիծէն եւ կը նախազգուշացնէ այն վտանգներէն, զորս կրնայ յառաջացնել նման ապօրինի վարքագիծ», կը շեշտուի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Հայկական կողմը պէտք է հասկնայ, որ մէկ տասնամեակ առաջուան պահուածքը իրականացնելու փորձերը ոչ այլ ինչ են, քան երեւակայութիւն: Միայն շրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւններու եւ նոր կարելիութիւններու ճիշդ գնահատումը կրնայ յանգեցնել ճիշդ արդիւնքներու», ընդգծած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: