ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Մոնրէալ, Սեն Լորան, 2006, Ձմեռ
Չեմ յիշեր, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս ծանօթացայ արուեստագէտ Եղիա Պեքմազեանին, սակայն յստակօրէն կը յիշեմ, որ առաջին հանդիպման իսկ ընկերացանք, եւ ան հրաւիրեց զիս իրենց (քանատահայ արուեստագէտներու) մէկ հանդիպման, որ տեղի կ՛ունենար շաբաթը երկու անգամ` երեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յունական ճաշարանի մը մէջ: Թէեւ համաճարակին ընթացքին որոշ խախտումներ եղած են, սակայն այդ շահեկան հանդիպումները կը շարունակուին ցայսօր… առանց ընդմիջման:

Տարբեր տեսակի արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ առհասարակ մտաւորականներու այս համախմբումը պաշտօնական բնոյթ չունի եւ ոչ ալ որեւէ տեսակի յարանուանական կամ քաղաքական «գոյն» ունի: Տրուած ըլլալով, որ շուրջ չորս տասնամեակ առաջ հիմնուած է, անոր անդամներէն շատեր (Սարգիս Համալեան, Ժոզեֆ Մանտալեան, Յակոբ Անկալադեան, Կարօ Շամլեան, Մանուէլ Քէօսէեան, Լեւոն Գապագեան, Վրէժ Աճեմեան, Եղիա Պեքմազեան, Համբիկ Ժապուրեան) արդէն իսկ ոչ եւս են: Իսկ մնացեալները (Պետրոս Շուճունեան, Պերճ Չաքէճեան, Ժիրօ Զաքարեան, տոքթ. Օհան Թապաքեան, Եղիա Հաքիմեան, Գր. Ակոբեան, Պետիկ Չերքեզեան, Վարդան Ճապարեան, Պետրոս Երամեան, Արա Նահապետեան, Գառնիկ Պետրոսեան, Կարօ Մարկոսեան, Մկրտիչ Տարագչեան եւ այլն) կը շարունակեն այս գեղեցիկ աւանդոյթը` պարբերաբար նաեւ ինծի պէս կողմնակի հիւրեր ունենալով: Այս հանդիպումներուն կը քննարկուին ազգային, ընկերային եւ յատկապէս մշակութային հարցեր, որոնք առաւելաբար օրուան լուրերու հետ կապ ունեցող խնդիրներու շուրջ կը դառնան: Տեղի կ՛ունենան կարծիքներու փոխանակումներ` առանց բուռն ու անիմաստ վէճերու: Անոնք լսելու արուեստին կը տիրապետեն խօսելու «իրաւունք» ձեռք բերած ըլլալէ առաջ: Պէտք է ըսել, որ այս հանդիպումները, հետաքրքրական ըլլալէ անդին, միաժամանակ ուսանելի են ու շինիչ, յատկապէս` միասնականութեան առումով: Ահաւասիկ նմանօրինակ աշխուժ ու բեղմնաւոր մթնոլորտի մը մէջ էր, որ ծանօթացայ Պերճ Չաքէճեանին, որ աւելի լսելու տրամադրուած էր, քան` խօսելու: Իր զուսպ ու հանգիստ կեցուածքով առաջին օրէն իսկ ուշադրութիւնս գրաւեց, ու բնազդաբար հարց տուի իրեն. «Ինչո՞ւ աւելի կը լսէ, քան կը խօսի ու գրեթէ չի մասնակցիր զրոյցներուն»: Ան պատասխանեց.

– Բնութեան եւ կեանքի երեւոյթներն ու վիճակները ինծի համար տարբեր խորք ու տարածականութիւն (dimension) ունին: Եւ որովհետեւ կը դժուարանամ խօսքով արտայայտելու նուրբ զգացումներս, կը դիմեմ նկարչութեան, ուր ինքզինքս ազատ ու հանգիստ կը զգամ…
Ապա կէս կատակ կէս լուրջ աւելցուց.
– Իսկ եթէ կ՛ուզես գիտնալ, թէ ինչո՞ւ շատ կը լսեմ եւ քիչ կը խօսիմ, պէտք է որ գաս եւ գործերս տեսնես:
Գացի. իսկապէս անոր ստեղծագործութիւնները իրենց ոճով ու արտայայտչականութեամբ տարբեր էին: Տարբեր տեսակի գերիրապաշտութիւն (Surrialism) մը, ուր անհեթեթի (Absurdity) զգացողութիւնը գերակշռող է, այնպէս, ինչպէս ժամանակակից կեանքը կը թելադրէր… Նոյնիսկ երփնագրելու իր արհեստագիտութիւնը իւրայատուկ է: Ժամանակ ու յարատեւ աշխատանք պահանջող բաւականին խրթին արհեստագիտութիւն մը, որուն միջոցով ան իր ստեղծագործութիւնները կրցած էր օժտել այնպիսի լուսեղէն թափանցիկութեամբ, որ ակնդիրը ակամայ կ՛առաջնորդուի դէպի ոգեղինացած ոլորտ մը, ուր բնութիւնն ու կինը իրարու մերուած հանդէս կու գան «ստեղծագործական համանուագի» մը հանգոյն, եւ ուր ինքզինք «ազատ ու հանգիստ կը զգայ» արուեստագէտը:

Նոյն օրը ծանօթացայ նաեւ իր կողակիցին` Նայիրիին, ու պարզուեցաւ, թէ ան ոչ միայն Պերճի ներշնչման աղբիւրն է, այլ նաեւ` զինք խրախուսողը, առաջին ակնդիրն ու «քննադատը» ու իբրեւ այդպիսին` ճակատագրական դեր ունեցած է Պերճին ստեղծագործական կեանքին մէջ: Յիրաւի` իրար ամբողջացնող ներդաշնակ զոյգ մը…
Զարմացած էի, թէ ինչո՞ւ այս արուեստագէտը իր տաղանդին համապատասխան ո՛չ ճանաչում ունի եւ ո՛չ ալ անոր ստեղծագործութիւնները գնահատանքի կ՛արժանանան քանատական ցուցասրահներու կողմէ: Պերճը բացատրեց.
– Որոշ փորձեր եղած են, եւ որոշ քանակութեամբ նկարներ ալ` վաճառուած, սակայն որովհետեւ շատ դժուար է «կալըրիստներու» հետ գործ ունենալը, կնոջս հետ որոշած ենք հեռու մնալ նման տաղտկալի գործարքներէ… մանաւանդ որ երկուքս ալ նիւթապէս ապահովուած ենք: Ես կը նկարեմ ստեղծագործական բաւարարութիւն ստանալու եւ միայն այն պարագային, երբ ներքին մղում ունենամ աշխատելու: Թէեւ կ՛ուզեմ ցուցադրուիլ, սակայն որովհետեւ ինծի համար նկար վաճառելը անհրաժեշտութիւն չէ, այդ ուղղութեամբ կը դժուարանամ աշխատանք տանիլ… մանաւանդ այս տարիքէս ետք:
Այնքան վճռական ու հանգիստ կը խօսէր Պերճը, որ ես առարկելու տեղ չունէի: Այնուամենայնիւ, որովհետեւ իմ տուած բարձր գնահատանքներս ու բացատրութիւններս համոզիչ ու տրամաբանական գտաւ, ան համաձայնեցաւ նոր թափով շարունակել ստեղծագործել… Իր ինքնավստահութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու համար ակնարկ մըն ալ գրեցի ու հրատարակեցի «Ազդակ»-ի մէջ: Օրին տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը այդ գրութիւնը յայտնաբերած, տարած ու ցոյց տուած էր իրեն: Թէեւ ինք այսքանով բաւարարուած կը թուէր ըլլալ, սակայն ես հաւատալով իր տաղանդի ուժին` կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս համոզեմ զինք ու հանեմ միջազգային ասպարէզ: Ատկէ ետք սկսայ մօտէն հետեւիլ իր ստեղծագործական կեանքին, ու կարճ ժամանակի ընթացքին մենք մտերիմներ դարձանք: Երբ արդէն համոզուած էի, որ շահած եմ իր վստահութիւնը, առաջին հերթին առաջարկեցի հրատարակել պատկերագիրք մը, զոր իրականացուցինք 2016-ին: Ապա` երկու տարի ետք, կրցանք համոզել զինք` մասնակցելու համար «Red Dot-Spectrum Miami, FI USA.» միջազգային ցուցահանդէսին, ուր Պերճի արուեստի հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծ եղաւ, իրեն հետ կայացան հարցազրոյցներ, գրուեցան յօդուածներ (Նիւ Եորքէն` Քարոլ Քուրչի եւ Պուէնոս Այրեսէն` Մարիա Էլենա Պենէիթօ) եւ Մայամիէն վերադառնալէ ետք, Պերճը վերանորոգուած` նոր թափով սկսաւ ստեղծագործել: Յիշեալ ցուցահանդէսի յաջողութեան արդիւնքներէն մէկը եղաւ այն, որ Ծայրագոյն Արեւելքի տարածքին, մեր միւս արուեստագէտներուն զուգահեռ, սկսաւ ցուցադրուիլ ու անոնց նման գնահատուիլ: Խանդավառուած այս բացառիկ յաջողութենէն` վերջերս գործակցաբար հրատարակեցինք նաեւ անոր երկրորդ պատկերագիրքը` «Ստեղծագործական համանուագ» խորագրին տակ… անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Չաքէճեանի արուեստի բնոյթի եւ անոր ստեղծագործական կեանքի մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար յիշեալ պատկերագիրքի յառաջաբանը թարգմանաբար կու տանք ստորեւ.
Բնութեան Հեշտանքը` Իբրեւ Արուեստի
Բեղմնաւորման Բերկրանք
«Ամենաիմաստուն եւ ազնուագոյն ուսուցիչը ինքը` բնութիւնն է»
Լէոնարտօ Տա Վինչի
«Իր երաժշտականութիւնը ունի հողը` անոնց համար, որոնք ունակ են ունկնդրելու»
Ուիլիըմ Շէյքսփիր
Խօսքը կը վերաբերի առողջ, ինքնաբուխ ու կենսապարգեւ այն հեշտանքին, որ ազնուացնելէ ետք մարդու անասնական բնազդները, կը զգենու լրջամիտ ու ծանրակշիռ ծիսական տարողութիւն ու ստեղծագործական լիցք:
Հնագոյն քաղաքակրթութիւնները հեշտասիրութիւնը կը համարէին աստուածատուր ստեղծագործական «վայելք»: Անոնք կը հաւատային, որ աստուածները մշտնջենական հեշտասիրութեան մէջ են… Իսկ իբրեւ այդպիսին` մարդ արարածը միայն կեանքի բեղմնաւորման (fetility) ընթացքին կ՛ապրի հեշտանքի գերագոյն պահը ու կը մտնէ աստուածային ոլորտներու մէջ: Հին ատեն կը հաւատային նաեւ, որ բնութեան բոլոր տարրերը օժտուած են հեշտասիրութեան զգացողութեամբ, անձնաւորուած են ու պաշտուած, որոնց մէջ սակայն հիմնականը հողի աստուածութիւնն էր` Ամենամայրը: Եւ բնաւ պատահական չի կրնար ըլլալ, որ հին լատիներէնի մէջ natura բառը կ՛առնչուի «ծնունդ»-ին (birth) հետ, որուն շնորհիւ է, որ կը սկսին կեանքն ու անոր իմաստաւորումը:
Այնուամենայնիւ, սակայն, մայր բնութիւնը իր երեք տարածականութեամբ (dimension) կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ ժամանակի մէջ, ժամանակի հոսանքի ընթացքին, ուր անընդհատ ենթակայ է վերանորոգման ու վերաթարմացման, եւ այդ պատճառով նաեւ տեւական ստեղծագործական հեշտանքի մէջ կը թուի ըլլալ:
Իսկ, մայր բնութեան` բնազանցական (metaphysical) ճանաչողութիւնն ու անոր տարերային բանականութիւնը, երբ կը սաղմնաւորուին արուեստագէտի ներաշխարհէն ներս… իբրեւ ներշնչում ու տեսիլք, նախ կ՛իմաստաւորեն անոր կեանքի ծնունդը, եւ ապա կը դրսեւորուին իբրեւ ուրոյն ստեղծագործութիւն:
Այս խորհրդածութիւնները կ՛ունենանք, երբ մասնագիտական պրիսմակէ կը դիտենք եւ կ՛ուսումնասիրենք Պերճ Չաքէճեանի արուեստը` իր ստեղծագործական հոլովոյթի ընթացքին:
Եւ այսպէս,
Ստեղծագործելու տենչով վառուած այս արուեստագէտը ունի ներշնչման երկու աղբիւրներ` մայր բնութիւնն ու մայրանալու ընդունակ էակը: Ան բնութիւնը ճանչցած է իր տարերքին մէջ` սկսեալ հարաւի կիզիչ աւազուտներէն (ուր անցուցած է իր մանկապատանեկան կեանքը), մինչեւ հիւսիսի սառնամանիքները (ուր կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ մինչեւ օրս): Իսկ Էգը ճանչցած է առաւելաբար իր կողակիցին` Նայիրիին ընդմէջէն, որուն ընդհանրացուած կերպարը յաճախ կը պատկերուի «կոյս» բնութեան մէջ` իբրեւ Ամենամայր` մայր դիցուհի, որ ըլլայ իր «արտաքին հմայքով», թէ «ներքին ոգեղինականութեամբ» կ՛իմաստաւորէ ու կը մարմնաւորէ Mother Nature-ը իբրեւ` կեանքի բեղմնաւորման սկզբնաղբիւր: Այսպիսով, կինն ու բնութիւնը իրարու հետ եւ իրարու մէջ մերուած` կը կազմեն բողբոջած (germinate) ամբողջութիւն մը, անոնց արտաքին հմայքը կ՛ուժեղանայ ու կ՛ամբողջանայ` անոնց ներքին միասնական կշռոյթով ու ներդաշնակութեամբ: Այս երեւոյթը գոյութիւն ունի նոյնի՛սկ իր անկենդան բնութիւններու (still life) մէջ, ուր պատկերուած պտուղներն ու առարկաները եւս էրոթիկ տեսք, բովանդակութիւն ու արտայայտչականութիւն ունին:

Պերճ կրցած է թափանցել էգ կերպարի ներաշխարհէն ներս, կրցած է հասնիլ անոր էութեան դարպասներուն, ու իր սիրած ու պաշտած դիցուհին ընդելուզել իր սիրած ու պաշտած բնութեան հետ` օժտելով զայն կին էակի մարմնի տարբեր բարեմասնութիւններով (ինչպէս` ծիծերու, հեշտոցներու, յետոյքներու, ազդրերու եւ այլ արժանիքներով), որոնք առաւել եւս կ՛իմաստաւորուին ու կը գեղեցկացնեն բնաշխարհը… հետեւաբար նաեւ` կեանքը: Եթէ Պերճի պատկերած բնաշխարհը յաւիտենական հեշտանքի մէջ կը թուի ըլլալ, ապա անոր ընդհանրացուած կին կերպարները մերկ ու ցանկայարոյց ըլլալով հանդերձ, վայելուչ են իրենց կեցուածքով ու կիրթ` իրենց հեշտասիրութեամբ:
Անոնց իգական գրաւչութիւնն ու հմայքը ո՛չ մերկանդամ մարմնի արտաքին տեսքի մէջ է եւ ո՛չ ալ համարձակ ու պատրաստակամ ըլլալու սեռամոլական խառնուածքի, այլ` բարեձեւ մերկութեան մը ընդմէջէն դրսեւորուող, «ցանկասիրական» զուսպ արտայայտութեան մը մէջ, ուր Ամենամայրն ու մայր բնութիւնը ներդաշնակուած իրարու, կարծէք կը նախապատրաստեն կեանքի արարման ծիսական պահը, ուր ամէն ինչ խաղաղ է, ներդաշնակ ու հրապուրիչ: Չաքէճեանի պատկերած բնութեան համատարած անդորրութիւնն ու անոր հմայքը գեղարուեստական տառփալից գոհունակութիւն եւ հոգեկան խաղաղութիւն կը ներշնչեն արուեստասէր ակնդիրին… միաժամանակ:
Որովհետեւ`
Այս ուսումնատենչ արուեստագէտի գերագոյն ուսուցիչը կայ ու կը մնայ մայր բնութիւնը` իր կուսական երաժշտականութեամբ, զոր ընկալելու համար համապատասխան ունկնդիրի պէտք ունի:
Այնուամենայնիւ, ան վաւաշոտ մէկը չէ եղած ու չէ, Ռոտենի, Տալիի եւ կամ Էկոն Շիլի նման` այլ ամէնօրեայ ներշնչանքի մէջ եղող ստեղծագործող մըն է: Կ՛ապրի բնութեան մէջ, բնութեան հետ, այնպէս, ինչպէս կ՛ապրի իր կողակիցին` Նայիրիին հետ, որ իր բնորդուհին ու ներշնչման աղբիւրն է միաժամանակ: Անոնք յաճախ կ՛այցելեն բնութեան տեսարժան վայրերը (յատկապէս` գարնան ու աշնան եղանակներուն), կը հանդիպին միջատներու, թռչուններու եւ սիրունատես այլ կենդանիներու, որոնք կը մերուին միջավայրին, կ՛աւետեն բնութեան զարթօնք ու կը պայմանաւորեն կեանքի գոյատեւումը: Այն բոլոր երեւոյթները, որոնք կը խոչընդոտեն տեսարանի գեղեցկութիւնն ու կը խանգարեն միջավայրի անդորրութիւնը, չեն հետաքրքրեր զինք. ընդհակառակը, փախուստ կու տայ անոնցմէ: Այս բոլորով հանդերձ, ան վիպապաշտներու պէս չի ձգտիր բնութիւնը սրբագրելու եւ ոչ ալ կը պատկերէ այն, ինչ որ կը տեսնէ տպաւորապաշտներու նման, այլ կը կերտէ տարիներու ընթացքին իր երփներանգ պրիսմակին վրայ ջրդեղուած այն բնաշխարհը, ուր ամէն ինչ խաղաղ է, կենսունակ ու պայծառ… բոլորովին հեռո՜ւ կեանքի առօրեայ տաղտուկներէն, խժդժութիւններէն ու յատկապէս` վայրագութիւններէն… Այնուամենայնիւ, բնութեան երգիչ մը ըլլալէ առաջ` լուսապաշտ մը կը թուի ըլլալ Պերճ, որովհետեւ լոյսն ու առհասարակ լուսերանգները, իրենց թափանցիկութեամբ ու խորքով, ոչ միայն իրարու կը շաղկապեն բնութեան տարրերն ու Մայր դիցուհին, այլեւ իր գործերուն կը հաղորդեն փիլիսոփայական խորիմաստ բովանդակութիւն:
Չաքէճեանի մերկուհիները կատարեալին ձգտող ու իտէալականացուած դիցուհիներ չեն, այնպէս, ինչպէս հելլենիստական կամ Վերածնունդի շրջանի վարպետները կ՛ընէին… Անոնց կանացի հմայքն ու վայելչութիւնը նախ ներսէն կը բխին եւ ապա միայն կը տարածուին բնութեան ու առհասարակ կեանքին վրայ, որովհետեւ անոնք զուարճանքի համար սահմանուած էգեր եւ կամ աչքը շոյող սիրունատես պուպրիկներ չեն, այլ պարզապէս կը զգացուին անոնք ու «կ՛ապրուին» (themselves)` իբրեւ գեղեցկութիւն… բառի ամենալայն իմաստով: Ահաւասիկ հոս է, որ ի յայտ կու գայ տրամաբանութենէ դուրս գործող բնազդի զօրութիւնը, որ արուեստագէտը կը մղէ վերարտադրել այն, ինչ որ թելադրական է իր զգայական (sensual) ներաշխարհէն, ուր Մայր բնութիւնն ու Մայր դիցուհին միասնաբար կը պայմանաւորեն կեանքի գոյատեւումը, զոր կարելի չէ շփոթել լկտիութեան եւ կամ յատկապէս պոռնկագրութեան հետ:
Ի դէպ, անշփոթելի է նաեւ անոր երփնագրելու արհեստագիտութիւնը, որուն միջոցով ան կրցած է հասնիլ վրձնահարուածներու բիւրեղագոյն արտայայտչականութեան եւ նրբագոյն երանգաւորման: Չաքէճեանի արուեստը իր կատարողական բարձր մակարդակով եւ ուրոյն յղացքներով այնքան ինքնատիպ է ու տարբեր, որ դժուար թէ մէկը կարողանայ նմանակել կամ կեղծել այն: Ահա թէ ինչո՛ւ Չաքէճեան կը պատկանի գեղանկարիչներու այն տեսակին, որոնք այնքան ինքնատիպ են ու հզօր, որոնց ստեղծագործութիւնները ստորագրութեան պէտք չունին:
Պերճին արուեստը մեզ կը մղէ հաւատալու, որ ան սիրահարուած չէ կնոջ եւ բնութեան առանձին առանձին, այլ անոնք իրեն համար կը կազմեն ամբողջութիւն մը, որոնց գեղեցկութեամբ արբշիռ մշտական յափշտակութեան մէջ կը թուի ըլլալ. ու հակառակ անոր որ ան արդէն իսկ ութսունը անձ իր կեանքի հասունացման շրջանը կը բոլորէ, արբունքի մէջ եղող պատանիի մը խանդավառութեամբ կը շարունակէ ստեղծագործել: Պատմութիւնը շատ քիչ օրինակներ տուած է, որոնք երկար ապրելով հանդերձ, մինչեւ իրենց կեանքի վերջը շարունակած են ստեղծագործել` անընդհատ վերանորոգելով ու բիւրեղացնելով իրենք իրենց արուեստը: Այդպէս էր Հոքուզայը, այդպէս էին Միքէլանճելոն ու Փիքասոն. այդպէս է նաեւ Պերճ Չաքէճեանը:
Այսօր, երբ մարդ արարածը անխղճօրէն կը շարունակէ փճացնել մայր բնութիւնն ու կ՛աղաւաղէ կնոջ վսեմագոյն կերպարը, Պերճ իր արուեստով զգաստութեան կը հրաւիրէ մեզ` դրսեւորելով բնութեան եւ կնոջ միասնական գեղեցկութիւնն ու անոնց կենսական դերը կեանքին մէջ:
Այսօր, երբ կնոջ իրաւունքները կը շարունակեն ոտնահարել, Չաքէճեան իր արուեստով հանդէս կու գայ նաեւ իբրեւ կնոջ պաշտպան եւ անոր հմայքը գնահատող ու դրսեւորող արուեստագէտ:
Երեւան, սեպտեմբեր 2025