Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի 9-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբերը մեզի համար առանձնայատուկ է անով, որ այս ամիս հռչակուած Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնները: Ընթերցողին ներկայացուող «Դրօշակ»-ի այս տարուան 9-րդ թիւին մէջ կը գերակշռէ անդրադարձը ինքնին այս իրադարձութիւնններուն, մասնաւորաբար` բռնագրաւուած Արցախի եւ բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայութեան ճակատագիրին:

«Դրօշակ»-ի հեղինակները այս հարցին մօտեցած են տարբեր տեսանկիւններէ, մասնաւորաբար քննութեան առարկայ դարձուցած են վերադարձի իրաւունքը` իբրեւ միջազգայնօրէն ամրագրուած պահանջ:

Մշակութաբան Արմինէ Տիգրանեանը ծաւալուն վերլուծութեամբ կ՛անդրադառնայ Արցախի պատմական ժառանգութեան ոչնչացման խնդրին` հարցը քննելով միջազգային իրաւունքի լոյսին ներքոյ:

Մինչ Մանուէլ Մկրտչեանը անկախութեան հարցը կը քննէ հասարակութեան ընկալման տեսանկիւնէ, ապա Մարգարիտա Խաչատրեանի յօդուածը վերնագրուած է «Հայոց պետականութեան իտէալը Համաստեղի «Սպիտակ ձիաւորը» դիւցազնավէպում»:

Թիւին մէջ տեղ ունի նաեւ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վտանգաւոր նիւթերով հարուստ պոչամբարներու վերաբերեալ լրագրող Արմէն Վարդանեանի ուսումնասիրութիւնը:

«Դրօշակ»-ի մէջ կը շարունակէ գերիշխել մտահոգութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան լոյսին տակ Արցախի ու արցախցիներուն խնդրի կողքին, այսօր նաեւ այն մարտահրաւէրներուն համար, որոնց դիմաց կանգնած է Հայաստանը:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը կրնաք կարդալ` սեղմելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/10/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-9-2025%D5%A9.pdf

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ընտրութիւնը Բոլորինս Ու Իւրաքանչիւրինս Է

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Ընտրութիւնը Բոլորինս Ու Իւրաքանչիւրինս Է
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ընտրութիւնը Բոլորինս Ու Իւրաքանչիւրինս Է

Հոկտեմբեր 6, 2025
Պերճ Չաքէճեան (ԽԱ.)  «Ստեղծագործական Համանուագ…»
Անդրադարձ

Պերճ Չաքէճեան (ԽԱ.) «Ստեղծագործական Համանուագ…»

Հոկտեմբեր 6, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Քիմըլ Յաղթական, Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Պարտեա՞լ

Հոկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?