ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Շաբաթ եւ կիրակի, 21-22 մայիս 2022-ին, կաթողիկոսանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում`
Ձեռամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆԻ
(Առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին)
Կուսակրօն քահանայ պիտի ձեռնադրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի աւարտական դասարանի աշակերտներէն`
ՀՐԱԿ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ
ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԷՀՃԵԱՆ
ՆԱՐԵԿ ՍՐԿ. ՖԻԼԻՔԵԱՆ
Շաբաթ, 21 մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին պիտի կատարուի ընծայեալներու կոչման արարողութիւն:
Իսկ կիրակի, 22 մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ ձեռնադրութեան արարողութիւնը:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեալ հոգեպարար արարողութեանց աղօթակից ըլլալու նորընծայեալներուն, որպէսզի անոնք իրենց կոչումին մէջ ըլլան հաստատ, հաւատքին մէջ` անսասան եւ առաքելութեան մէջ` ծաղկուն:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Հատի եւ Նանոր Եփրեմեան-Մանսուր
բախտաւորուած են առջինեկ աղջիկ զաւակով մը`
ՄԱՔԻԱ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Ապու Տապի
16 մայիս 2022
—————————————
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔ
Հովանաւորութեամբ` ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Նախագահութեամբ` ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻՆ
Կազմակերպութեամբ ` ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԿԻՐԱԿԻ, 29 ՄԱՅԻՍ 2022-ին,
կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին,
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
ՀՐԱՒԷՐ

