Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Ականջի Ընդոծին Տձեւութիւն Եւ Լսողութեան Կորուստ

Մայիս 20, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Արտաքին ականջի ընդոծին տձեւութիւնները,  համաձայն իրենց տարողութեան, կը յառաջացնեն որոշ աստիճանի լսողութեան տկարութիւններ:

Արտաքին ականջի տձեւութիւնները հասկնալու համար հարկ է, որ հասկնանք անոր կազմաւորումը: Յղութեան ընթացքին սաղմի կազմաւորման հետ տեղի կ՛ունենան` ականջի կազմաւորումը, աճը եւ զարգացումը: Ականջի կազմաւորումը փուլային է: Ան կը սկսի յղութեան երրորդ շաբաթը եւ իր լրումին կը հասնի յղութեան եօթներորդ ամսուան վերջաւորութեան:

Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ` արտաքին, միջին եւ ներքին: Այս երեք բաժիններու կազմաւորումը կը սկսի միասնաբար, սակայն անոնց ամբողջացումը տեղի կ՛ունենայ տարբեր ժամանակներու: Նախ կ՛ամբողջանայ ներքին ականջը, ապա անոր կը հետեւի միջին ականջը եւ վերջապէս` արտաքին ականջը: Ներքին ականջին  կազմաւորումը տեղի կ’ունենայ բոլորովին տարբեր վայրէ, քան` միջին եւ արտաքին ականջը, որոնք կը կազմաւորուին միեւնոյն վայրին մէջ:

Ականջի երեք բաժինները

Որովհետեւ ականջի երեք բաժիններու կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ՛ունենան հանգրուանային ձեւով եւ տարբեր կեդրոններէ, ականջի անբնական-տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթները կրնան յայտնուիլ ամբողջութեամբ, կամ մասնակի: Ականջի տձեւութիւնները կրնան ըլլալ միակողմանի եւ կամ երկկողմանի:

Արտաքին ականջի անբնական երեւոյթները ընդոծին են, այսինքն անոնք կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այս տձեւութիւններն են`

1.- Ականջեղ (macrotia), որ կը նշանակէ մեծ ականջակոնք (pinna):

2.- Ականջուկ (microtia), որ կը նշանակէ պզտիկ ականջակոնք:

3.- Բազմականջութիւն` ականջակոնքին առջեւ մէկէ աւելի աճառային պզտիկ գնդիկներու հաւաքածոյ:

Ականջի ընդոծին տձեւութիւն

4.- Ցցուն-տնկուած ականջակոնք (lop ear):

5.- Կրկնակի բլթակ (double earlobe) եւ կամ ճեղքուած բլթակ (bifid earlobe):

Ականջի կրկնաբլթակ

6.- Այլանդակ արտաքին ականջ` աղաւաղուած ձեւ եւ տեսք, ուր ականջակոնքը մասնակի կամ ամբողջովին խցած կ՛ըլլայ անցուղին, եւ ան տեսանելի չ՛ըլլար:

Ականջի ընդոծին տձեւութիւն
Ականջի ընդոծին տձեւութիւն

7.- Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն, ուր անցուղին նշմարելի չ՛ըլլար:

8.- Անցուղիի նեղացում (stricture), խցում եւ անցուղիի բացակայութիւն` անանցկութիւն (atresia):

9.- Թմբկաթաղանդի անբնական կազմուածք եւ բացակայութիւն:

Ականջի ընդոծին տձեւութիւն

Վերջին չորս տձեւութիւնները կը յառաջացնեն մնայուն եւ անփոփոխելի զանազան աստիճանի լսողութեան տկարացումներ, որոնք հետեւանքն են արտաքին աշխարհի ձայներու ոչ ամբողջական փոխանցման դէպի միջին ականջ:

Արտաքին ականջի տձեւութիւն ունեցող մանուկներու ծնողներէն շատերը կ՛ըսեն, որ իրենց զաւկին տկար լսողութիւնը տարիներու ընթացքին աւելի վատթարացած է: Այս ենթադրութիւնը հետեւանքն է մանուկին աճումին զուգահեռ` անոր լսողութեան պէտքերուն բազմապատկուելուն եւ միջին ու ներքին ականջի այլ հիւանդութիւններու յառաջացման:

Մանուկին լեզուական զարգացումը կախեալ է հիմնականօրէն անոր լսողութեան հետ: Անոր տկար լսողութեան պատճառով լեզուական զարգացումը անբնական ձեւով կը զարգանայ: Ականջակոնքի ընդոծին տձեւութիւն եւ անցուղիի անանցկութիւն ունեցող մանուկը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ կանուխէն, որովհետեւ ան կ՛ունենայ անբնական լեզուական զարգացում:

Արտաքին ականջի տձեւութիւնները կը դարմանուին վիրաբուժական գործողութեամբ եւ, հետեւաբար, լսողութիւնը կը դառնայ բնական, քանի որ արտաքին աշխարհի ձայներու փոխանցումը դէպի ականջաթմբուկ եւ միջին ականջ կ՛ըլլայ ամբողջական ու լրիւ: Այս տձեւութիւններու վերացումը կ՛ըլլայ մէկ եւ կամ մէկէ աւելի վիրաբուժական միջամտութիւններով: Այլ խօսքով, վիրաբուժական միջամտութիւնը կ՛ըլլայ փուլային` հիմնուելով տձեւութեան տարողութեան եւ ձեւին վրայ: Ընդհանրապէս մէկէ աւելի միջամտութիւններ կը կատարուին: Շատ հազուադէպ պարագայի միայն մէկ վիրաբուժութեամբ կը վերանայ տձեւութիւնը, եւ կը վերականգնի բնական լսողութիւնը: Երկու ականջներուն միատեղ տձեւութիւնները, որոնք կը պատահին երկու ականջներուն լսողութեան տկարացումով, վերանալու են կանուխ, որպէսզի վերականգնի երկու ականջներուն լսողութիւնը: Իսկ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է յետաձգել աւելի ուշ տարիքի, որովհետեւ մանուկը կ՛ունենայ երեւութապէս բնական լսողութիւն. այլ խօսքով, լսողութեան տկարացումը զգալի չ՛ըլլար:

Աղջիկներու մօտ եւ մանաւանդ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է քանի մը տարիով յետաձգել, որովնետեւ անոնց երկար մազերը կը ծածկեն ականջի տձեւութիւնը: իսկ տղոց մօտ նոյնիսկ միակողմանի տձեւութիւնը պէտք է վերացուի կանուխ, որպէսզի մանուկին մէջ հոգեբանական վերիվայրումներ տեղի չունենան:

Մանր տձեւութիւններու վերացումը երկու սեռերուն մօտ պարտաւորիչ չէ: Անոնք ոչ մէկ ձեւով լսողութեան տկարացում կը յառաջացնեն: Անոնց վերացումը պայմանաւորուած է միայն գեղագիտական պատճառներով:

Տարիներ առաջ դարմանատունս այցելած էր 25 տարեկան աղջիկ մը, որ կը գանգատէր իր միակողմանի ականջակոնքի այլանդակ տձեւութիւնէն եւ լսողութեան տկարացումէն: Յետ լսողութեան մանրակրկիտ քննութեան եւ արտաքին ականջի Ք ճառագայթային նկարումի, ախտաճանաչումս եղաւ հետեւեալը.  ականջակոնքի միակողմանի ընդոծին տձեւութիւն, անցուղիի ամբողջական խցում, միջին ականջի առաջին երկու ոսկրիկներու` մուրճի եւ սալի միաձուլում-անշարժութիւն,  ինչպէս նաեւ` 50 տոկոսով լսողութեան փոխանցման տկարացում:

Ականջակոնքի տձեւութիւն գործողութենէն առաջ
Ականջակոնքը գործողութենէն ետք

Ենթակային բացատրելէ ետք, որ իր ականջի ընդոծին տձեւութեան եւ լսողութեան տկարութեան միակ դարմանամիջոցը վիրաբուժական գործողութիւնն էր, ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժական նուրբ գործողութեան մը, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Ենթական ունեցաւ երեւութապէս բնական ականջակոնք եւ անցուղի ու անջատ, շարժուն երկու ոսկրիկներ: Վիրաբուժական այս փոփոխութիւններուն շնորհիւ անոր լսողութիւնը 70 տոկոս բարելաւում արձանագրեց:

Մոնրէալ, 9 փետրուար 2022

 

 

Նախորդը

Հնագոյն Գիւտը, Որ Հրահրեց Խաղը

Յաջորդը

Մանրապատումներ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Արդեօ՞ք Մարդիկ «Կապուած Են» Ատելութեան, Եւ Եթէ` Այո՛, Ապա Ինչո՞ւ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Արդեօ՞ք Մարդիկ «Կապուած Են» Ատելութեան, Եւ Եթէ` Այո՛, Ապա Ինչո՞ւ

Յունիս 21, 2022
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յունիս 7, 2022
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Մայիս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In