Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնագոյն Գիւտը, Որ Հրահրեց Խաղը

Մայիս 20, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Նախնադարեան ժամանակներէն մարդիկ ունեցած են խաղալու ձգտում եւ ատիկա կատարելու համար գործածած են  իրենց անմիջական շրջապատին մէջ գտնուող իրեր, երբեմն ալ իրենք բաներ մը հնարած են: Դարերու թաւալումին հետ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս ժամանցի համար ստեղծուած  խաղերը, դաստիարակչական բնոյթ ունեցող խաղեր, երկրորդական կը դասուին` տեղի տալով վայրագ խաղերու, իրենց ամէնէն վատ եւ վնասակար դրսեւորումներով: Որքա՜ն ճիշդ ըսուած է. «Մանուկներու այսօրուան խաղալիքները վաղուան զէնքերն են»: Ամէն պարագայի, բրիտանական «Ֆիւչըր» կայքը հրապարակած  է հետաքրքրական յօդուած մը`  հնագոյն գիւտի մասին, որ հրհարած  է խաղը:

 Ն.

Պատահականութիւն ստեղծելու ունակութիւնը բարդ գաղափար է, որ հիմնուած է պարզ գիւտի վրայ, որ մեզի տուած է խաղ, բախտախաղ եւ թերեւս նոյնիսկ` ծիսակարգ:

Երբ կրակարանին մէջ կրակը կը նուազի, ընտանիք մը կ՛ընտրէ իր ճաշին մնացորդները, պրպտելով ոսկորները` մնացած կտոր մը միսի համար: Այդ մօտաւորապէս Քրիստոսէ առաջ 3000 թուականն է Սքարա Պրէյի մէջ, նախնադարեան փոքր բնակավայր մը, որ կը գտնուի Սկովտիոյ արեւմտեան ափին: Այս մարդիկ կ՛ապրին յարմարաւէտ կենցաղով, եւ անոնք ժամանակ ունին զուարճանալու: Ճաշէն բաւարարուած` անոնք պահ մը կը տրամադրեն հաճոյք ստանալու համար:

Ընտանիքին անդամներէն մէկը կը գտնէ վէգ մը (անասուններու ոտքի թաթի ոսկոր), խորտուբորթ, մանրապատկերի չափով, եւ այն օդը  կը նետէ սենեակին մէջ: Ուրիշ մը կը հաւաքէ քանի մը վէգ իր կազմած աշտարակին մեջ դնելու համար: Շուտով կանոնները կը կազմուին. կէտեր կը շահին ոսկորը թիրախին ամէնէն մօտ էջք կատարելու, բաժակի մէջ ամէնէն շատ մատով հարուածելու կամ հակառակորդի աշտարակը բախելու համար: Ժամանակակից նման խաղերը բոլորը հիմնուած են նոյն գաղափարին վրայ: Հազարամեակներ շարունակ մենք շրջած ենք իրեր` զուարճանալու համար:

Այս մեր Սքարա Պրէյ ընտանիքը առաջինը չէր, որ կը խաղար վէգերով: Պատմութեան ընթացքին մենք ունինք վէգերով խաղերու օրինակներ: Բայց այն, որ անոնք կ’ընեն, չունի աւելի կանուխ օրինակներ: Անոնք ոսկորներուն կողերը կէտերով կը թուագրէին :

Ոչխարի վէգով կը խաղային` զայն գլորելով

«Եթէ դուք մտնէիք այս տունը, երբ անոնք քնացած էին, եւ դասաւորէիք ընտանիքին ունեցուածքը, որ կրնայ բաժնուիլ երկու կոյտի. իրեր, որոնք գիտենք` ի՛նչ նպատակի համար կը գործածուին, ուրիշներ` չենք գիտեր: Այս «չենք գիտեր» կողմին մէջ տարօրինակ առարկաներ են` հարթ, փորագրուած քարէ գնդակներ, օրինակ` հաւանաբար զէնքեր կամ կարգավիճակի խորհրդանիշներ, եւ` քանի մը այլ զարդարուած քարեր, որոնք կրնային ըլլալ «գնահատուած անձնական ունեցուածք»,- կը գրէ բրիտանացի հնագէտ Անտոնիա Թոմաս:

«Գիտեմ» կողմին մէջ փորագրուած կ՛ըլլան փայտէ բաժակներ, խեցեղէնի կտորներ եւ թուագրուած ոսկորները: Այս ոսկորները նարտ խաղալու 5000 տարուան զառեր են, որոնց ձեւը եւ  նպատակը գործնականին մէջ նոյպէս մնացած են մինչեւ այսօր: Ժամանակակից մարդը անմիջապէս կը գիտնար` ինչպէ՛ս գործածել ատոնք:

Թէեւ վէգերը կրնային առանձին զուարճացնել, սակայն անոնց կողերուն վրայ թուագրումը ստեղծեց խաղային կարելիութիւններու ամբողջ նոր աշխարհ մը: Զառերը պատահական թիւերու սկզբնական արտադրիչներն էին. անոնք հնարաւորութիւն ստեղծած են:

Զառերը իւրայատուկ համաշխարհային են: Աւելի յաճախ, Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա, կողերը կը թուագրուին ոչ թէ թիւերով, այլ` կէտերով, ինչպէս Սքարա Պրէյի մէջ յայտնաբերուած երկուքը: Հազարամեակներու ընթացքին կէտադրուած զառերը մնացած են անփոփոխ:

Ոչ ոք գիտէ, թէ ուրկէ՛ եւ ե՛րբ կու գայ զառին հակառակ կողմերը թուագրելու սովորութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր հակառակ զոյգ գումարուի մինչեւ եօթը:

Բրիտանական թանգարանի միջագետքեան լեզուի եւ մշակոյթի հարցերու բանասէր Իրուինկ Ֆինքել կ՛ենթադրէ, թէ մարդիկ կրնային մտածել, որ այս զառերը «արդար» կը դարձնեն, թէեւ չկայ գիտական պատճառ մը, թէ ինչո՞ւ:

Ինչ որ ալ ըլլայ տրամաբանութիւնը, աւանդութիւնը մնացած է, եւ պատմութեան ընթացքին վեցակողմ զառերու գրեթէ բոլոր օրինակները ունին հակադիր դէմքեր, որոնք կը գումարուին եօթնի:

Առաջին զառերը գրեթէ անշուշտ վեց կողմ չունէին: Իրականութեան մէջ հանգուցային զառերը կրնային գլորուիլ «այո» եւ «ոչ» հարցումներու համար` նախքան թուագրուիլը, եւ երկու աւելի մեծ, հարթ կողմերը արդիւնքը ցոյց կու տան: Թերեւս մէկ կողմը ածուխ քսուած կ’ըլլար, որպէսզի մէկուն դէմքը սեւ ըլլար, միւսը` սպիտակ:

Նոյնպէս կան այլ յաւակնորդներ` ամէնէն նախնական զառերու համար. հին Եգիպտոսի մէջ մօտաւորապէս միժամանակ գործածուած են երկկողմանի ձողիկներ, որոնք շատոնց կը նախորդէին վեցակողմ զառերու պատրաստութեան, իսկ քառակողմ բուրգերը կը գործածուէին Միջին Արեւելքի մէջ:

Յստակ գիտնալը, թէ զառերով որ խաղերը առաջինը եղած են, անկարելի է, եթէ նիւթերը քանդակուած չեն քարի կամ ոսկորի մէջ:

Ամէնէն հին խաղերէն մէկը կը կոչուի «20 քառակուսիներ»: Խաղացողները 20 քառակուսիներու տախտակի վրայ կը յառաջացնեն ձիու փոքր լանջեր, որոնցմէ քանի մը հատը ապահով են, ուրիշներ կը բաժնուին մրցակիցին հետ` կարելիութիւն տալով զանոնք ետ ուղարկել իրենց մեկնարկային տեղը: Խաղը կը նմանցնեն նարտի:

Այս խաղի տարբերակները գտնուած են հիւսիսային Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Հնդկական թերակղզիին մէջ: Անոր ամէնէն նշանաւոր օրինակն է Արքայական Ուր խաղը, որ կոչուած է Միջագետքի մէջ (այժմ` Իրաք) հնագոյն քաղաքի անունով: Ուր խաղին տախտակը, որ զարդարուած է ծովախեցիէ պատրաստուած խճանկարով եւ կը խաղցուի բրգաձեւ զառով, կու գայ Քրիստոսէ առաջ 3000 թուականէն եւ կը ցուցադրուի Բրիտանական թանգարանին մէջ: Մասնագէտներ վերջերս բացայայտեցին անոր կանոնները:

Մօտաւորապէս նոյն ժամանակ Եգիպտոսի մէջ տարածուած է այլ խաղ մը, որ կը կոչուի Սենետ: Քանի մը լաւ պահպանուած տախտակներ յայտնաբերուած են փարաւոններու գերեզմաններու մէջ եւ պատկերուած` պատի նկարներու մէջ:

Բայց, ըստ ուսումնասիրողներու, նման խաղերը միայն արքայական ընտանիքներու մէջ տարածուած չէին:

Ուր խաղի  տախտակը նրբագեղ է, բայց պարզ տախտակները քերծուած են քարի կամ նոյնիսկ գետնի վրայ: Դժուար է գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս այս խաղերու աւելի կանուխ տարբերակները զարգացած են: Եթէ անոնք խաղցուած են գետնի վրայ խճաքարերով, ուրեմն հարուստներու համար պատրաստուած  թաղման պալատներու մէջ մնացած տախտակները եւ պատերու նկարազարդումները կ՛ապահովեն լաւագոյն նիւթերը` ուսումնասիրութեան համար:

Նման բաները ի յայտ կու գան միայն հին քաղաքակրթութիւններու մէջ, ինչպիսիք են` Եգիպտոսը, Ուրը եւ  ներկայիս Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի շրջակայքին մէջ գտնուող հովիտը:

Արքայական Ուր խաղը (2600-2300 ՆՔ) 20 քառակուսի խաղի հիանալի օրինակ է եւ կը պարունակէ չորս կողմով զառ

Քրիստոսէ առաջ երրորդ հազարամեակի աւելի կանուխ օրինակները կը դառնան վիճելի: Ափրիկէի, Արաբիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ յայտնաբերուած երկար շարքերով փորագրուած քարեր կան, որոնցմէ քանի մը հատը կը թուագրուին. 7000-էն մինչեւ 9000 թուականները` նախքան Քրիստոս: Անոնք նմանցուած են ժամանակակից ափրիկեան խաղի, որ կը կոչուի մանկալա, որուն ընթացքին երկու խաղացողներ խճանկարներ կը տեղադրեն անցքերու միջեւ:

Մանկալա խաղատախտակի այս ժամանակակից օրինակը կու գայ Ուկանտայէն

Անկարելի է ըսել, թէ արդեօ՞ք այս անցքերը մանկալայի առաջին տարբերակներն են, քանի որ խաղաքարերը չեն մնար: Այս տախտակներու եւ ամէնէն կանուխ իրական սեղանի խաղերու  միջեւ 3500 տարի ոչինչ կար: Այդ շատ քիչ հաւանական է:

Աւելի հաւանական է, որ անոնք խաղեր ըլլան, քան` որեւէ այլ բան: Ոմանք կ՛ըսեն, որ ատոնք առաջին հաշուիչներու տեսակ են կամ գործածուած են ծէսերու մէջ: Այդ կարելի է: Բայց պեղումներ եղած են Իսրայէլի հարաւը գտնուող Արատի մէջ, ուր բազմաթիւ տուներու մէջ եղած է այս պատրաստուած տախտակներէն մէկը , զուգահեռ փոսիկներով: Թերեւս բնակիչները պարզապէս նստած են այնտեղ եւ ամբողջ օրը` հաշիւներ ըրած, բայց մասնագէտներէն ոմանք կը կարծեն, որ  այդ զուարճանքի համար էր:

Քրիստոսէ առաջ 7000-էն մինչեւ 2500 թուականներու միջեւ որեւէ այլ բան եղա՞ծ է, որպէսզի տարածուին խաղերը` ամբողջ երկրին մէջ, խճաքարերով մրցարշաւէն մինչեւ թագաւորական ընտանիքի անդամներ վայելող սեղանի խաղեր:

Վերջերս գտածոն որոշ հնագէտներու կողմէ առաջարկուած է որպէս բարդ ռազմավարական խաղ, որ կը թուագրուի այս ժամանակաշրջաններու միջեւ: Մինչ ոմանք կ’ըսեն, թէ «Շուներ եւ խոզեր» անունով այս խաղը կարծես թէ բաղկացած է երկու տասնեակ քարեղէն տարբեր իրերէ, ներառեալ` որոշ բուրգեր, փոքր խոզեր եւ շան գլուխներ: Իրերը յայտնաբերուած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող գերեզմանէ մը, որ կը թուագրուի շուրջ 3000 թուական Քրիստոսէ առաջ:

Թանգարանին մէջ անոնք կը տեղադրեն ճատրակի տախտակի վրայ: Այն փաստը, որ այս կտորները միասին յայտնաբերուած են գերեզմանին մէջ, չի նշանակեր, որ անոնք միասին եղած են մինչեւ  գերեզմանին մէջ ըլլալը: Թերեւս քանի մը հոգի այդ կտորները այնտեղ դրած են: Թաղուած անձը քարտաշ էր,  եւ այս իր արտադրած կտորներու տեսակն է:

Ենթադրելով, թէ քարերը խաղացած են ճատրակի նման, չափազանցութիւն է:Սենետի եւ մանկալայի նման խաղերը կը ներառեն պարզ հաշուիչներու մրցում: Ճատրակը ունէր նորամուծութիւններ, որոնց զարգացման համար հազարաւոր տարիներ կը պահանջուէին:

Որոշ հնագէտներ կ՛ենթադրեն, թէ մանկալան խաղացած են հազարաւոր տարիներ առաջ` հիմնուելով քարերու վրայ յայտնաբերուած անցքերու վրայ, բայց ասոր մասին քիչ այլ ապացոյցներ կան, եւ ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ կանոններով խաղացած են այն: Խաղերը, որոնք մենք գիտենք, որ խաղացած են Քրիստոսէ առաջ երկրորդ եւ երրորդ հազարամեակներուն, երկու ընդհանուր բան ունին. անոնց պէտք էին զառեր, եւ ատոնք երկու խաղացողի համար էին:

Ամէնէն առաջին խաղերէն երկուքը, որոնք մենք գիտենք, չեն գործածած զառախաղ Կօ(150թուական Ք.Ա.) եւ ճատրակը (վեցերորդ դար Ք.Ա.): Ճատրակը նոյնպէս նորութիւն բերաւ. խաղաքարերը կրնային տարբեր շարժումներ կատարել:

Ինչո՞ւ այդքան ժամանակ պահանջուեցաւ զառերու վրայ հիմնուած խաղերէն հեռանալու համար: Հնագէտներ կը կարծեն, թէ  այդ կրնայ ըլլալ այն պատճառով, որ մեր թուաբանական ունակութիւնները այնքան ալ բարդ չէին: Քիչ հաւանական կը թուի, որ Քրիստոսէ առաջ 7000 թուականին անոնք կարողացան մշակել վերացական թուաբանական մտածողութեան նման հայեցակարգ:

Ոմանք կը նշեն, որ եթէ այն ժամանակ գիտակցութիւնը զարգացած չըլլար, ինչպէս հիմա, մենք չէինք կրնար  պատկերացնել խաղեր, որոնք կախուած չեն պատահականութենէ: Ամերիկացի հոգեբան Ճուլիան Ճէյնս 1970-ականներուն յայտարարեց, որ տակաւին հին յոյները կը հաւատային, որ իրենք կ՛առաջնորդուին աստուածային միջամտութեամբ:

«Ճէյնսի գիտակցութեան սահմանումը յստակ է եւ նեղ»,- կ՛ըսէ բրիտանացի հոգեբան եւ Ճէյնսի գաղափարներու շարք մը քննադատություններու հեղինակ Անտրէա Քաւաննա: Ճէյնս կը հաւատար, որ թէեւ մարդիկ կը կարողանան խօսիլ, դատել, տրամաբանել, լուծել խնդիրները եւ ընել շատ բաներ, որոնք մենք կը կապենք բանականութեան հետ սակայն, անոնք գիտակից չէին:

Եգիպտական այս խաղատուփը, Քրիստոսէ առաջ 1400-1200 թուականներուն, վրան ունի սենետ տախտակ եւ 20 քառակուսի տախտակ տակը

Արդեօ՞ք ճատրակի գիւտը կը նշէ այն կէտը, որ խաղը հնարուած է, երբ փոխուած է մարդկային մտածողութիւնը: Ճատրակը  աշխարհ չեկաւ ամբողջովին ձեւաւորուած, եւ կանոններու առաջին օրինակները կը յուշեն, որ անիկա տակաւին կը հենի պատահականութեան վրայ:

Խաղի մը մէջ փոփոխութիւնը կրնայ արտացոլացնել
քաղաքակրթական արժէքներու փոփոխութիւն մը

1283 թուականի սպանական Libro de los Juegos (Խաղերու գիրք) հատորը խաղերու վերաբերեալ ամէնէն կանուխ  հրատարակութիւններէն մէկն է եւ կը նկարագրէ ճատրակ խաղալու տասնեակ մը եղանակներ, ներառեալ` չորս խաղացողներու  խաղը, որ կը պահանջէր զառեր: Գիրքին մէջ ոչ մէկ յիշատակում կար թագուհիի մասին: Թագուհին աւելի ուշ ներկայացուած է, կամ պարզապէս չէ գործածուած Սպանիոյ մէջ: Սեղանի խաղերու առաջին գիրքերէն մէկը չի յիշատակեր ճատրակի թագուհին:

Ֆ.Տանաուէյ եւ Ս. Մաքքուին «Թոմաս Քրաուն Էֆեր» ժապաւէնին մէջ

Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ կիներու առաջնորդութեան վերելքը փոխեց այդ կերպարին ուժը»,- կ՛ըսէ Մերի Ֆլանական` «Քննադատական խաղ» գիրքի հեղինակ եւ  Միացեալ Նահանգներու Տարթմութ համալսարանի շարժապատկերի ուսումնասիրութիւններու դասախօս: Խաղի մը փոփոխութիւնը կրնայ արտացոլացնել մշակութային արժէքներու փոփոխութիւնը: Այդ այն դէպքն էր, երբ խաղին մէջ թագաւորը նախապէս  ամէնէն հզօրն էր, իսկ յետոյ` թագուհին:

Պատահականութեան ստեղծումը էական էր համակարգուած խաղի մեկնարկի համար եւ յառաջացուց խաղեր, որոնք մեզմէ իւրաքանչիւրը կը գիտնար ինչպէս խաղալ այսօր: Բայց առանց պատահականութեան խաղալ մշակելը աւելի շատ հնարաւորութիւններ բացաւ: Թերեւս ատով ամէն բան կայ: Մարդիկ միշտ նոր միջոցներ ստեղծած են զուարճանալու համար:

Նախորդը

Սփիւռքի Տարի 2022. Լիբանանահայը` Քանատահայ – 1 Կարօտ

Յաջորդը

Արտաքին Ականջի Ընդոծին Տձեւութիւն Եւ Լսողութեան Կորուստ

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?