Նիւթ.- Ելեկտրական հոսանք ապահովել ընտրական կեդրոններուն` կիրակի 15 մայիս 2022¬ին:
Տրուած ըլլալով, 15 մայիս 2022¬ին տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ, եւ ելեկտրական հոսանքի տագնապին, մազութի սղութեան ու զայն ապահովելու դժուարութեան պատճառով կրճատած էք ձեր շարժակներուն աշխատանքի ժամերը:
Միւս կողմէ, նկատի առնելով անհրաժեշտութիւնը, որ առանց ընդհատումի ելեկտրական հոսանք ապահովուի Պուրճ Համուտի մէջ բոլոր ընտրական կեդրոններուն:
Ուստի,
Սոյն գրութեամբ ձեզի կը փոխանցենք, թէ Պուրճ Համուտի տարածքին մէջ աշխատող ելեկտրածին շարժակներէն անընդհատ հոսանք պէտք է ապահովել կիրակի, 15 մայիս 2022¬ի առաւօտեան ժամը 5:30¬էն մինչեւ կէս գիշեր:
Ձեզմէ նաեւ կը պահանջուի պատրաստ պահել ձեր նորոգութեան խմբակները եւ ապահովել պահեստի շարժակ մը, եթէ կարելի է, կանխարգիլելու համար ընտրական օրուան ընթացքին հոսանքի որեւէ ընդհատում:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
9 մայիս 2022