«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները երէկ, 9 մայիսին ծաղիկներ զետեղած են Ազատութեան պողոտայ – Բաբայեան փողոցի խաչմերուկին գտնուող Շուշիի յուշասիւնին մօտ:
Այնուհետեւ անոնք այցելած են Եռաբլուր, յարգանքի տուրք մատուցած հայրենիքի համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, իսկ «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ ծաղիկներ զետեղած անմար կրակին մօտ:


