Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն` Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի

Ապրիլ 29, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլ 24-ին  Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը տարածեց` դատապարտելով ապրիլ 23-ին Ուրուկուէյի Մոնթեվիտէօ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան բացումէն դուրս եկած ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` հայ համայնքի ցուցարարներուն ուղղուած թուրք ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան նշանը ցոյց տալու կապակցութեամբ:

«Գորշ գայլեր»-ը ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը դաւանի օսմանեան գերակայութիւնը, նէոֆաշիստական եւ ահաբեկչական է, կազմակերպուած` քաղաքական եւ կիսառազմական ճանապարհով:

Ան Եւրոպայի ամենամեծ ծայրայեղ աջ կազմակերպութիւնն է, որուն հիմնական նպատակն է վերջ տալ, ինչպէս իրենք կանուանեն, «Թուրքիոյ թշնամիներուն», ո՛չ աւելի ո՛չ պակաս, քան` «ուրիշի» կառուցումը, որ հիմնուած է ամենատարբեր խտրականութիւններու եւ իրենց «ցեղային գերազանցութեան» հայեցակարգի վրայ», բացատրեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն:

«Տարբերութիւնը, ըլլայ ան կրօնի, ցեղային պատկանելիութեան, քաղաքական կամ գաղափարական կարծիքի, սեռի, սեռային ինքնութեան կամ անոր արտայայտման, ազգային ծագումի, ընկերային կարգավիճակի, ֆիզիքական յատկանիշներու եւ այլնի, իրենց կողմէ կ՛ընկալուի որպէս վտանգ»:

«Անոնք դաժան են եւ մարդասպան: Այս մէկը յստակ է այլ թուրքերուն համար, որոնց հարազատները սպաննուեցան Թաքսիմի հրապարակին վրայ, յստակ է նաեւ Մարասի ջարդէն փրկուած ալեւիներուն համար, գիտէ Վատիկանը` Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի դէմ կատարուած մահափորձով: Գիտեն նաեւ, որով կը շարունակեն տառապիլ կիպրացիները, քիւրտերը, Պոնտոսի յոյները, սուրիացիները, լիպիացիները, ասորիները եւ հայերը: Գիտէ Ֆրանսան, որ Ղազախստանի նման անօրինական է դարձուցած իրենց գործունէութիւնը: Նման արարք երբեք միամիտ չէ», զգուշացուց ՀՅԴ-ն:

«Ողջոյնները, կարգախօսները եւ ամբողջատիրական գաղափարախօսութիւններու հետ կապուած խորհրդանիշներու օգտագործումը անհամատեղելի են ժողովրդավարական արժէքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգման հետ: Ատելութիւն, ցեղապաշտութիւն, օտարատեացութիւն եւ խտրականութիւն քարոզող արարքը, որ կու գայ պետութեան ներկայացուցիչի մը կողմէ, ակնյայտօրէն կը հակասէ մարդու հիմնական իրաւունքներուն: Այս տեսակի արտայայտութիւն մը կը նշանակէ խտրականութեան, ցեղասպանութեան եւ, հետեւաբար, 107 տարի առաջ կատարուած յանցագործութեան մը վերահաստատումը, որ տակաւին չէ ճանչցած, որուն համար ո՛չ զղջացած եւ ո՛չ ալ հատուցում կատարած է»,  նշեց ՀՅԴ-ն:

«Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած նշանը արհամարհելի պատահար մը չէ, բացի ժխտողականութենէն` սա սպառնալիքի ցուցմունք է մարդոց, այն իմաստով, որ նման բան կրնայ իրենց ալ պատահիլ: Այսպիսով, թոյլ չտալով անոնց, որպէսզի իրենց բնականոն կեանքը ապրին, լիարժէք մասնակցին հասարակութեան, ստիպելով անոնց ապրիլ մշտական տագնապի մէջ: Այս ձեւով ուղերձը բարոյական եւ հոգեբանական բռնութիւն կատարած կ՛ըլլայ անոնց վրայ»:

«Արտաքին գործոց նախարարը, ժպտալով, բարձրացուց իր ձեռքը եւ հպարտօրէն ցոյց տուաւ իր ատելութեան դրօշը եւ արժանացաւ իր շրջապատի մարդոց ծափահարութիւններուն: Այս մէկը կը վերահաստատէ «Գորշ գայլեր»-ու ներկայութիւնը թրքական պետութեան մէջ, ինչպէս` ամէնուր, հետեւաբար սպառնալիք դառնալով աշխարհի բոլոր հայերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն համար:

Վճռականապէս կը դատապարտենք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին վարմունքը` ժխտելով իր պետութեան կողմէ կատարուած յանցագործութիւնը, Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը պաշտպանելու, ատելութիւն եւ խտրականութիւն քարոզելու համար: Նման վարքագիծ մեր երկրին մէջ բացայայտօրէն հակասական է մեր իրաւական համակարգին համար, ուրեմն կոչ կ՛ընենք մեր հասարակութեան` «փերսոնա նոն կրաթթա» յայտարարել Մեւլութ Չաւուշօղլուն` հայերու նկատմամբ իր կատարած ծանր վիրաւորանքին պատճառով:

«Մեր զոհերուն համար, մեզի համար, յիշողութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ արդար հատուցման համար»:

Նախորդը

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի. Անյապաղ Դադրեցնել Ոստիկանական Բռնութիւնը

Յաջորդը

Պու Հապիպի Վստահելիութեան Մասին Հարց Յարուցելու Խորհրդարանի Նիստը Կը Ջնջուի

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?