Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի. Անյապաղ Դադրեցնել Ոստիկանական Բռնութիւնը

April 29, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի մէջ երկու օրէ ի վեր տեղի ունեցող ոստիկանական բռնամիջոցները` բողոքի հաւաքներու մասնակցող երիտասարդութեան եւ մասնաւորապէս դաշնակցական երիտասարդութեան նկատմամբ, երէկ հատեց չափն ու սահմանը, երբ ոստիկանական ուժեր շրջափակեցին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնը եւ առանց հարկաւոր բացատրութեան ու պատճառի` ձերբակալեցին խումբ մը երիտասարդներ, որոնց շարքին` ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ատենապետները:

Ոստիկանութեան այս վերաբերումը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ իշխանութեան հոգեբանական անհանգիստ վիճակը` ի տես եւ ի լուր ամբողջ երկրով իր դէմ ծայր առած բողոքի երթերուն, հաւաքներուն ու ցոյցերուն: Ընդդիմութեան կազմակերպութեամբ ընթացք առած ու հետզհետէ ծաւալող դիմադրութեան արշաւը փաստօրէն արդէն անյարմար կացութեան մատնած է իշխանութեան աթոռին թիւրիմացաբար յայտնուած անձն ու անոր ապազգային քլանը, որոնք իրենց բռնապետական գործելաոճով կը կարծեն ու կը փորձեն խեղդել բողոքի ձայնը եւ մանաւանդ կանխել մայիսի 1-ին յայտարարուած մեծ հաւաքը, որուն ուժեղ ոտնաձայնը կը լսուի արդէն®

Այսու հայ հասարակական կարծիքին անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, որ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) շարքերը, իրենց ձայնը միացուցած` ՀՅԴ աշխարհատարած ամբողջ ընտանիքին, անվերապահօրէն կը զօրակցին կուսակցութեան Հայաստանի կառոյցին` խստիւ դատապարտելով քաղաքացիներու կամարտայայտութեան տարրական իրաւունքի ոտնահարումը: Ոստիկանական ապօրինի բռնաճնշումները խաղաղ ցուցարարներուն դէմ անյարիր են ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքին: Կը պահանջենք անյապաղ դադրեցնել հալածանքը սեփական ժողովուրդին դէմ, որ արդարօրէն ու իրաւամբ համոզուած է, որ դէպի կործանում ուղղուող հայրենիքի փրկութեան նախապայմանը ազգը պառակտած, Արցախը Ազրպէյճանին զիջելու տրամադիր եւ Թուրքիոյ հետ սիրաբանութեամբ գոհունակ ապազգային ու դաւադիր իշխանութեան հեռացումն է:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Փարիզ
27 ապրիլ 2022

Նախորդը

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի. Համախմբենք Մեր Ուժերը, Թոյլ Չտանք Մեր Երկրին Կործանումը

Յաջորդը

Յայտարարութիւն` Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.