Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ Վանտալիզմի Ենթարկուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Խաչքար Յուշարձանը

April 28, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքայի հայկական կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Պրիւքսելի հայերու կոմիտէն սարսափով տեղեկացած է, որ 25 ապրիլին Պրիւքսելի Անրի Միշօ հրապարակին վրայ վանտալիզմի ենթարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման խաչքար յուշարձանը: Ինչպէս լուսանկարին մէջ կ՛երեւի, յուշարձանը ներկուած է բոլորիս յայտնի կարմիր երեք կիսալուսիններով: Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ պղծումը, որ կատարուած է 1915 թուականի Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ապրիլքսանչորսեան յիշատակի օրուան յաջորդ օրը:

«Այս արարքը կրնայ մեկնաբանուիլ միայն իբրեւ թշնամանքի արտայայտութիւն եւ փորձ` վախցնելու ծագումով հայ պելճիքացիները, որոնց մեծ մասը կը սերի ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներու հատուկենտ փրկուածներէն: Ակնյայտօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անոնց առնչուող տեղական ու միջազգային ընկերակցութիւններու, այլ երկիրներու տեղական կառավարման մարմիններու մէջ ընտրուած ծագումով թուրք պետական պաշտօնեաներու խիստ հակահայկական նախապաշարումի ամէնէն տարածուած դրսեւորումն է` թէ՛ Պելճիքայի մէջ, թէ՛ ալ այլուր: Պղծուած յուշարձանին վրայ ընթեռնլի է նաեւ թրքական խորհրդարանի ծագումով հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին ուղղուած հայհոյախառն անգլերէն արտայայտութիւնը` «F..k Paylan»: Պէտք է նշել, որ Կարօ Փայլանը պարբերաբար կը յայտնուի թուրք ազգայնականներու թիրախին մէջ:

«Յանուն միասին ապրելու եւ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու դէմ թիրախային պայքարին` Պելճիքայի հայերու կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ հասարակական ու պետական գործիչներուն, կառավարման մարմիններուն, ընկերակցութիւններուն ի գիտութիւն ընդունիլ ատելութեան հրահրման այս կամայական եւ ուղղորդուած դրսեւորումը, այն է` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերու նկատմամբ ատելութեան նախապաշարումը: Սոյն դատապարտելի յանցանքին կրկնուելէն խուսափելու համար` մենք մասնաւորաբար թուրք համայնքային կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` դատապարտելու այս արարքը: Կոմիտէն պատրաստակամ է նաեւ այս տեսանկիւնէն համագործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք պիտի դատապարտեն ժխտողականութիւնը»:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Հայաստանի գծով զեկուցող Անտրէյ Քովաչով պելճիքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց հետաքննելու Պրիւքսելի մէջ խաչքարի պղծումին փաստը:

«Ես ցնցուած եմ ատելութեան ու բռնութեան այս ահաւոր դրսեւորումէն: Մենք պէտք է միասին դիմակայենք նման սարսափելի միջադէպերը: Ես պելճիքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ մանրակրկիտ կերպով հետաքննելու ատելութեան հողի վրայ կատարուած այս յանցագործութիւնը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց ան:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսան Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Տեղի Ունեցած Ուղիղ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը

Յաջորդը

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Դէմ Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Յատկապէս Ազրպէյճանի Կողմէ Որեւէ Միակողմանի Գործողութեան, Որ Միայն Կացութիւն Կը Սրէ»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.