Ֆրանսան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած ուղիղ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եւ անոնց որոշումը` սահմանային հարցերու երկկողմանի յանձնախումբ կազմելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ այդ հոլովոյթին լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել:
«Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան հարցերով Ֆրանսայի դեսպան Պրիս Ռոքֆէոյ յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Պաքու` 11-14 ապրիլին Երեւան կատարած իր այցելութենէն ետք այդ բանակցութիւններու հսկողութիւնը շարունակելու նպատակով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: