Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու բարելաւման հարցով Ռուսիոյ յատուկ բանագնաց, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Իկոր Խովայեւ երկուշաբթի օր Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւններու բացման եւ սահմանազատման հարցերը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին մասնակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ:
Ազրպէյճանական կողմը ընդգծած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու իր պատրաստակամութիւնը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչը իր կարգին նշած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը` աջակցելու բոլոր տեսակի բանակցութիւններու մէջ արձանագրուելիք յառաջընթացին:
Ռուս դիւանագէտը նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:


