Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Լոյս Տեսաւ Թրքերէնէ Հայերէնի Թարգմանուած Արեւմտահայաստանի Մէջ Հայերու Ինքնութեան Պայքարի Մասին Յուշագրութիւնը
Երեւանի «Լուսակն» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ Մօտկան գաւառի հայերէն Ֆերման Թորոսլարի «Աքսոր. ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը» յուշագրութեան արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը: Յուշագրութիւնը թրքերէնէն արեւմտահայերէնի թարգմանեց սփիւռքահայ մտաւորական Մարի Մերթխանեան-Եարալեանը, հայերէնի հրատարակութիւնը խմբագրեց բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Հայկազուն Ալվրցեանը, իսկ յառաջաբանը հեղինակեց պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը:
Այս մասին հաղորդեց Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտական-հետազօտական հիմնադրամի պաշտօնական կայքէջը` Akunq.net-ը:
Աղբիւրին փոխանցումով, յուշագրութեան թրքերէն հրատարակութիւնը իրականացուած է Պոլսոյ մէջ գործող «Արաս» հայկական հրատարակչութեան կողմէ, 2013 թուականին: Գիրքին մէջ ներկայացուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ 1930-ական թուականներուն թրքական իշխանութիւններուն իրականացուցած ռազմական գործողութեան շրջանակներու մէջ Մօտկանէն դէպի Թուրքիոյ այլ շրջաններ աքսորուած Թորոսեան ընտանիքին պատմութիւնը: Ի դէպ, այս յուշագրութիւնը այնքան մեծ արձագանգ ստացած է Թուրքիոյ մէջ, որ «Արաս»-ը գիրքին թրքերէն բնագիրը վերահրատարակած է 5 անգամ եւ ներկայիս կը պատրաստուի զայն տպագրել 6-րդ անգամ:
«Աքսոր. ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը» յուշագրութեան մէջ ներկայացուած է հեղինակին ընտանիքը, եւ որուն ազգականներուն մեծ մասը ջարդուած է Ցեղասպանութեան ժամանակ, իսկ 1930-ական թուականներուն «վերաբնակեցման մասին» օրէնքի (İskân Kanunu) շրջանակներուն մէջ աքսորուած են դէպի Թուրքիոյ արեւմտեան նահանգներ: Երկար տարիներ դժուար պայմաններու մէջ ապրելու հարկադրուած Թորոսեան ընտանիքը թէեւ փորձած է ձեւով մը նախնիներու հողը վերադառնալ, սակայն աքսորի հրամանը անշրջելի մնացած էր…
Շատ կարեւոր է այս գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը եւ հրապարակումը, յատկապէս` մեր օրերուն, երբ որոշ շրջանակներ սկսած են խօսելու «թուրք-հայկական բարեկամութեան մասին»: Այս յուշագրութիւնը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ հայը չի կրնար բարեկամանալ թուրքին հետ, եւ որ` այդ «բարեկամութեան» միակ հետեւանքը իսլամացում-թրքացումն է կամ սեփական ծննդավայրէն հեռացումը:
«Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած «Ոգեկոչում Արուեստի Շունչով» Ձեռնարկը
Ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ձեռնարկին Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Սամուէլ Բաղինեան կարդաց Սիամանթոյի ստեղծագործութիւնները, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ «Փարոս» սենեկային երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Րաֆֆի Միքայէլեանի, խմբավարութեամբ Ռուբէն Կարասեֆերեանի, «Նուպար» հայ աւանդական երգի-պարի խումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լուսինէ Նազարեանի, «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի երաժիշտները` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յովիկ Սահակեանի, «Նարեկացի» նուագախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Արտեմ Խաչատուրի:
«Ոգեկոչում արուեստի շունչով» ամէնամեայ ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մանրանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացում:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են Անի Գէորգեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Աննա Վանեսեանի, Ինեսսա Պօղոսեանի աշխատանքները, իսկ մանրանկարները պիտի ցուցադրուին մինչեւ ապրիլ 29-ը:
2003-էն ի վեր ամէն տարուան ապրիլ 24-ին «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը իր արուեստագէտ բարեկամներուն հետ կը նշէ յիշատակի եւ ոգեկոչման համահայկական օրը` կոչ ուղղելով աշխարհին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եւ ճանաչելու միջոցով այլեւս թոյլ չտալ նոր ցեղասպանութիւններու կրկնութեան:
Երեւանի Մէջ` Ցեղասպանութեան Թեման Դասաւանդելու Լաւագոյն Ռազմավարութիւններուն Վերաբերեալ Գիտաժողով
Հայ աշակերտներու պարբերական այցելութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ անոնց ուսուցիչներուն հետ քննարկումները վերջին տարիներուն ստիպած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի մասնագէտներուն եւ կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներուն գալու այն եզրակացութեան, որ իսկապէս հարց կայ Հայոց ցեղասպանութեան թեման դասաւանդելու առնչութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման մարտահրաւէրները 21-րդ դարում» խորագրով եռօրեայ գիտաժողովի հանդիսաւոր բացում:
«Մենք հասկցանք, որ դժուարութիւն կայ ուսուցիչներուն համար, դժուարութիւն կայ մեզի համար, դժուարութիւն կայ մեթոտաբանութեան տեսանկիւնէն, եւ այս գիտաժողովը կոչուած է անդրադառնալու այս հարցերուն: Հայաստանեան իրականութեան մէջ այսպիսի նիւթով գիտաժողով թերեւս առաջինն է, որ կը կայանայ», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ արտերկրէն եկած հեղինակաւոր գիտնականներու հետ քննարկումներու ճամբով կ՛ուզեն պատկերացում կազմել, թէ ինչպէ՛ս կը դասաւանդուի մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւններուն` ցեղասպանութիւններուն վերաբերող այս խիստ բարդ նիւթը` օտար երկիրներուն մէջ` հայկական եւ ոչ հայկական միջավայրի մէջ, նկատի ունենալով այն փաստը, որ օտար մասնագէտները հիմնականօրէն կը ներկայացնեն այն ազգերը, որոնք եւս տարբեր ժամանակներու ենթարկուած են ցեղասպանութեան:
Այսպիսով, ըստ կազմակերպիչներուն, գլխաւոր հարցերէն մէկն է յստակացնել, թէ ի՛նչ ընել խուսափելու համար երեխաներու հոգեբանութեան ու գիտակցութեան մէջ զոհի` «ցեղասպանուած»-ի կարծրատիպի ձեւաւորումէն կամ անոր վտանգներէն հեռու մնալու համար:
Հաղորդենք, որ գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայաստանի գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտկոմի օժանդակութեամբ:
Ողջունելով գիտաժողովին մասնակցողները` փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեան շեշտեց, որ հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման մարտահրաւէրներուն նուիրուած գիտաժողովը այսօր առաւել քան արդիական է: «Յուսանք, որ այս քննարկումը ուշացած չըլլայ, աւելի՛ն, ըլլայ քննարկում մը, որ ընձեռէ մեզի աւելի պարզ պատկերացնելու նիւթի դասաւանդման լաւագոյն ռազմավարութիւնները` մեր առջեւ այսօր կանգնած մարտահրաւէրի պայմաններուն մէջ», նշեց փոխնախարարը:
Նշենք, որ գիտաժողովին մասնակցեցան ցեղասպանութեան եւ յարակից ոլորտներու շուրջ երեսուն մասնագէտ` Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Լիբանանէն, Իսրայէլէն, Ռուանտայէն, Սպանիայէն, Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութենէն եւ Քամպոտիայէն:
Հակառակ Կարգ Մը Դրական Քայլերու` Անկախ Մամուլը Կը Նահանջէ Հայաստանի Մէջ. Freedom House
Freedom House-ը հրապարակած է «Nations in Transit 2022» տարեկան իր զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 2004-էն սկսեալ, նախապէս մենատիրական երեք երկիրներ` Մոլտովա, Քոսովօ եւ Հայաստան, քայլեր իրականացուցած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ եւ դարձած են «փոխանցական վարչակարգեր»:
Հայաստան, ըստ Freedom House-ի զեկոյցին, ընդհանուր ցուցանիշով յառաջընթաց արձանագրած է եւ առաւելագոյն 7 կէտէն ապահոված է 3,04 կէտ` նախորդ տարուան 2,96-ին փոխարէն: Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է զեկոյցին կողմէ հետազօտուող քանի մը ոլորտներու մէջ, ներառեալ` ժողովրդավարական կառավարման, ընտրական գործընթացի եւ դատաիրաւական համակարգի զարգացման ու անկախութեան մէջ, սակայն նահանջած է անկախ մամուլի ոլորտին մէջ:
Տոկոսային ցուցանիշով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման մակարդակը եղած է 34 տոկոս` նախորդ տարուան 33 տոկոսին դիմաց:
Ըստ Freedom House-ի, նշեալ երկիրները, որոնք անցում կատարած են մենատիրական կառավարման ձեւէն, «տակաւին չեն համապատասխաներ ժողովրդավարական չափանիշներուն»:
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը նկատէ, որ, օրինակ, Հայաստանի մէջ «2018-ին քաղաքացիները օգտագործեցին բողոքի շարժումը եւ մրցակցային ընտրութիւններու շարքը, որոնցմէ վերջինը իրականացաւ 2021-ին` վճռականօրէն վերջ դնելով «Հանրապետական» կուսակցութեան բազմամեայ կառավարման: Այդ ժամանակուան առաջնորդները փոխարինուեցան քաղաքական գործիչներու նոր սերունդով մը, որ հակառակ նկատելի թերութիւններու` հիմնականին մէջ յանձնառութիւն ունի դէպի ժողովրդավարութիւն եւ հանրային շահ»:
Հայաստան, ըստ զեկոյցին, յետխորհրդային երկիրներէն կը զիջի միայն Ուքրանիոյ, Վրաստանի ու Մոլտովայի, իր ետին ձգելով Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները, Պիելոռուսիան, Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը:
Արցախի Կորսուած Յուշարձանները
44-օրեայ պատերազմին պատճառով, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցան տարածքներ, ուր կը գտնուէին շարք մը յայտնի եւ որոշ չափով անյայտ հայկական պատմական մշակութային յուշարձաններ: Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ Ազրպէյճանին յանձնուեցաւ վիճայարոյց եօթը շրջաններ, ինչպէս նաեւ` Հադրութի շրջանը, Շուշի քաղաքը եւ այլ բնակավայրեր, ընդհանուր առմամբ` մօտաւորապէս 8500 քառ. քիլոմեթր:
Այս տարածքներուն վրայ կը գտնուին հարիւրաւոր յայտնի եւ անյայտ յուշարձաններ, որոնց հետագայ կարգավիճակը տակաւին անորոշ է, իսկ այլոց ճակատագիրը` վտանգուած, նկատի առնելով Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հայկական յուշարձաններու նկատմամբ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի եկեղեցիներու եւ վանքերու ցանկը` յստակացնելով, թէ անոնցմէ որոնք մնացած են հայկական կամ ռուսական վերահսկողութեան տակ, իսկ որոնք` ազրպէյճանական.
Ազրպէյճանական Վերահսկողութեան Տակ
Հադրութի Շրջան`
Գտչավանք (4-13-րդ դար)
Դիզափայտի Կատարօ վանք (5-րդ դար)
Օխտը դռնէ վանք (7-17-րդ դար), գ. Մոխրենիս
Ս. Ամենափրկիչ (9-րդ դար), գ. Ցոր
Սպիտակ խաչ վանք (10-րդ դար), գ. Վանք
Կաւաքավանք (14-րդ դար)
Ս. Յարութիւն (1621), ք. Հադրութ
Ծաղկավանքի Ս. Աստուածածին (1682), գ. Ծակուռի
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (1736), գ. Տող
Ս. Ամենափրկիչ (19-րդ դար), գ. Կարմրակուճ
Ս. Աստուածածին (19-րդ դար), գ. Քարագլուխ
Ս. Աստուածածին (1907), գ. Առաքել
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (2013), գ. Քարագլուխ
Արցախի Այլ Շրջաններ`
Ծիծեռնավանք (4-5-րդ դար), գ. Ծիծեռնավանք, Քաշաթաղ
Եղիշէ առաքեալի վանք (5-րդ դար), գ. Մատաղիս, Մարտակերտ
Վանքասարի Սպիտակ խաչ (5-րդ դար), Ասկերան
Ս. Աստուածածին կուսանաց անապատ (12-13-րդ դար), Շահումեան
Ս. Գայիանէ կուսանաց անապատ (1616), գ. Աւետարանոց, Ասկերան
Ս. Աստուածածին (1651), գ. Աւետարանոց, Ասկերան
Ղեւոնդեանց անապատ (1658), գ. Մոշխմհատ, Ասկերան
Ս. Մինաս (1673), գ. Հակ, Քաշաթաղ
Ս. Ստեփանոս (17-րդ դար), գ. Հոչանց, Քաշաթաղ
Կանաչ ժամ (Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ) (1847), ք. Շուշի
Ս. Աստուածածին (1862), գ. Քարինտակ, Շուշի
Ղազանչեցոց (Սուրբ Ամենափրկիչ) (1868-1887), ք. Շուշի
Հոռեկա վանք (13-րդ դար), գ. Թալիշ, Մարտակերտ
Ս. Աստուածածին (19-րդ դար), գ. Թալիշ, Մարտակերտ
Ս. Գէորգ (1898), գ. Մատաղիս, Մարտակերտ
Հայկական (Կամ Ռուսական) Վերահսկողութեան Տակ`
Դադիվանք (4-րդ դար), գ. Դադիվանք, Շահումեան
Ամարասի վանք (4-րդ դար), գ. Մաճկալաշէն, Մարտունի
Բռի եղցի (7-17 դար), գ. Հացի, Մարտունի
Յակոբավանք (9-րդ դար), գ. Քոլատակ, Մարտակերտ
Ս. Ստեփանոս (9-10-րդ դար), գ. Ծմակահող, Մարտակերտ
Ս. Գէորգ (12-րդ դար), գ. Ճանկաթաղ, Մարտակերտ
Եղիշա Կուսի անապատ (12-րդ դար), ք. Ճարտար, Մարտունի
Ս. Ամենափրկիչ (12-13-րդ դար), գ. Պօղոսագոմեր, Մարտակերտ
Գանձասար (1216-1238), գ. Վանք, Մարտակերտ
Չարեքտարի վանք (13-րդ դար), գ. Չարեքտար, Մարտակերտ
Շոշկավանք Ս. Աստուածածին (13-րդ դար), գ. Մսմնա, Մարտունի
Փիրումաշէն (1641), գ. Սարուշէն, Ասկերան
Ս. Ստեփանոս (1654), գ. Խաչմաչ, Ասկերան
Նոր եկեղեցի (1655), գ. Շոշ, Ասկերան
Ս. Պանդալէոն (Պարին Պիժ) (1658), գ. Մեծ Շէն, Շուշի
Ս. Գրիգորիս եկեղեցի (1676), գ. Հերհեր, Մարտունի
Երիցմանկանց վանք (1691), գ. Մաղաւուզ, Մարտակերտ
Բովուրխանի վանքային համալիր (17-րդ դար), գ. Ննգի, Մարտունի
Ս. Աստուածածին (1740), գ. Խնածախ, Ասկերան
Ս. Աստուածածին (18-րդ դար), գ. Մուշկապատ, Մարտունի
Ս. Աստուածածին (1843), գ. Դաշուշէն, Ասկերան
Ս. Աստուածածին (1853), գ. Ննգի, Մարտունի
Ս. Յովհաննէս Կարապետ (1857), ք. Մարտակերտ
Ս. Աստուածածին (1860), գ. Այգեստան, Ասկերան
Ս. Աստուածածին (1896), գ. Աշան, Մարտունի
Ս. Գէորգ (1898), գ. Աստղաշէն, Ասկերան
Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (19-րդ դար), գ. Նորշէն, Մարտունի
Ս. Աստուածածին (19-րդ դար), գ. Հաղորտի, Մարտունի
Ս. Աստուածածին (19-րդ դար), գ. Խնուշինակ, Մարտունի
Ս. Աստուածածին (19-րդ դար), գ. Կոլխոզաշէն, Մարտունի
Ս. Թարգմանչաց (19-րդ դար), գ. Կաղարծի, Մարտունի
Ս. Ամենափրկիչ (19-րդ դար), գ. Սարուշէն, Ասկերան
Ս. Աստուածածին (19-րդ), գ. Կարմիր գիւղ, Ասկերան
Ս. Ստեփանոս (19-րդ դար), գ. Խաչէն, Ասկերան
Ս. Աստուածածին (1904), գ. Ներքին Հոռաթաղ, Մարտակերտ
Ս. Հռիփսիմէ (19-րդ դար), գ. Մեծ Շէն, Շուշի
Խոթավանք (Կիչանի անապատ), գ. Կիչան, Մարտակերտ
Լուսաձորի Ս. Աստուածածին (19-րդ դար), գ. Լուսաձոր, Ասկերան
Ս. Ստեփանոս (18-րդ դար), գ. Պատարա, Ասկերան
Ս. Համբարձման (1998), ք. Բերձոր, Քաշաթաղ
Սրբոց Նահատակաց (2002), գ. Աղավնոյ, Քաշաթաղ
Ս. Աստուածածին (2002), ք. Ասկերան
Ս. Ներսես Մեծ (2004), ք. Մարտունի
Ս. Գէորգ (2006), գ. Եղծահող, Շուշի
Ս. Սարգիս (2006), գ. Յարութիւնագոմեր, Մարտակերտ
Ս. Անտոն (2007/2009), գ. Զագլիկ, Մարտակերտ
Ս. Յակոբ (2007), ք. Ստեփանակերտ
Ս. Գէորգ (2012), գ. Ներքին Հոռաթաղ, Մարտակերտ
Ս. Աստուածածին (2012), գ. Վաղուհաս, Մարտակերտ
Ս. Գէորգ (2013), գ. Մեծշէն, Մարտակերտ
Ս. Աստուածածին տաճար (2006-2019), ք. Ստեփանակերտ
Ս. Վարդանանք (2018), ք. Ճարտար, Մարտունի
Յայտնենք, որ այս տեղեկութիւնները հաստատուած են fip.am կայքին մէջ: