ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Նաչալեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նինա Ֆըսթըգճեան եւ զաւակները` Ալեք, Արմէն եւ Արամ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Վաչէ եւ Սեզա Սէրայտարեան եւ զաւակները` Լիանա, Սարին եւ Ցոլեր
Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Անի Եփրեմեան եւ զաւակները` Արի եւ Կարէն
Հանգուցեալ Կարապետ Մթրըպեանի ընտանիք
Տիկին Սոֆիա Կրակեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Թրվանտա Նալպանտեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Օսկար եւ Սօսի Պէզիրճեան եւ ընտանիք
Տիկին Սոնա Գրիգորեան եւ ընտանիք
Մթրըպեան եւ Նաչալեան ընտանիքներ
Սրապեան եւ Ֆըսթըգճեան ընտանիքներ
Սէրայտարեան եւ Եփրեմեան ընտանիքներ
Կրակեան եւ Նալպանտեան ընտանիքներ
Պէզիրճեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԶՈՀՐԱՊ ԱՒԵՏԻՍ ՄԹՐԸՊԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 16 ապրիլ 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 20 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 21 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Իրենց ողբացեալ մօր` ԶՈՒԱՐԹ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆԻ մահուան քառասունքին առիթով
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԹԱՄԱՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆՆԵՐ
25.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐԻՆ
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրն ու Ազգային վարչութիւնը, սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերար ամոլին եւ բարձրօրէն կը գնահատեն հայ աշակերտին աջակցելու համար անոնց ցուցաբերած գիտակից եւ արժանաւոր կեցուածքը:
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիար Ժոզեֆ Տէմիրճեան եւ ընտանիք շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց կնոջ եւ մօր` ՎԱՐԴԱՆՈՒՇ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2022-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 30 յունիս 2022:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Տեարք Համբիկ Պիլալեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Յակոբ Լատոյեան եւ տիկին Իրմա Տէտէեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմի հասցէն.
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Խնդրանք.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ
55-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022