Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երկար Դադարէ Ետք Արցախի Թեմը Կազմակերպեց Ուխտագնացութիւն Դէպի Դադիվանքի Վանական Համալիր
Երկար դադարէ ետք Արցախի թեմը կազմակերպեց ուխտագնացութիւն դէպի Դադիվանքի վանական համալիր: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմէն:
«Սուրբ Յարութեան տօնին Արցախի թեմը կազմակերպեց ուխտագնացութիւն դէպի Դադիվանքի վանական համալիր: Երկար դադարէ ետք Սուրբ Դադիվանքը իր գիրկին մէջ կրկին ընդունեց իր ուխտաւորները: Արցախի թեմի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան սուրբ պատարագ:
Թեմակալ առաջնորդին ձեռամբ զատկական սուրբ պատարագը մատուցուեցաւ Ամարասի վանքին մէջ, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի Հանրապետութեան պետական այրերը` գլխաւորութեամբ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի:
Յաւարտ պատարագին, թեմակալ առաջնորդի ուղեկցութեամբ, Արցախի նախագահները իջան Սուրբ Գրիգորիս հայրապետին գերեզմանը եւ աղօթեցին Արցախի հոգեւոր ու ֆիզիքական անվտանգութեան եւ պետականութեան ամրութեան համար»:
Նշենք, որ հայ ուխտաւորները մայիսէն ի վեր չէին կրցած մտնել Դադիվանք: Մինչ այդ անոնք խումբերով, ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ, կ՛այցելէին Դադիվանք, բայց հետզհետէ ազրպէյճանցիները դժուարացուցին հայ ուխտաւորներուն մուտքը Դադիվանք: 2021 թուականի հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը հանդիպած էր Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ Ա. պատրիարքին ու Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդին հետ եւ բարձրաձայնած էր հայ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն այցելութիւնները Դադիվանք վերսկսելու հարցին շուրջ:
Արցախի թեմի առաջնորդը այս ընթացքին բազմիցս բարձրաձայնած է այս հարցը թէ՛ տեղական իշխանութիւններուն, թէ՛ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարին եւ անոնց հոգեւորականին հետ զրոյցներու ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Դադիվանքը կը գտնուի Քարվաճառի շրջանին մէջ եւ կը համարուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հնագոյն քրիստոնէական վանական համալիրներէն մէկը: 9 նոյեմբեր 2020 թուականի յայտարարութենէն ետք Դադիվանքը անցաւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Անվտանգութեան ապահովման համար ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի դիտակէտերէն մէկը հայկական վանքին է:
Հանդիպում ՀՅԴ Արցախի ԿԿ–ի Եւ ՀՕՄ–ի Արցախի Միաւորի Վարչութեան Անդամներուն Միջեւ
Վերջերս Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի եւ ՀՕՄ Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն միջեւ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը:
Հաղորդենք, որ հանդիպումին քննարկուեցան վերջին շրջանին Ազրպէյճանի յարուցած ընկերային, կենցաղային հարցերուն լուծում տալու հետ կապուած հարցերը: Իսկ ներկաները շեշտեցին, որ այս օրերուն Արցախի մէջ անհրաժեշտ է քայլեր ձեռնարկել ուժանիւթի հայթայթման այլընտրանքային միջոցներու եւ ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ նախատեսուեցաւ, որ յառաջիկայ ամիսներուն ներգրաւեն ՀՅԴ-ի եւ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցները:
Հաղորդենք, որ իբրեւ առաջին քայլ` աշխատանքներ տարուեցան արեւային ջրատաքացուցիչներու ձեռքբերման եւ յատկացման ուղղութեամբ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Գիրքին Մէջ Ներկայացուած Են Քրիստոնեայ Ժողովուրդներու Բռնի Կրօնափոխութեան Դէպքերը
Աւստրալահայ գրականագէտ Արա Քեթիպեան իր կազմած «Forced Conversions in Ottoman Turkey: Reports from The U.S. Press (1895-1920)» («Բռնի կրօնափոխումը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. հաղորդումներ ամերիկեան մամուլէն») գիրքին մէջ կը ներկայացնէ 1895-1920 թուականներուն ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու բռնի կրօնափոխութեան դէպքերը, որոնց միջոցով փորձած են ջնջել հայերու ազգային ինքնութիւնը:
Հաղորդենք, որ գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 15 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:
«Մեր գլխաւոր նպատակն է ցոյց տալ, որ այդ տարիներուն արդէն արեւմտեան, յատկապէս ամերիկեան մամուլը արձագանգած էր այդ երեւոյթին: Անդրադարձած եմ յատկապէս ամերիկեան մամուլին, որովհետեւ ամերիկեանը աւելի անաչառ էր այդ տարիներուն, անոնք քաղաքական շահեր չէին հետապնդեր», իր խօսքին մէջ նշեց գիրքին հեղինակը:
Ըստ անոր, գիրքին մէջ չէ ներկայացուած միայն մամուլին չոր արձագանգը: Ընթերցողները հոն կը գտնեն` յայտարարութիւններ, դիւանագէտներու մեկնաբանութիւններ, քաղաքական գործիչներու կարծիքներ, դեսպաններու եւ հիւպատոսներու արձագանգներ:
«Կոտորածներու, տեղահանութիւններու մասին շատ խօսուած է, բայց բռնի կրօնափոխութիւններու մասին տեղեկութիւններ ոչ մէկ տեղ կը գտնէք, յատկապէս` անգլերէնով: Կրօնափոխութիւններուն մէջ մեծ մաս կը կազմեն նաեւ երեխաներու բռնի թրքացումը, ինչպէս նաեւ` կիներու բռնի ամուսնութիւնները թուրքերու հետ, որոնց աւելի հանգամանօրէն անդրադարձած են», շեշտեց Քեթիպեան:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան կարեւոր նկատեց Արա Քեթիպեանի կատարած աշխատանքը` նշելով, որ անիկա պիտի ընդարձակէ աղբիւրագիտական շտեմարանը:
«Մենք կը տեսնենք, որ ամերիկեան հասարակութիւնը տեղեկացուած էր եւ անով պայմանաւորուած էր Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ ետք անոնց արձագանգը` մարդասիրութիւնը, մարդկային օժանդակութիւնը 100 տարի շարունակ: Ոչ մէկ բան այդպէս պատահական կ՛ըլլայ: Պէտք է մարդիկը տեղեկացնես, որպէսզի ստանաս անոնց արձագանգը: Եւ այս գիրքը անոր վառ վկայութիւններէն մէկն է», նշեց ան:
Գիրքին մէջ տեղ գտած փաստերը հեղինակը հաւաքած է մօտաւորապէս 15 տարիներու ընթացքին: Արա Քեթիպեան տեղեկացուց, որ հետագային կը պատրաստուի նոր գիրքեր հրատարակելու:
«Թուֆէնքեան» Հիմնդրամը Մեկնարկեց «Ե՛կ, Աշխարհը Պիրինք Արցախ» Ծրագիրը
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամը վերջերս յայտարարեց մեկնարկը` «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան, որուն ծիրին մէջ Հայաստանի եւ սփիւռքի յայտնի ու խոստմնալից հայ գործիչները պիտի այցելեն Արցախ եւ հանրային ելոյթներ ունենան այնտեղ:
««Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան նպատակն է ներգրաւել եւ քաջալերել տեղի բնակչութեան եւ օգնել բարձրացնելու Արցախի հեղինակութիւնը Հայաստանի մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ: Այցելութիւնները, ըստ այցելուի, կը ներառեն ո՛չ միայն հանրային ելոյթներ, այլ նաեւ` կլոր սեղան-քննարկումներ, հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ, մարզումներ եւ այլն», բացատրեց հիմնարկի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը:
Նախաձեռնութեան առաջին հիւրերն են գրող, արձակագիր Արամ Աւետիսը` Երեւանէն, եւ երգիչ, երգահան ու գրող Ափօ Սահակեանը` Երուսաղէմէն: Աւետիսի ու Սահակեանի այցելութիւնները պիտի կազմակերպուին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին հետ համագործակցաբար:
Արամ Աւետիսի «Երբ առնէտները կարդալ գիտէին» գիրքին ներկայացումը եւ հանրային ելոյթը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 8 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, KINI ճաշարանին մէջ (Ստեփանակերտ, Թումանեան 95): Մուտքը ազատ եւ բաց է հանրութեան: Նշենք, որ բոլոր ներկաներուն պիտի նուիրուի հեղինակին «Երբ առնէտները կարդալ գիտէին» գիրքը:
Ափօ Սահակեանի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 8:00-ին` «Պոլ Էլուարի Ֆրանսախօսութեան կեդրոն»-ին մէջ (Ստեփանակերտ, Թումանեան 95), որուն մուտքը նոյնպէս ազատ եւ բաց է հանրութեան:
«Մարաղա 30. Չպատժուած Եւ Շարունակուող Ցեղասպանութիւն». Գիտաժողով Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մէջ
Ապրիլ 11-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ տեղի ունեցաւ «Մարաղա 30. չպատժուած եւ շարունակուող ցեղասպանութիւն» գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանին մէջ Մարաղա գիւղի խաղաղ հայ բնակչութեան ցեղասպանական գործողութեան 30-ամեակին եւ թուրք-ազրպէյճանական շարունակական ցեղասպան քաղաքականութեան:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն հաղորդեցին, որ գիտաժողովը կազմակերպած էին` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկը, «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» եւ «Մարդու իրաւունքներու եւ ցեղասպանագիտութեան կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնները:
«Այս պատմութիւն է, որ մենք պէտք է յիշենք: Այս եղած է ցեղասպանական շարքերու սկիզբը եւ իրականացուած է Ազրպէյճանի կողմէ` հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Պատմաբաններու գործն է, մեր բոլորին գործն է, որ այս մնայ պատմութեան մէջ իբրեւ յիշողութիւն, եւ սերունդները յիշեն զայն», իր խօսքին մէջ ըսած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեանը:
«Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Լարիսա Ալավերդեան նշած է. «Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է ամբողջ Հայաստանի մէջ եւ իրականացուած է ո՛չ միայն օսմանեան Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ, այլ նաեւ` երիտթուրքերու եւ Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած Ազրպէյճանի կողմէ»:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի խօսքով, այն, ինչ տեղի ունեցած է 30 տարի առաջ, ամբողջ ցեղասպանական քաղաքականութեան շղթային մէկ օղակն էր:
«Ցեղասպան քաղաքականութիւնը ուղղակիօրէն Օսմանեան կայսրութենէն անցաւ Ազրպէյճանի առաջին հանրապետութեան, խորհրդային տարիներուն ունեցաւ իր այլ դրսեւորումները, իսկ երրորդ հանրապետութեան ժամանակ տեսանք, թէ Ազրպէյճանի կողմէ ինչպիսի՛ դրսեւորումներ եղան 1991-1994 թուականներուն, 2016-ի ապրիլին եւ 2020 թուականին: Մարաղայի ցեղասպանութիւնը մնացած է ստուերի տակ: Այդ ռազմական յանցագործութեան օրինակ էր խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Այս գիտաժողովը եղաւ եւս մէկ խթան` աւելի խորութեամբ զայն ուսումնասիրելու եւ ջուրի երես հանելու այն ամբողջ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, որ Ազրպէյճանը ժառանգած է օսմանեան Թուրքիայէն եւ այսօր կը շարունակէ», նշած է ան:
Գիտաժողովի ժամանակ քննարկուած են Հայոց ցեղասպանութեան գործով միջազգային դատարան դիմելու հիմքերն ու կարելիութիւնները, հայերու ցեղասպանութեան շարունակութիւնը եւ թուրք-ազրպէյճանական իշխանութիւններու պատասխանատուութիւնը, յետպատերազմական իրավիճակի մէջ յայտնուած հայութեան եւ հայկական համայնքներու հիմնահարցերը: Ցուցադրուած է «Մարաղա 1992` 20-րդ դարավերջի Գողգոթա» ժապաւէնը:
Նոր Աշխատատեղեր` Արցախի Մէջ. Genesis Armenia-ի Օժանդակութեամբ Հաւաբուծարան Բացուած Է
Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է հաւաբուծարանի, որուն կառուցման աշխատանքները սկսած էին այս տարուան մարտին: Այս ծրագրի պիւտճէն կազմած է 7 միլիոն դրամ:
«Genesis Armenia-ն Արցախի թիկունքին է, Արցախի անվտանգութիւնն ու զարգացումը անոր գաղափարախօսութեան գլխաւոր յենասիւներն են: Մենք բարեգործութեամբ չենք զբաղիր. մեր հայրենակիցներուն կու տանք կրթութիւն, փորձ, հմտութիւններ, կը ստեղծենք աշխատատեղեր եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի միջավայր: Կը նախատեսենք, որ այս թռչնաբուծարանէն ստացուած շահոյթով Արցախի մէջ նմանօրինակ քանի մը ծրագիր իրագործել», նշեց Genesis Armenia ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամի տնօրէն Աբրահամ Գասպարեանը:
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սամուէլ Վարդանեան համոզուած է, որ բոլոր ծրագիրներուն հիմքին մէջ պէտք է ըլլայ նոր աշխատատեղերու ստեղծումը: «Genesis Armenia-ն յառաջիկային պիտի իրականցնէ ծրագիրներ գիւղատնտեսութեան եւ այգեգործութեան ոլորտին մէջ, որոնց նպատակը նոյնն է` ստեղծել նոր աշխատատեղեր, որպէսզի արցախցին մնայ Արցախի մէջ, աշխատի Արցախի մէջ եւ վստահ ըլլայ, որ իր թիկունքը ամուր է», նշեց Վարդանեան:
Հաւաբուծարանի տարածքը տնամերձ է, շահառուի` Պաւել Աւագեանի տան բակին մէջ կառուցուած է: Աշխատանքը, որ սկսած է զերոյէն, տեւած է մէկ ամիս: Հաւաբուծարանին մէջ այս պահուն կայ մօտաւորապէս 700 հաւ եւ ճուտ: Նախնական հաշուարկով, յառաջիկայ ամիսներուն ճուտերուն քանակը պիտի աւելնայ 1200-էն 1500-ով:
«Իրացման հարց չունինք. Genesis Armenia-ի օգնութեամբ եւ մասնագէտներու խորհուրդներով յստակ կը պատկերացնենք աշխատանքի հետագայ ընթացքն ու զարգացումը: Շատ կարեւոր է, որ այսպիսի ծրագիրներ շատ ըլլան: Հիմա արցախցիին աշխատանք պէտք է, որպէսզի մնայ այստեղ եւ չմտածէ երթալու մասին», ըսաւ ծրագրի շահառու Պաւել Աւագեանը:
Նորաբաց հաւաբուծարանը աշխատանքով ապահոված է 6 մարտունեցիի: Genesis Armenia-ն մտադիր է ընդլայնել ծրագիրը եւ աւելցնել նոր աշխատատեղեր:
Ռոմեն Կոզմոյեանը Ոչ Եւս Է
Կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, վերջերս կեանքէ հեռացաւ ազգային-պետական եւ հասարակական գործիչ Ռոմեն Կոզմոյի Կոզմոյեանը:
«Կոզմոյեան խորհրդային շրջանին Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու կոմիտէի արեւելեան երկիրներու բաժինի վարիչը եղած է, 1980-ականներուն` Լիբանանի մէջ ԽՍՀՄ-ի դեսպանատան մշակութային կցորդը, անկախ Հայաստանի մէջ` սփիւռքի լաւագոյն գիտակը:
Ռոմեն Կոզմոյեան իր իմացութիւններն ու փորձը, կապերն ու հնարամտութիւնը ամբողջ կեանքին մէջ օգտագործած է սփիւռքի մէջ առկայ մեծ ու փոքր հարցերուն լուծում տալու եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ռազմավարական անհրաժեշտութիւնները մշակելու եւ կիրարկելու համար:
Մահացաւ Լրագրող Վահան Իշխանեանը
Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 58 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ լրագրող, գրող Վահան Իշխանեանը:
Ան աշխատած է տպագիր եւ ելեկտրոնային շարք մը թերթերու մէջ: Համախոհներու հետ հիմնադրած է «Ինքնագիր գրական ակումբ»-ը:
Վահան Իշխանեանի հեղինակած գիրքերէն են` «Ռուսուլմանի նօթեր» 2017, «Ովքեր են նրանք. հայախօս, մուսուլման համշէնցիները» 2014, «Համայնք եւ երկիր. Հայաստանում խղճի ազատութեան ուսումնասիրութիւն» (համահեղինակ) 2014, «Անմազ» (պատմուածքներու ժողովածու) 2010, «Կրօնի ազատութիւնը Հայաստանում» (համահեղինակ) 2010, «Հաշուեյարդար. հալածանք եւ դիմադրութիւն» 2004: