ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընդունեց Սննդեղէնի անվտանգութեան լիբանանեան խորհուրդի նախագահ տոքթ. Էլի Աուատը, որ այս պաշտօնին նշանակուած է 2018-էն ի վեր:
Այս առիթով տոքթ. Աուատ երեսփոխան Բագրատունիին ներկայացուց նշեալ խորհուրդի դերն ու գործունէութիւնը` շեշտելով անոր կարեւորութիւնը, որ կ՛արդիւնաւորուի միայն գործնական օրինագիծերու վրայ հիմնուած համապատասխան կառոյցի կազմութեամբ:
Իր կարգին, երեսփոխան Բագրատունի բարձր գնահատեց նշեալ խորհուրդի դերը եւ անհրաժեշտ նկատեց այս խորհուրդի գործունէութեան աշխուժացման համար համապատասխան օրինագիծերու որդեգրումը: Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց այս հարցին արծարծումը կառավարութեան նիստին` ամէնէն մօտ առիթին, նկատի ունենալով նշեալ խորհուրդին կարեւորութիւնը, յատկապէս ներկայ պայմաններուն` հսկելու քաղաքացիին սննդեղէնին եւ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը:


