Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը երէկ ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին միտքեր փոխանակած են սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնախումբի ձեւաւորման, խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


