Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այցելած են Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ օգնած կապ պահել իրենց ընտանիքներուն հետ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտնած են Միջազգային կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակէն:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն, տեսագրուած ուղերձներու եւ նամակներու տեսքով փորձած ենք այս ընթացքին պահպանել տեսակցութիւններու պարբերականութիւնը եւ պիտի շարունակենք, քանի տակաւին անձեր կը գտնուին անազատութեան մէջ», ըսած է Միջազգային կարմիր խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրի ղեկավար Զառա Ամատունին:
Կարմիր խաչը գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց նկատմամբ վերաբերմունքին, առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւնները չի հրապարակեր` նշելով, որ անոնք փակ երկխօսութեան ոլորտին մէջ են:
Ամատունիի համաձայն, հերթական այցելութիւններու նպատակն է հետեւիլ գերիներու վիճակին:


