Հայաստան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար պէտք է հրաժարի Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
Ան նշած է, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար ազրպէյճանական կողմը հայկական կողմին յղած է հինգ կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ մը, որ «կը ներառէ Հելսինքեան համաձայնագիրներու սկզբունքները»:
«Մենք հայկական կողմին ներկայացուցած ենք խաղաղութեան համաձայնագիրի հիմնարար սկզբունքները, կարողական խաղաղութեան համաձայնագիր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Անոնք ձեւակերպուած են միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ եւ հիմք կը հանդիսանան բարի դրացիական յարաբերութիւններու համար», յայտարարած է Հաճիեւ` շեշտելով, որ եթէ Երեւան կ՛ուզէ այդ յարաբերութիւնները հաստատել, ամէն ինչ պէտք է սկսի առաջին եւ կարեւորագոյն որոշումէն` «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, ինչպէս նաեւ զերծ մնան ուժի կիրարկումէն եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուժի սպառնալիքէն»:
Անոր համաձայն, երբ «Հայաստան վերջ տայ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն», կարելի պիտի ըլլայ յառաջ շարժիլ: