Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Ապրիլ 5, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Անվտանգ Եւ 99% Արդիւնաւէտ. Տղամարդոց Համար Հակաբեղմնաւորիչ Դեղահատերը Շուտով Կրնան Իրականութիւն Դառնալ
– Ճարտարագէտներ Կը Մշակեն «Մագնիսական Շօշափուկ Ռոպոթ»` Թոքերու Նեղ Մազափողեր Հասնելու Համար

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 

Անվտանգ Եւ 99% Արդիւնաւէտ. Տղամարդոց Համար
Հակաբեղմնաւորիչ Դեղահատերը
Շուտով Կրնան Իրականութիւն Դառնալ

  • Կիներու համար կան հակաբեղմնաւորման բազմաթիւ ձեւեր, իսկ տղամարդոց համար` միայն երկու:
  • Տղամարդոց համար դեղահատի բացակայութիւնը պատասխանատուութեան բեռ կը դնէ կիներու վրայ, որոնք յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան ենթարկուելու հակաբեղմնաւորիչներու կողմնակի ազդեցութիւններուն:
  • Նոր հետազօտութեան ընթացքին գիտնականները ստեղծած են արական, ոչ հորմոնային հակաբեղմնաւորիչ դեղահատ, որ անվտանգ եւ արդիւնաւէտ էր մուկերու համար:

Գիտնականները կրնան հասնիլ տղամարդոց համար պատրաստուած առաջին ոչ հորմոնային հակաբեղմնաւորիչ դեղահատերու ստեղծման` վերջերս անասուններու վրայ կատարուած փորձարկումներէ խոստմնալից արդիւնքներ ստանալէ ետք:

Ամերիկեան քիմիական ընկերութեան (ACS) 2022 թուականի գարնանային հանդիպման ներկայացուած հետազօտութիւնը հիմք կը դնէ քլինիքական փորձարկումներու համար` պարզելու, թէ արդեօ՞ք հակաբեղմնաւորիչը արդիւնաւէտ է տղամարդոց համար:

Ծնելիութեան վերահսկողութեան բեռը

Կիներու համար կան հակաբեղմնաւորիչներու բազմաթիւ տարբերակներ: Այնուամենայնիւ, որոշ կիներու համար անոնք կրնան ունենալ կողմնակի ազդեցութիւններ: Ի հակադրութիւն, տղամարդոց հակաբեղմնաւորման երկու ձեւ կայ` տղամարդու պահպանակ (condom) եւ վազեքթոմի (vasectomy) (1): Երկուքն ալ ունին քիչ նշանակալի կողմնակի ազդեցութիւններ, եւ լուրջ բարդութիւններ հազուադէպ են անոնց պարագային:

Հետեւաբար կիները աւելի հակուած են կրելու հակաբեղմնաւորիչներու կառավարման պատասխանատուութեան բեռը եւ զգալու հակաբեղմնաւորիչներու օգտագործման կողմնակի ազդեցութիւնները:

Այս բեռը կրնայ թեթեւնալ, եթէ գիտնականները մշակեն տղամարդոց համար անվտանգ եւ արդիւնաւէտ հակաբեղմնաւորիչներ:

«Հակառակ վերարտադրողական գիտութեան  ոլորտին մէջ յառաջընթացին` կիներ դեռ ստիպուած են իրենց բեղմնաւոր տարիներն անցընել իրենց վրայ առնելով հակաբեղմնաւորման պատասխանատուութիւնը», – Medical News Today-ին ըսաւ Բրիտանական յղիութեան խորհրդատուական ծառայութեան (BPAS) ներկայացուցիչը:

«Հակառակ անոր որ վազեքթոմիները հասանելի են, սակայն անոր գործարկութեան ֆինանսաւորման ահռելի նուազում կայ Բրիտանիոյ մէջ` որոշ տարածքներու մէջ խիստ սահմանափակումներ ըլլալով անոնց համար, որոնք կը փափաքին այդ մէկը ընել», ըսաւ ան:

Կին Ու Տղամարդու Ծնունդի Վերահսկողութիւն

«Աւելի քան 100 տարի հակաբեղմնաւորիչներու հետազօտութիւնները հիմնովին կեդրոնացած են այն հակաբեղմնաւորիչներու մշակման վրայ, որոնք կա՛մ կը կասեցնեն կիներու ձուահատումը (ovulation), կա՛մ կը դժուարացնեն սերմնաբջիջի մուտքը արգանդ: Միեւնոյն ժամանակ արական հակաբեղմնաւորիչներու վերաբերեալ վերջին ուսումնասիրութիւնները ձախողած են, որովհետեւ կողմնակի ազդեցութիւնները գնահատուած են որպէս «չափազանց ծանր»:

– Բրիտանական յղիութեան խորհրդատուական ծառայութիւն (BPAS)

«Տղամարդոց հակաբեղմնաւորման ձեւերուն հետ կապուած ֆինանսաւորման եւ հետազօտական հետաքրքրութեան պակասին հետ համատեղ, հիմնականն այն է, որ քիչեր տեսած են օգուտը տղամարդոց համար յուսալի հակաբեղմնաւորիչներ ապահովելու գործին մէջ»,  բացատրեց ներկայացուցիչը:

Դոկտոր Ռիչըրտ Անտերսըն, Էլսի Ինկլիսի քլինիքական վերարտադրողական գիտութեան փրոֆեսէօր եւ Էտինպուրկի Սկովտիոյ համալսարանի վերարտադրողական առողջութեան կեդրոնի փոխտնօրէնը MNT-ին յայտնեց, որ տղամարդու ոչ հորմոնային հակաբեղմնաւորիչներու վերաբերեալ հետազօտութիւնները տեղի ունեցած են, բայց տակաւին չեն նշուած որպէս «արդիւնաւէտ հակաբեղմնաւորիչ մարդու մարմնի համար»:

«Տղամարդու հակաբեղմնաւորման հորմոնային մօտեցումը կը շարունակուի զարգանալ, բայց տղամարդիկ ամէն պահ միլիոնաւոր սերմնաբջիջներ կ՛արտադրեն, եւ հակաբեղմնաւորում իրականացնելու համար այդ մէկը պէտք է ամբողջութեամբ դադրեցնել: Եղած են նաեւ քանի մը մեծապէս խոստմնալից մօտեցումներ ոչ հորմոնային տեսակի նկատմամբ, բայց յաճախ անոնք չեն գործած կամ ունեցած են վտանգաւոր ազդեցութիւններ, երբ հետազօտութիւնները տարրալուծարանային/կենդանական տեսակներէն անցած են մարդոց վրայ քլինիքական փորձարկումներու», ըսաւ փրոֆ. Անտերսըն, որ ներգրաւուած չէր հետազօտութեան մէջ:

MNT-ն զրոյց ունեցած է նաեւ Մինեսոթայի համալսարանի Բուժման միջոցներու յայտնաբերման եւ զարգացման հիմնարկի շրջանաւարտ, բժիշկ Ապտուլլահ Նոմանի հետ, որ ներկայացուցած է հետազօտութիւնը ACS Spring 2022-ի մէջ:

«Կանացի հակաբեղմնաւորիչներու մեծ մասը ուղղուած է սեռական հորմոններուն, ինչպիսիք են էսթրոժենը եւ փրոժեսթերոնը: Ջանքեր գործադրուած են տղամարդոց հակաբեղմնաւորիչ դեղահատեր մշակելու ուղղութեամբ` ուղղուած արական սեռական հորմոն թեսթոսթերոնին: Բայց այդ մէկը յանգած է կողմնակի այնպիսի ազդեցութիւններու, ինչպիսիք են` ծանրութեան աւելցումը, ընկճուածութիւնը, LDL-ի մակարդակի բարձրացումը եւ այլն», ըսաւ ան:

Արական ոչ հորմոնային հակաբեղմնաւորիչ

Այդ մէկուն հասնելու համար Նոման եւ անոր գործընկերները փորձ կատարեցին` ուղղուած արու մուկերու Retinoic Acid-ի ընկալիչի ալֆա (RAR-α) սպիտակուցին (protein):

RAR-α-ն կ՛օգնէ ընկալիչին հետ կապել A կենսանիւթի տեսակ մը, որ յայտնի է որպէս Retinoic Acid, որ մեծ դեր կը խաղայ սերմնաբջիջի ձեւաւորման մէջ: Անջատելով RAR-α-ն` հետազօտողները կրցած են մուկերը անստերջ դարձնել:

Նոմանի յայտնեց. «Տղամարդիկ կ՛արտադրեն մօտ 1500 սերմնաբջիջ` մէկ սրտի բաբախումով: Սերմի այս «զանգուածային» արտադրութիւնը տարբեր փուլերուն մէջ վիթամին A-ի պէտք ունի: Բայց վիթամին A-ը մեզի պէտք է նաեւ շատ էական ֆիզիոլոկիական գործընթացներու համար (ինչպէս` բջիջներու աճելու, եւ տարբերականութիւնը (խմբ.) )»:

Ալ Նոման եւ անոր գործընկերները մշակեցին YCT529 նիւթը, որ կ՛արգելափակէ RAR-α սպիտակուցը:

YCT529 նիւթին Քիմիական կառուցուածքը

«Այսպիսով, մենք ընտրովի կերպով արգելափակած ենք վիթամին A-ի գործողութիւնը այնպէս, որ ան նուազեցնէ սերմի արտադրութիւնը` առանց խանգարելու վիթամին A-ի դերը մարմնի այլ բաժիններուն մէջ` բացառելու համար կողմնակի ազդեցութիւնները», ըսաւ ան MNT-ին:

«Դեղը ոչ միայն նուազեցուց մուկերու սերմնաբջիջներու քանակը եւ կրցաւ կանխել յղիութիւնը 99% արդիւնաւէտութեամբ, այլ նաեւ այդ մէկը ըրաւ առանց որեւէ նկատելի կողմնակի ազդեցութիւններու», աւելացուց նա:

«Սակայն դժուար է կանխատեսել, թէ ինչպէ՛ս կ՛անցնին տղամարդոց քլինիքական փորձարկումները, որովհետեւ այդ մէկը թեկնածու դեղատեսակի մը համար ամենամեծ խոչընդոտն է` ապացուցելու իր անվտանգութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը: Մենք արտօնագրած ենք այս թեկնածուն YourChoice Therapeutics–ին, եւ անոնք մտադիր են զայն հասցնել քլինիքական փորձարկման` մինչեւ այս տարուան վերջը», ըսած է Նոմանը:

Ըստ BPAS-ի ներկայացուցիչին, անվտանգ եւ արդիւնաւէտ ոչ հորմոնային արական հակաբեղմնաւորիչը կ՛ապահովէ, որ տղամարդիկ եւ կիներ արդարացիօրէն կիսեն ծնելիութեան վերահսկման պատասխանատուութիւնը:

(1) Վազեքթոմի- տղամարդոց անբերրիութեան կամ մշտական հակաբեղմնաւորման ընտրովի վիրաբուժական միջամտութիւն: Գործարկութեան ընթացքին արական սերմնաբջիջը ձուերէն (testicle) միզանցք (urethra) տանող անօթը կը կտրուի եւ կը կապուի այնպէս, որ կանխուի սերմնաբջիջներու ներթափանցումը դէպի միզանցք, եւ այդպիսով կանխուի կնոջ բեղմնաւորումը սեռական յարաբերութեան ընթացքին:

Աղբիւր` Մետիքըլ Նիուզ Թուտէյ

Ճարտարագէտներ Կը Մշակեն «Մագնիսական
Շօշափուկ Ռոպոթ»` Թոքերու Նեղ Մազափողեր Հասնելու Համար

Ճարտարագէտներ ու գիտնականներ մշակած են ռոպոթի հայեցակարգի ապացոյց մը, որ կրնայ հասնիլ թոքերու ամենափոքր մազափողերուն (bronchial tubes)` հիւսուածքներէ օրինակներ առնելու կամ քաղցկեղի բուժում կատարելու համար:

Սարքը յայտնի է որպէս «Մագնիսական շօշափուկ ռոպոթ» (Magnetic tentacle robot): Ան ունի 2 միլլիմեթր տրամաչափ, որ մօտաւորապէս երկու անգամ մեծ է գնդիկաւոր գրիչի մը ծայրէն:

Դուրսէն, հիւանդին մարմնին վրայ շարժող մագնիսներու ուղղորդութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ շօշափուկ այս ռոպոթը տեղափոխել:

Սարքը մշակուած է Լիծց համալսարանի STORM տարրալուծարանին մէջ` ճարտարագէտներու, գիտնականներու եւ բժիշկներու խումբի մը կողմէ: Սոյն համալսարանը ռոպոթային համակարգերու կիրարկման առաջատարն է ներադիտակներու (endoscope) մարզին մէջ:

Հետազօտողները իրենց եզրակացութիւնները հրապարակած են «Soft Robotics» ամսագրին մէջ:

Հայեցակարգի ապացոյցը հիմնուած է տարրալուծարանային քննութիւններու վրայ, որոնք կը ներառեն մազափողերու ծառի 3D կրկնօրինակը, որ ձեւաւորուած է մարդաբանական տուեալներու հիման վրայ: Հետազօտութեան յաջորդ փուլը պիտի ուսումնասիրէ սարքին արդիւնաւէտութիւնը` դիակէ առնուած թոքերու մէջ սուզուելով:

Ներկայ արհեստագիտութեան սահմանները

Ներկայիս բժիշկներ կ՛օգտագործեն պրոնքոսքոփ (bronchoscope) կոչուող գործիքը` թոքերու եւ շնչուղիներու հետազօտութիւն իրականացնելու համար: Ընթացակարգը կը ներառէ ճկուն խողովակի նման գործիք, մօտ 3,5-4 միլլիմեթր տրամաչափով, որ կ՛անցնի քիթէն կամ բերնէն եւ կը հասնի մինչեւ մազափողային շնչուղիներ:

Իր չափերուն պատճառով պրոնքոսքոփը կրնայ անցնիլ մազափողեան ծառի միայն վերի մեծ տրամաչափով բաժինը:

Թոքերու մէջ աւելի խորունկ մտնելու համար պրոնքոսքոփին կը միացնեն քաթեթըր կամ բարակ խողովակ մը, որուն տրամաչափը մօտ 2 միլլիմեթր է, այնուհետեւ կը հասցնեն զայն թոքերու մինչեւ փոքր մազափողերը:

Բայց բժիշկները սահմանափակուած են պրոնքսքոփը տեղափոխելու գործին մէջ. բան մը, որ շատ կը դժուարացնէ գործիքի եւ քաթեթըրի նաւարկութիւնը այնտեղ, ուր անհրաժեշտ է հասնիլ:

Մագնիսական շօշափուկ այս ռոպոթը, սակայն, մշակուած է շատ աւելի բծախնդիր ձեւով տեղափոխելու` օգտագործելով ռոպոթային ուղղորդման համակարգ, որ առանձնայատուկ է իւրաքանչիւր ընթացակարգի համար:

STORM տարրալուծարանի տնօրէն փրոֆեսէօր Փիեթրօ Վալտաստրի, որ ղեկավարած է հետազօտութիւնը, ըսած է. «Մագնիսական շօշափուկ ռոպոթը կամ քաթեթըրը, որ 2 միլլիմեթր տրամաչափ ունի, եւ որուն ձեւը կարելի է մագնիսականօրէն կառավարել` մազափողի ծառի մարդակազմութեան համապատասխանելու համար, կրնայ հասնիլ թոքերու բաժիններուն մեծ մասին եւ կը դառնայ քլինիքական գործիք մը, որ թոքերու քաղցկեղի եւ այլ հիւանդութիւններու ախտորոշման, հետազօտման եւ բուժման կարեւոր մէկ բաժինը կրնայ ըլլալ:

«Մեր համակարգը կ՛օգտագործէ ինքնավար մագնիսական ուղղորդման համակարգ, որ կը վերացնէ ընթացակարգերու ժամանակ հիւանդներուն Քէ. ճառագայթման ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը»:

Նորարարական արհեստագիտութիւն

Ռոպոթային համակարգը զարգացնելու համար հետազօտական խմբակը պէտք է յաղթահարէ երկու հիմնական մարտահրաւէրներ:

Նախ` անոնք պէտք է շինեն սարք մը, որ փոքր է, ճկուն եւ կրնայ սուզուիլ շնչառական մազափողի ծառի ամենայետին մասերը:

Երկրորդ` անոնց համար պէտք է ինքնավար համակարգ` մագնիսական շօշափուկ ռոպոթին որոշ տեղ մը հասցնելու համար` վերացնելով բժիշկի անհրաժեշտութիւնը` ձեռքով գործիքը բծախնդրութեամբ տեղադրելու գործէն, ուր յաճախ պէտք կ՛ըլլայ շողանկարներու, եւ թեքնիք դժուարութիւններ կրնան ըլլալ այնտեղ բժշկական անձնակազմին համար:

Փոքր եւ ճկուն ռոպոթ

Ռոպոթի չափը նուազեցնելու համար, միաժամանակ պահպանելով շարժման կառավարելիութիւնը, հետազօտողները զայն սարքած են շարք մը փոխկապակցուած գլանաձեւ հատուածներէ` իւրաքանչիւրը 2 միլլիմեթր տրամաչափով եւ մօտ 80 միլլիմեթր երկարութեամբ: Փափուկ էլասթոմերային կամ ձգախէժանման (rubber) նիւթէ պատրաստուած էին հատուածները, որոնք ներծծուած էին մանր մագնիսական մասնիկներով:

Մագնիսական մասնիկներու առկայութեան պատճառով փոխկապակցուած հատուածները կրնան որոշակիօրէն ինքնուրոյն շարժիլ արտաքին մագնիսական դաշտի ազդեցութեան տակ: Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ կ՛ունենանք մագնիսական շօշափուկ ռոպոթ մը, որ շատ ճկուն է եւ կրնայ ձեւափոխուիլ ու բաւականաչափ փոքր է, որ կրնայ խուսափիլ կախուելէ թոքերու մարդակազմական նեղ կառուցուածքներու մէջ:

Ուղղորդման համակարգ

Ռոպոթային ձեռքերու միջոցով հիւանդին մարմնին վրայ տեղադրուած մագնիսները կ՛օգտագործուին սարքը դէպի թոքեր ուղղորդելու` իւրաքանչիւր օրինաչափութիւն ըլլալով առանձնայատուկ իւրաքանչիւր ընթացակարգի:

Մազափողային ծառ տանող ճամբան կը նշուի հիւանդի թոքերու նախավիրահատական սքանով եւ կը ծրագրաւորուի ռոպոթային համակարգին մէջ: Երբ հիւանդին մարմնին վրայ դրուած մագնիսները շարժին, անոնք կը յառաջացնեն մագնիսական ուժեր, որոնք կ՛ազդեն մարմնէն ներս գտնուող ռոպոթային հատուածներու մագնիսական մասնիկներուն վրայ: Բան մը, որ կը յանգի անոնց ձեւի կամ ուղղութեան փոփոխութեան եւ թոյլ կու տայ ռոպոթին խլրտիլ թոքերուն մէջ եւ հասնիլ կասկածելի վնասուածքի վայրը:

Նպատակակէտին հասնելէ ետք ռոպոթը կ՛օգտագործուի հիւսուածքի նմուշ (tissue sample) առնելու կամ բուժում մը իրականացնելու համար:

Հաւանաբար հիւանդանոցային պայմաններու մէջ «մագնիսական շօշափուկ» արհեստագիտութիւնը հասանելի ըլլայ քանի մը տարիէն:

Լիծ համալսարանի STORM տարրալուծարանին ըրածը յեղափոխութիւն է ներադիտակային հետազօտութիւններու համար օգտագործուած արհեստագիտութեան մէջ:

Անոնք ստեղծած են աժան գինով ներադիտակի նախատիպ, որ կ՛օգտագործուի վերին ստամոքսաղիքային մասերը հետազօտելու համար: Այդ մէկը կարելի է օգտագործել ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ, ուր  թանկարժէք սարքաւորումներու բացակայութիւնը կը խոչընդոտէ զննման (screening) ծրագրերը:

Սրտի ռոպոթային ներադիտակային համակարգին մէջ նաեւ կը գտնուի մագնիսական արհեստագիտութիւնը, որ աւելի դիւրին կը դարձնէ աշխատանքը բժշկական անձնակազմին եւ հիւանդներուն համար:

STORM տարրալուծարանը Լիծի քաղցկեղի հետազօտութեան կեդրոնի մէկ մասն է, որ հիմնուեցաւ տարուան սկիզբը:

Աղբիւր` Science Daily

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Օր. Յասմիկին Յիշատակին

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?