Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Աշխարհի Ամէնէն Երկար Ինքնաշարժը

Ապրիլ 2, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Հաւանաբար ծանօթ էք նշանաւոր Լիմուզին կոչուած ինքնաշարժներուն: Անոնք շքեղ ինքնաշարժներ են, երկար, յաճախ օժտուած` իւրաքանչիւր կողմ երեք դուռերով: Ինքնաշարժին ետեւը մարդիկ կրնան նստիլ դէմ-դիմաց, ինչպէս` հիւրասենեակի մը մէջ: Նման ինքնաշարժներ մենք մեծ թիւով կը տեսնենք Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր անոնց տրուած է «լիմօ» ծածկանունը: Մարդիկ սովորութիւն ունին այս ինքնաշարժները վարձելու մեծ առիթներու համար, ինչպէս` հարսնիքներու, տօնակատարութիւններու…

***

Այժմ «Աշխարհի ամէնէն երկար ինքնաշարժի» տիտղոսը կը պատկանի «Ամերիքըն տրիմ» Լիմուզին ինքնաշարժին:

Այս ինքնաշարժը շինուած էր 1986-ին: Իր 18 մեթր երկարութեամբ ան առաջին անգամ արդէն մտած էր մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքին մէջ: Ապա ան մոռցուեցաւ…

2019-ին ինքնաշարժներու սիրահար Ճէյ Օրպըրկ զայն կը գրէ եւ կ՛որոշէ նորոգել: Եւ բազմաթիւ վերանորոգման եւ բարելաւման աշխատանքներէ ետք «Ամերիքըն տրիմ» (Ամերիկեան երազը) ճամբայ կ՛ելլէ…

«Ամերիքըն տրիմ»-ի թիւերը

Այս բարելաւուած լիմուզինը ունի 30,54 մեթր երկարութիւն, բնական ինքնաշարժէ մը 10 անգամ աւելի երկար:

Ան օժտուած է`

– 26 անիւներով,
– 2 շարժիչներով, մէկը` ինքնաշարժին առջեւը, միւսը` ինքնաշարժին ետեւը,
– Սուզուելու ոստնակով լողաւազանով մը,
– Ճաքուզիով մը,
– Մինիկոլֆի «դաշտով» մը,
– Ուղղաթիռի էջքի համար հարթ տանիքով մը: Վերջապէս, ան կրնայ ընդունիլ մինչեւ 75 հոգի:

Գիտէի՞ք, թէ իր իւրայատուկ կառուցուածքին շնորհիւ` այս ինքնաշարժը կրնայ նոյնիսկ դարձուածքներէ դիւրութեամբ անցնիլ: Սակայն, վստահաբար, զայն քշելը դիւրին չէ եւ ա՛լ աւելի դժուար` զայն շարելը…

Այժմ այս ինքնաշարժը չի շրջիր քաղաքի փողոցներուն մէջ: Ան ցուցադրուած է Ֆլորիտայի «Տեզրլենտ» ժամանցի վայրի ինքնաշարժներու թանգարանին մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Եթէ կարենայիր ինքնաշարժովդ մինչեւ լուսին քշել անդադար, օրական 24 ժամ, դուն պէտք պիտի ունենայիր 167 օրուան հոն հասնելու համար, ժամական 97 քմ արագութեամբ յառաջանալով:

Ինքնաշարժներու Մասին

– Ամբողջ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան մէկ միլիոն պարզ ինքնաշարժներ, որոնք կը շրջին: Այսինքն մէկ ինքնաշարժ` իւրաքանչիւր եօթը անձերու համար…

– Միացեալ Նահանգներուն կը պատկանի մարդ եւ ինքնաշարժ համեմատութեան մրցանիշը: Հոն կարելի է հաշուել 3 ինքնաշարժ` իւրաքանչիւր 4 անձի համար:

– Գիտէի՞ր, թէ կրնաս թոսթի հոտով ինքնաշարժի յատուկ անուշահոտ գնել:

– Ինքնաշարժ մը կազմուած է մօտաւորապէս 30 հազար կտորէ:

– Աշխարհի մէջ օրական մօտաւորապէս 153 հազար ինքնաշարժներ կ՛արտադրուին:

– Աշխարհի ամէնէն սուղ ինքնաշարժը իտալական «Լամպորկինի» վաճառանիշին «Վենենօ ռոտսթըր» ինքնաշարժն է, որուն սկզբնական գինը 4,5 միլիոն տոլար է: Սակայն վերջին տարիներոււն նման ինքնաշարժ մը ծախուած է 8,3 միլիոն տոլարի:

– Ինքնաշարժ մը շինելը կը կարօտի ընդամէնը 18 ժամի:

– Ինքնաշարժներու աթոռներու գօտիները բնաւ չեն պատռուիր, որովհետեւ անոնք շինուած են յատուկ ֆայպըր թելերէ, որոնք կրնան տոկալ մինչեւ 2 թոն ծանրութեան:

– Պրազիլի մէջ ինքնաշարժները շինուած են յատուկ շարժակով մը, որ կրնայ բանիլ շաքարեղէգէն արտադրուած էթանոլ վառելանիւթով:

– Ռուսիոյ մէջ կրնաս տուգանք ստանալ, եթէ աղտոտ ինքնաշարժ մը կը քշես:

– Նիւ Եորքի մէջ արգիլուած է ինքնաշարժին ճչակը գործածել, եթէ ստիպողական պարագայ մը չէ:

– Չինաստանի մէջ ինքնաշարժով տեւափոխուող մը կրնայ ուրիշ անձի մը դրամ վճարել, որպէսզի ան իր ինքնաշարժին մէջ սպասէ խճողումի ընթացքին, մինչ ան «թաքսի» շարժանիւով մը կ՛երթայ իր գործին:

– 2010 թուականին Չինաստանի Փեքին քաղաքին մէջ ինքնաշարժի խճողում մը տեւեց 12 օր:

– Եւրոպական կարգ մը քաղաքներու մէջ արագութեան տուգանքիդ գումարը կախեալ է քու ամսականէդ:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, ինքնաշարժ քշողներուն 50 առ հարիւրը կ՛ընդունի, որ ինք կ՛երգէ ինքնաշարժին մէջ:

– Ինքնաշարժ քշողներուն կէսը կը խոստովանի, որ կ՛ուտէ քշելու ընթացքին:

– «Հունտայ» քորէական լեզուով կը նշանակէ` «արդիականութիւն»:

– «Ֆոլսվակըն» գերմաներէն կը համապատասխանէ «ժողովուրդին ինքնաշարժը» հասկացողութեան:

– Ռումանացի պատանի մը կրցաւ 500 հազար լեկոյի կտորներով իսկական չափով ինքնաշարժ մը շինել: Անոր առաւելագոյն արագութիւնը ժամական 31 քմ էր:

– 18 աւստրալիացիներ մրցանիշ մը արձանագրեցին միասին` մտնելով «Սմարթ քար» ինքնաշարժի մը մէջ:

– «Թեսլա» ելեկտրական ինքնաշարժներուն մէջ գոյութիւն ունի «ինսէյն» (խելագար) կոչուած կոճակ մը: Զայն սեղմելով` կարելի է ինքնաշարժին տալ 50 առ հարիւր աւելի ուժ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել վարի պատկերին մէջ կորսուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել վերամշակման յատուկ աղբամանին ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (1 Ապրիլ 2022)

Յաջորդը

Այսօրուան Ապրումներէս

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?