Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 30, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Արմէնփրես»-ի Տնօրէն Նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեանը

«Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութիւն ընկերութեան տնօրէն նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեանը:

Որոշումը տրուեցաւ մարտ 18-ին, ընկերութեան հիմնադիր լիազօր ներկայացուցիչներու ընդհանուր ժողովի նիստին` հիմք ունենալով ընկերութեան տնօրէնի թափուր պաշտօնի համար իրականացած մրցոյթի յանձնախումբին որոշումը եւ եզրակացութիւնը` Նարինէ Նազարեանի մարտ 15-ին կայացած մրցոյթին իբրեւ արդիւնք յաղթող ճանչնալու մասին:

Մասնագիտութեամբ հոգեբան Նարինէ Նազարեան լրատուութեան ոլորտին մէջ ունի աւելի քան 18 տարուան փորձառութիւն, որուն 17 տարին աշխատած է «Արմէնփրես»-ի մէջ` աւելի քան եօթը տարի վարելով ընկերութեան փոխտնօրէնի պաշտօնը, իսկ 2011-2021 թուականներուն` «Արմէնփրես»-ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:

Նշենք, որ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հիմնուած է 18 դեկտեմբեր 1918-ին: Հանրութեան կը ներկայանայ վեց լեզուով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն, ունի գործընկերային լայն ցանց, անդամ է միջազգային լրատուական 4 կազմակերպութիւններու:

Հաղորդենք, որ Նարինէ Նազարեանը «Արմէնփրես»-ի 103-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին կին ղեկավարն է:

Քանդակագործ Գետիկ Պաղտասարեան Ստեղծած Է Կոմիտասի, Պարոյր Սեւակի, Համօ Սահեանի Դիմապատկերներով Բացառիկ Գործեր

Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ, փրոֆեսէօր Գետիկ Պաղտասարեան անկեղծութեամբ արտայայտուած է, որ եթէ չդառնար քանդակագործ, անպայման բժիշկ պիտի ըլլար, բժշկութիւնը իր տարերքն է: Փոքր տարիքէս քանդակագործութենէն եւ նկարչութենէն շատ հեռու այլ մասնագիտութեամբ տարուած եղած եմ: Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է քանդակագործը. «Կը հետաքրքրուէի արհեստագիտութեամբ, կը սիրէի ռադիօընդունիչներ կազմել:  Ըստ ինծի, ամէն մասնագիտութիւն մէկը միւսին հետ չափով մը կապ ունի. եթէ  կարենաս գործդ լաւ ընել, կը յաջողիս: Եթէ քիչ մը փոքր ըլլայի, պիտի ուզէի անօդաչու թռչող սարքեր պատրաստել, ինչպէս նաեւ` մշակել այդ սարքերուն ֆորմաները: Կը ցաւիմ, որ այդ ուղղութեամբ ոչ մէկը կ՛ուզէ աշխատիլ, կարծես թէ բան մը չէ պատահած մեր երկրին մէջ, եւ մեր ազգին հետ ոչինչ չէ պատահած», նշեց քանդակագործը:

Վերադառնալով քանդակագործութեան` արուեստագէտը յայտնեց, որ իր անձնական հաւաքածոյին մէջ  նորութիւն ունի, ստեղծած է Կոմիտասի, Պարոյր Սեւակի, Համօ Սահեանի դիմապատկերներով բացառիկ գործեր: Աշխատանքները պատրաստած է մետաղական ձողերով եւ այնպիսի թեքնիքով, որ միայն ինքը կ՛աշխատի, եւ տակաւին ոչ մէկ արուեստագէտ կ՛աշխատի:

«Մետաղական ձողերով կը պատրաստեմ, կը ծռեմ, կը զօդեմ ֆորմայի մէջ կամ քանդակի վրայ: Կոմիտասի քանդակը մօտ 2,5 մեթր է: Բայց, աւա՜ղ, ոեւէ մէկը չի հետաքրքրեր, ոեւէ մէկուն պէտք չէ: Անտարբերութիւնը ահաւոր եւ սարսափելի զէնք է: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութիւն կայ, բայց գործ կատարող չկայ, այդ է վատը: Այս գործերը իմ անձնական հաւաքածոյիս համար կատարած եմ, պատուէր չէ: Գործ չկայ, պատուէր չկայ, ես ինծի համար կ՛աշխատիմ: Մշակութային կեանքը, մեղմ ըսած, լաւ վիճակի մէջ չէ», արձանագրեց Գ. Պաղտասարեան:

02Արուեստագէտը անկեղծութեամբ կը շարունակէ` ըսելով, որ քանդակագործութեամբ կրնայ արտայայտել իր ներքին յուզումները. եթէ քանդակի մէջ հետաքրքրական բան չեղաւ, նորութիւն, որեւէ ըսելիք չեղաւ, իմաստ չունի կատարելը: Ան կը մեկնաբանէ, թէ ինչո՛ւ բանաստեղծներուն հետ որոշեց քանդակել նաեւ Վարդապետը. «Կոմիտաս օրէ օր աւելի ու աւելի կը սիրեմ, ինչպէս Համօ Սահեանը`  անոր հայեցիութեան, հզօրութեան, ճիշդ ըլլալուն, նոր բաներ ըսելուն համար: Անպայման պէտք է հետաքրքրական տարր ըլլայ ստեղծած արժէքիդ մէջ, ըլլայ այդ` քանդակ, նկար, թատրոն, թէ բանաստեղծութիւն, սիրուն բան մը պէտք է ըլլայ»:

Գետիկ Պաղտասարեանի քանդակներուն մէջ կ՛առանձնանան սիւնեցի մեծերուն` Սերօ Խանզադեանի, Համօ Սահեանի արձաններն ու կիսանդրիները: Ան իր բոլոր աշխատանքներէն կ՛առանձնացնէ Համօ Սահեանի քանդակները: Ցայսօր Սահեանի մասին հիանալով կը խօսի, պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ բանաստեղծին հետ մտերիմ եղած է, շատ սիրած է եւ կ՛ըսէ` իր սրտի բանաստեղծը Համոն է:

«Ցարդ կը կարդամ եւ կը հիանամ Սահեանի գործերով, շա՜տ շատ լաւ են. փիլիսոփայ, իմաստուն, պարզ մարդ` բնութիւն, հայրենիք սիրող: Երբեք չէ ըսած` կը սիրեմ, բայց ինչ որ գրած է, սիրոյ արտայայտութիւններ են: Ամէն ինչի մէջ համադրութիւններ կը տեսնէ` բնութեան, մարդու, քարի, ժայռի, ծառ ու թուփի: Ամէն ինչի մէջ իմաստուն բան կը գտնէ: Այն, ինչ մենք չենք տեսներ, ան կը տեսնէ եւ կը դարձնէ բանաստեղծութեան առանցք», նշած է Պաղտասարեան:

Իր ու Սահեանի մտերմութեան մասին յիշելով` յուշ մը կը պատմէ. «Երբ ծանօթացայ Սահեանին, զիս միշտ կը հետաքրքրէր, թէ ի՛նչ է արուեստը եւ ուրկէ՛ յառաջացած է: Ան կը բացատրէր, որ ամէն ինչ կը յառաջանայ մանկութենէն: Ինչպէ՛ս ապրած ու զգացած ես մանկութեանդ` այդ է: Օրէ օր աւելի շատ կը համոզուիմ, որ ան ճիշդ էր: Ամէնէն ուժեղ տպաւորութիւնները մանկութեան տպաւորութիւններն են: Շատ մեծ, հզօր, իմաստուն մարդ էր, շա՜տ», նշեց արուեստագէտը:

Պաղտասարեան կ՛ըսէ, որ պատերազմէն ետք շատ բան կորսնցուցինք, ամէնէն կարեւորը` մեր հերոս տղաքը: Ինքը կորուստի ցաւն ու վիշտը արտայայտած է հերոսներու քանդակներ կերտելով: Զոհուած ազատամարտիկներ քանդակելով, էսքիզներ կատարելով` Հենրիկ Յովհաննիսեանինը, Վորգ Ոսկանեանինը եւ այլոց: Ան կ՛ընդգծէ` յատկապէս ըսելով, որ մեր հերոսներուն առջեւ պէտք է գլուխնիս խոնարհենք. անոնք իրենց կեանքը տուած են, որպէսզի մենք ապրինք»:

«Բայց արդեօ՞ք ճիշդ ձեւով կ՛ապրինք, ճիշդ գործեր կը կատարենք, կամ ինչո՞ւ  չենք կատարեր այդ ամէնը, ի՞նչ պէտք է մեր ազգին ու ժողովուրդին: Սխալ բաներու ետեւէն կ՛երթանք, սխալ բաներ կը մտածենք:  Ուշքս ու միտքս այն է, թէ ինչպէ՛ս ընենք, որ մեր զոհուած տղաներուն երազները անկատար չձգենք, մեր երկիրը ուժեղանայ, զօրանայ եւ ճիշդ պետութիւն դառնայ», ըսաւ զրուցակիցս, ապա շեշտեց` պատերազմէն ետք բոլորը պէտք էր լծուէին երկիրը կառուցելու գործին, մինչդեռ անոնք զբաղած են մէկը միւսը վիրաւորելով եւ մեղաւորներ փնտռելով:

«Ոչ մէկը չի զբաղիր, բոլորը զիրար միս կ՛ուտեն եւ կը մեղադրեն զիրար: Այսպէս մենք չենք յառաջանար: Այսքան դժբախտութիւններէ ետք մեղաւորներ կը փնտռեն, մինչդեռ աշխատող պէտք է փնտռեն եւ պէտք է մտածեն, թէ ի՛նչ ընեն, որպէսզի երկիրը հանեն այս ծանր վիճակէն», ըսաւ արուեստագէտը:

Ան կը կարծէ, որ երկիրը ոտքի կը կանգնի միայն շատ գործ ընելով, գիշեր-ցերեկ աշխատելով: Ան կը հաղորդէ, որ զինք շատ կը յուզէ մարդոց տգիտութիւնը եւ անգրագիտութիւնը, որ մեծ ծաւալներու կը հասնի: Կը շեշտէ, թէ մարդիկ կան, որոնք իրենց արժանի դիրքին վրայ չեն գտնուիր:  «Այնքան բան կայ սորվելու, իսկ մենք դեռ խորհրդային բաժանումներով դէպի յառաջ կը շարժինք: Խորհրդային գեղեցիկ բաները արդէն մեր օրերուն համար քիչ են, նոր բաներ պէտք է մտածել, ինչպէս նաեւ` նոր գործեր իրականացնել: Ամէն մարդ իր գործով պէտք է զբաղի: Եթէ ես բժիշկ ըլլայի, այնքան մարդ կը սպաննէի իմ տգիտութեամբս, բայց քանդակագործ եմ, ուրեմն պիտի զբաղիմ քանդակագործութեամբ: Ամէն ոք ինչի մէջ մասնագէտ է, անով պէտք է զբաղի», եզրափակեց Գետիկ Պաղտասարեան:

Հայրենասիրական Մղումներու Մէջ Միշտ Պէտք Է Գիտակցինք Հայոց Լեզուի Դերը. Տիգրան Մանսուրեան

«Երաժշտական արուեստը կատարողական արուեստ չէ, այլ` գաղափարախօսական: Այս պարագային կարելիութիւնները մեծ են երիտասարդներու համար, անոնք կ՛ուսանին զարգացած երկիրներու մէջ եւ կը վերադառնան Հայաստան: Ես կը հաւատամ, որ շարունակողներ պիտի ըլլան: Շատ կարեւոր է գործողութեան մէջ ներգրաւուիլը, պէտք է մտնել միջազգային գործունէութեան մէջ եւ մասնակիցը դառնալ փոխուող աշխարհին», նշած է յօրինող Տիգրան Մանսուրեանը` Հայաստանի ազգային ճարտարապետական համալսարանին մէջ ուսանողներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Խօսելով հայոց լեզուի երաժշտականութեան մասին` յօրինողը վստահեցուցած է, որ երաժշտութիւնն ու հայոց լեզուն սերտօրէն կապուած են իրարու հետ. «Այն իր շեշտադրութեամբ եւ հնչիւններով արդէն իսկ երաժշտութիւն է: Հայրենասիրական մղումներու մէջ միշտ պէտք է գիտակցինք հայոց լեզուի դերը: Գործիքային երաժշտութեան հիմքին մէջ լեզուն է: Ամէն լեզու ոչ միայն հնչիւնաբանութիւն է, այլեւ` աշխարհաընկալման համակարգ»:

Մանկութեան եւ ուսանողական տարիներու մասին մայեսթրոն ըսած է. «Մանկութեան տարիներուն կռուազան եղած եմ, երբեք չեմ մտածած ուսուցիչներս բաւարարելու ուղղութեամբ: Միշտ կռիւ ունեցած եմ»:  Մանսուրեան ինքզինք համարած է ինքնուս. «Անյագ ընթերցասէր եղած եմ, երաժշտական դպրոց չեմ յաճախած, եւ առանձինս սորված եմ նոթագրութիւն: Երբ չկայ ուսուցիչ, երբ առանձին ես ինքզինքիդ հետ, երաժշտութեան եւ քու միջեւդ ուղիղ կապ կը ստեղծուի: Այնուամենայնիւ, զիս շրջապատած են հոգատար մարդիկ»:

Իտալացի Փորձագէտները Կը Մշակեն Կումայրի Պատմական Ճարտարապետական Արգելոց–Թանգարանի Գօտեւորման Նախագիծին Մեթոտաբանութիւնը

Հայաստանի քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախաձեռնութեամբ սկսած տասնօրեայ աշխատաժողովի շրջանակին մէջ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած է Կումայրի պատմական ճարտարապետական արգելոց-թանգարանի քաղաքաշինական միջավայրի ինքնութեան պահպանման հարցերու վերաբերեալ հանդիպում-քննարկում:

Քաղաքաշինութեան կոմիտէէն յայտնեցին, որ կոմիտէի եւ Ասիական զարգացման դրամատան միացեալ նախաձեռնութեամբ ներգրաւուած իտալացի փորձագէտները հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են արգելոց-թանգարանի գօտեւորման աշխատանքներու շրջանակին մէջ մշակուող մեթոտաբանութեան մանրամասնութիւնները:

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի կողմէ քննարկման հրաւիրուած էին Շիրակի մարզպետարանի, Գիւմրիի համայնքապետարանի եւ շահառու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդիպման մասնակցած են արգելոց-թանգարանի հիմնադիր-ճարտարապետները եւ աշխատակիցները, Ճարտարապետներու պալատի նախագահը, մասնագիտական հանրութեան եւ համալսարաններու ներկայացուցիչները: Ձեռնարկին տեսակապի միջոցով միացած է նաեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչը:

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի տեղակալ Նունէ Պետրոսեանը տեղեկացուցած է, որ Միլանոյի բազմարհեստից համալսարանէն ներգրաւուած փորձագէտները պիտի մշակեն պատմական քաղաքաշինական միջավայրի վերաարժեւորման, վերաօգտագործման մեթոտաբանութիւն, որ Կումայրի արգելոցի տարածքին մէջ կիրարկուելէ ետք կրնայ հիմք դառնալ պատմական մշակութային կարեւորութիւն ունեցող այլ բնակավայրերու մէջ օգտագործելու համար:

Հետազօտական աշխատանքին արդիւնքը կը կիրարկուի նաեւ ներկայիս իրականացուող Գիւմրիի նոր յատակագիծի մշակման աշխատանքներուն մէջ:

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի խորհրդական Արտաւազդ Թարխանեանը եւս ընդգծած է սկսած աշխատանքներու կարեւորութիւնը` մշակուող տարածական ծրագրաւորման փաստաթուղթերու ելակէտային տուեալներու յստակացման առումով:

Ձեռնարկի ժամանակ Կումայրի պատմական ճարտարապետական արգելոց-թանգարանի ստեղծման ակունքներու կանգնած վաստակաշատ ճարտարապետ Սաշուր Քալաշեանը անդրադարձած է արգելոց-թանգարանի հարցերուն եւ անոնց պատճառներուն: Իսկ իտալացի փորձագէտ Մարիա Քրիսթինա Ջամպրունոն նկատած է, որ միջազգային փորձը Գիւմրիի մէջ տեղայնացնելու ժամանակ պէտք է նկատի առնել քաղաքին ճարտարապետական ուրոյն ոճը: Այդ ուղղութեամբ փորձագէտներու խումբը ամիսներ անց պիտի մշակէ ուղեցոյց:

Ձեռնարկի ընթացքին ներկաները աշխուժօրէն մասնակցած են նիւթի քննարկման: Ծրագրի տնտեսական եւ մշակութային բաղադրիչներուն մասին իրենց դիտարկումները ներկայացուցած են նաեւ Հայաստանի տնտեսագիտութեան եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները:

Տասնօրեայ աշխատաժողովին ներգրաւուած են նաեւ Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի Գիւմրիի մասնաճիւղի ուսանողները եւ դասախօսները` աշխատանքները գիտական հետազօտական հիմքի վրայ դնելու նպատակով: Յաջորդող օրերու ընթացքին անոնք Գիւմրիի մէջ դաշտային աշխատանքներ կատարած են` իտալացի փորձագէտներու մշակած հարցաշարի հիման վրայ հաւաքագրելով պատմական մշակութային արգելոց-թանգարանի պատմական միջավայրի վերաբերող մանրամասն տուեալներ:

Հայաստանի քաղաքաշինութեան կոմիտէի համակարգումով մշակուած են փոքրտարածքային մակարդակի համակցուած տարածական ծրագրի փաստաթուղթեր, որուն շրջանակին մէջ աւարտական փուլի մէջ կը գտնուին Գիւմրին ներառող «Շիրակ-4» փոքրտարածքային գօտեւորման աշխատանքները: Քաղաքաշինութեան կոմիտէի եւ Ասիական զարգացման դրամատան գործակցութեան շնորհիւ` իտալացի փորձագէտներու մշակած մեթոտաբանութիւնը մասնագիտական աջակցութիւն կ՛ըլլայ գօտեւորման նախագիծը մշակողներուն համար:

Դերենիկ Դեմիրճեան Արձակագիրին, Հրապարակախօսին Եւ Բանաստեղծին 145-Ամեակը Նշուեցաւ Գիտաժողովով

Գրող, հրապարակախօս, արձակագիր,  բանաստեղծ, թատերագիր, թարգմանիչ Դերենիկ Դեմիրճեանի 145-ամեակի շրջանակին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին մասնագէտները զեկոյցներով անդրադարձան հեղինակին  ազգային, հասարակական, քաղաքական, գրական գործունէութեան, անոր անցած ճանապարհին վերաբերող նոր էջեր բացայայտեցին, ներկայացուցին Դեմիրճեան մարդը եւ անոր` այլ մեծերու գործերուն վերլուծութիւնները:

Գիտաժողովը, որ կազմակերպած էր Դերենիկ Դեմիրճեանի տուն-թանգարանը, տեղի ունեցաւ մարտ 25-ին,  Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

Դ. Դեմիրճեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Կարինէ Ռաֆայէլեան նշեց, որ տարուան ընթացքին հեղինակին ժառանգութիւնը հանրահռչակ պիտի դառնայ տարբեր ձեռնարկներով, որոնց ընթացքին պիտի անդրադառնան` Դեմիրճեան գրողին, դեմիրճեանական թատրոնին, հասարակական, քաղաքական գործունէութեան, մարդկային նկարագիրին, ընտանեկան, միջգրական կապերուն: Մեծ վարպետին յոբելենական տարին նշուեցաւ գիտաժողովով, որովհետեւ անիկա կարելիութիւն կու տայ գիտական խօսքի ընդմէջէն  ներկայացնել անուանի եւ դասական գրողը:

«Անոր ոչ մէկ տողը, միտքը պէտք չէ անուշադրութեան մատնուին, եւ մենք կը փորձենք բոլոր շերտերը բանալ եւ իւրաքանչիւր գիտաժողովի ժամանակ նոր բան մը ներկայացնել, նոր բան մը մատուցել ե՛ւ դեմիրճեանագէտներուն, ե՛ւ դեմիրճեանասէրներուն», ըսաւ Ռաֆայէլեան եւ աւելցուց, որ Դերենիկ Դեմիրճեանի մասին իր զեկոյցը Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն ուղղուած  հակասական գնահատականի մասին է:

Կարինէ Ռաֆայէլեանի խօսքով, երբ լոյս տեսած է Սարոյեանի պատմուածքներու ժողովածուն, Դեմիրճեան շատ դրական արտայայտուած է գիրքին մասին եւ լուրջ կարծիք յայտնած է, սակայն քաղաքական հանգամանքներու բերումով անոնք յայտնուած են տարբեր ճամբարներու մէջ, եւ Դեմիրճեան նոյն գործերուն մասին բոլորովին այլ կարծիք յայտնած է եւ ժխտական լոյսի ներքեւ ներկայացուցած է զանոնք: Ռաֆայէլեան առիթը օգտագործելով` իր ընդդիմախօսներուն   կ՛ըսէ, որ այն բանը, որ կը վերաբերի մեծերուն գործերուն, որոնք կը գտնուին անոնց արխիւներուն մէջ, կարիքը չկայ թաքցնելու, որովհետեւ չ՛երեւիր անոնց մեծութիւնը, իսկ անոնք մեծ են եւ անքննելի:

Անդրադառնալով Դեմիրճեանի անտիպ գործերուն` Ռաֆայէլեան տեղեկացուց, որ գրողին արխիւէն միշտ կը գտնեն անտիպ գործեր: «Նախորդ անգամ «Դատողութիւններ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցի շուրջ» աշխատութիւնը գտած եւ հրատարակած են. հիմա կը մտածեն լոյս ընծայել «Յովնան մեծատուն» թատերախաղը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններու հիման վրայ ստեղծուած բացառիկ նիւթով թատերգութիւն մըն է եւ պիտի բեմադրուի «Վարդանանց ասպետներ» դպրոցի թատերական խումբին ջանքերով:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր կարգին շեշտեց, որ Դերենիկ Դեմիրճեան հայ գրականութեան, պատմութեան ամէնէն մեծ վարպետներէն է: «Ո՛չ միայն պատմավէպերը, որոնք ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ ու կը սիրէ, այլեւ  կատակերգութիւնները, էսսէները հիասքանչ են: Դեմիրճեանի «Քաջ Նազարը» համաշխարհային գլուխ-գործոց է, ինչպէս նաեւ համաշխարհային գրականութեան հրաշալի գոհար: Երբեմն Դերենիկ Դեմիրճեանի աշխարհը միայն «Վարդանանք» պատմավէպով կը պատկերացնեն, բայց անոր կատակերգութիւնը եզակի է: Մենք այսպիսի գրականութիւն քիչ ունինք, որովհետեւ կարկինը միշտ սեւեռած ենք պատմութեան ցաւերուն, կռիւներուն, որոնք հիմնականօրէն արտայայտուած են  մեր գրականութեան մէջ», ըսաւ Միլիտոնեան:

Գիտաժողովին անդրադարձան Դեմիրճեանի «Վարդանանք»-ին, նաեւ` Եղիշէի «Պատմութիւն»-ին եւ շարք մը այլ նիւթերու:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.   Ռուսաստանի Անդրկովկասեան Քաղաքականութիւնը Եւ Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Զեկուցագիրը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ջերմ Արցախի Կողքին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?