Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը պատասխանած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած ազրպէյճանական հերթական յայտարարութեան, որ հրապարակուած է ազրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ» կուսակցութեան համանուն պաշտօնաթերթին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Թելեկրամ ալիք»-ի հաղորդագրութիւնը:
«Հայաստանի տարածք որեւէ զինուորական ներխուժում պիտի արժանանայ Իրանի զինեալ ուժերու պատասխանին: Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ դրացի պետութիւններու սահմաններու փոփոխութիւն պիտի չարտօնէ», նշուած է պահակագունդի յայտարարութեան մէջ:
«Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթին մէջ Արցախի հիմնախնդիրի ծիրին մէջ հրապարակուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնող հերթական ազրպէյճանական անհեթեթութիւնը, որուն մէջ կը նշուէր. «Որովհետեւ Հայաստանը մեր պատմական հողերէն է` մենք իրաւունք ունինք զայն մեր վերահսկողութեան տակ վերադարձնելու»:


