Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգները Պատրաստ Են Աջակցելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Երեւանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը

March 29, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրենի «Ժողովուրդ» օրաթերթը կը գրէ. «Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը կը խօսին խաղաղութիւն հաստատելու մասին, ու թէեւ Ազրպէյճանը կը շարունակէ կրակել եւ զոհեր պատճառել հայկական կողմին, բայց եւ այնպէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան` Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման նպատակով բանակցութիւններ կազմակերպելու համար»:

«Ժողովուրդ» օրաթերթը փորձած է իմանալ հոլովոյթին վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու տեսակէտը, եւ այդ առնչութեամբ 6 հարցումներ ուղղած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Մ. Թրէյսիին:

Օրաթերթը Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն այդ հարցումներուն վերաբերեալ ստացած է հետեւեալ ընդհանուր պատասխանը. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն յանձնառու ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման: Մենք` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք շարունակելու եւ ընդլայնելու դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները` գտնելու համապարփակ լուծումներ բոլոր չլուծուած խնդիրներուն:

«Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու այս ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ջանքերուն: Կ՛առաջարկենք նաեւ ծանօթանալ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի ունեցած վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու մամլոյ հաղորդագրութիւններուն»:

 

Նախորդը

«Եւրոճասթ». Ֆրանսայի, Գերմանիոյ Եւ Լիւքսամպուրկի Մէջ Սառեցուած Են Լիբանանին Պատկանող 120 Միլիոն Եւրօ Արժողութեամբ Գումարներ Եւ Կալուածներ

Յաջորդը

Պատասխանելով «Ենի Մուսաւաթ»-ին` «Հայաստանի Տարածք Որեւէ Ներխուժում Պիտի Արժանանայ Իրանի Զինեալ Ուժերու Պատասխանին» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.