Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սոքար Ընկերութիւնը Կամ «Ազերիկազ»-ը Արցախի Կազի Մատակարարման Հոլովոյթին Հետ Որեւէ Առնչութիւն Չեն Կրնար Ունենալ» Կ՛ըսէ «Արցախկազ»-ը

March 29, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական քարիւղի պետական ՍՈՔԱՐ ընկերութիւնը կամ անոր դուստր ընկերութիւն «Ազերիկազ»-ը Արցախի Հանրապետութեան կազի մատակարարման հոլովոյթին հետ որեւէ առնչութիւն չեն կրնար ունենալ: Այս մասին յայտնեց «Արցախկազ» ընկերութիւնը:

«27 մարտին, ազրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ հրապարակած են լուր մը, թէ իբրեւ թէ ազրպէյճանական «Ազերիկազ»-ը վերացուցած է Արցախի կազաբաշխիչ գիծին վրայ տեղի ունեցած արկածի հետեւանքները, եւ 29 մարտէն Արցախի կազամատակարարումը պիտի վերականգնուի: Կը տեղեկացնենք, որ վերոնշեալ յայտարարութիւնը կեղծ ու սադրիչ բնոյթի ապատեղեկատուութիւն է, որ կը հետապնդէ ստեղծուած բարդ իրավիճակէն օգտուելու եւ տեղեկատուական դաշտին մէջ արցախահայութիւնն ու միջազգային ընտանիքը ապակողմնորոշելու նենգ նպատակ:

«Կը յայտնենք, որ բնական կազը Արցախի Հանրապետութեան տարածք մուտք կը գործէ միայն մէկ կազի խողովակի միջոցով` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, իսկ կազ մատակարարող ընկերութիւնը «Կազփրոմ Արմենիա» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնն է («Կազփրոմ» ընկերութեան 100 առ հարիւրնոց դուստր ընկերութիւն): Նշուած կազի խողովակէն բնական կազի ընդունումն ու իր բաժանորդներուն բաշխումը կը կատարէ «Արցախկազ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը: Ուստի, հաղորդագրութեան մէջ նշուած ազրպէյճանական պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութիւնը կամ ատոր դուստր ընկերութիւն «Ազերիկազ»-ը որեւէ կապ չեն կրնար ունենալ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարման հոլովոյթին հետ: Ատիկա պարզապէս թեքնիք ու աշխարհագրական առումով ալ կը բացառուի: Նշուած հաղորդագրութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ 8 մարտին կազի խողովակը Շուշիի հատուածին մէջ պայթեցնելէ եւ օրեր շարունակ ատոր վերանորոգումը խոչընդոտելէ ետք ազրպէյճանական կողմը դիտաւորեալ կերպով փական տեղադրած է կազատարին վրայ` եղանակային անբարենպաստ պայմանները ծառայեցնելով Արցախի բնակչութեան համար մարդասիրական լրացուցիչ խնդիրներ յառաջացնելու յանցաւոր գործին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Պատասխանելով «Ենի Մուսաւաթ»-ին` «Հայաստանի Տարածք Որեւէ Ներխուժում Պիտի Արժանանայ Իրանի Զինեալ Ուժերու Պատասխանին» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

Յաջորդը

Հասանով Զինեալ Ուժերու Ղեկավարութեան Հետ Քննարկած Է Արցախի Կացութիւնը

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.