ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻ ՕԾՈՒՄ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, յատուկ հանդիսութեամբ պիտի նշուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, որուն ընթացքին նաեւ տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Քառասնից Մանկանց նուիրուած նոր սրբապատկերի օծում:
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Սրբազան հայրը պիտի հասնի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Արաքս թաղի մուտքին, ուր պիտի արժանանայ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա թափօրով պիտի առաջնորդուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի:
Սկիզբն ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԾԱՆՕԹ.- Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՍԹԸՐ ԿԱՐՕ ՔԷՊԱՊՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՀԱՅ ՍԵՒ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԴՐՕ ՄԱՆՏԱԼԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆի մահուան առաջին տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ, 5-րդ յարկ, Տըպպայէ, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30:
ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԱՐՄԷՆ ԹԱԳՒՈՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԱՐԴԱՆ ՍԻՍԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱԽԱՐԲԵՐԴՑԻԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն տիկիններ Սեւան եւ Լէա Կարապետեաններ, նաեւ Շէյլա եւ Սիենա Քիւրքճեաններ միութեանս դպրոցական եւ համալսարանական կրթանպաստի աշխատանքներուն կը նուիրեն 250 ամ. տոլար: Սրտագին շնորհակալութիւն:
Խոր շնորհակալութիւն այս սերտ գործակցութեան համար:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Georgi Sabounjian հաստատութիւնը կարիք, ունի հետեւեալ գործերը կատարող պաշտօնեաներու.
- Կարի մեքենայի վրայ աշխատողներու,
Արտածումի փորձառու քարտուղարուհիի մը,
- 3D operator in CAD/CAM:
Դիմել` հեռ. 09-477778 կամ «Սի. Վի.»-ն ղրկել
hr@georgisabounjian.com.lb հասցէին:

