Օրակարգի վրայ Հայաստանը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) հեռացնելու հարցը չկայ: Այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով` Մինսքի մէջ ընթացող Եւրասիական անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:
Անոր համաձայն, Երեւանը արդէն երրորդ տարին է` գործնական կերպով չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն, սակայն Հայաստանի ներկայացուցիչը կը մասնակցի մնայուն ներկայացուցիչներու շաբաթական բոլոր խորհրդակցութիւններուն:
Մասատիքով նաեւ նշած է, որ Ռուսիան արդէն պատրաստած է Հայաստանի վերաբերեալ որոշակի առաջարկ, որ պիտի ներկայացուի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներուն: Ռուսիան կ՛առաջարկէ Հայաստանը զրկել քուէարկելու եւ մասնաբաժին եղող պաշտօններու թեկնածուներ առաջադրելու իրաւունքէն:
Անոր համաձայն, կազմակերպութեան մասնակցելու կամ չմասնակցելու որոշումը կը մնայ Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդի իրաւասութեան տակ:
Հարցը կը նախատեսուի քննարկել 10 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, եթէ անիկա ընդգրկուի օրակարգին վրայ:


