Եւրոպան մտադիր է Ուքրանիան եւ Մոլտովան օգտագործել մինչեւ վերջ, Հայաստանը կը քաշէ իր ուղեծիր: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսանտր Վենետիքթով:
«Այսօր Եւրոպան յամառօրէն կը շարունակէ երազել ծաւալապաշտութեան մասին, մտադիր է Ուքրանիան եւ Մոլտովան օգտագործել մինչեւ վերջ, Հայաստանը կը քաշէ իր ուղեծիր, ոչ բարեկամական քայլեր կը ձեռնարկէ նաեւ շարք մը այլ պետութիւններու նկատմամբ:
«ՕԹԱՆ-ը կլանեց Ֆինլանտան եւ Շուէտը` անգամ մը եւս ընդլայնուելով դէպի արեւելք` ատիկա չընելու խոստումներուն հակառակ: Պրիւքսելի մէջ Ուքրանիոյ մարտունակ բնակչութեան մնացորդները կը դիտարկեն իբրեւ ապագայ եւրոպական զինեալ ուժերու «փենալթիի գումարտակ», ըսած է ան «Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգերը եւ վարդապետութիւնները Մեծ Եւրասիոյ տարածքին մէջ. իւրայատկութիւնն ու հեռանկարները» նիւթով բաժինի ծիրին մէջ:


