Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 15 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կոլ չկրցաւ նշանակել «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Փետրուար 2007-ին ան իր նախկին ակումբին` Պարսելոնայի հետ Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կոլ չէր կրցած նշանակել (2-1 եւ 1-0):
Թէեւ անոր կազմը երթի մրցումին Փարիզի մէջ յաղթած էր Ռէալ Մատրիտին (1-0), սակայն դարձի մրցումին Մատրիտի մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա, որ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ:


