Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հաղորդակցութեան հիմնական բնոյթը եւ անոր յարաբերութիւնները ունկնդիրին, ակնդիրին, ընդհանրապէս լսարանին հետ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ փոխուած է համացանցին իբրեւ արդիւնք: Ժամանակակից կեանքի անբաժան մասը կազմող արհեստագիտութիւնը մեր կեանքի զանազան երեւոյթները յաճախ բարելաւած, մերթ այլափոխած, եւ երբեմն անհետացուցած է: Մանաւանդ լրատուամիջոցները` իրենց բոլոր ձեւերով, աւելի տիրական դարձած են: Նոյնպէս կայ այն հարցը, թէ արդեօք հասարակական, ընկերային ցանցերը մարդիկը կ՛առանձնացնե՞ն: Կը ներկայացնենք Linkedin-ի մէջ Փիթըր Հիրշպերկի (Պիլ Կէյցի գործակից) հրապարակած յօդուածէն հատուածներ:
Ն.
Նախ Լրատուամիջոցները,
Յետոյ Մենք
Միայն մէկ սերունդի կեանքին ընթացքին համացանցը փոխեց գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներու հետ մեր փորձառութեան ձեւը: Այսօր զանգուածային լրատուամիջոցներու գործածութիւնը կը ստեղծէ անոր հետ մեր փորձառութեան բոլորովին նոր ձեւ մը. հասարակական տուեալներու շերտ, որ կը պատմէ, թէ մենք ի՞նչ կը սիրենք, ի՞նչ կը դիտենք, որո՞ւ եւ ի՞նչ բանի ուշադրութիւն կը դարձնենք, եւ ո՞ւր կը գտնուինք, երբ այդ բաները կ՛ընենք:
Ժամանակին կրաւորական հանդիսատեսը այժմ աւելի կեդրոնական եւ ազդեցիկ դեր կը ստանայ: Եւ ինչպէս ոեւէ մէկը, որ յանկարծ կը յայտնուի ուշադրութեան կեդրոնը, մենք շատ բան եւ արագ սկսած ենք սորվիլ:
Հասարակական տուեալներու այս շերտը մեր եւ այդ ծրագիրները պատրաստողներուն վարքագիծին մասին շատ բան կը բացայայտէ: «Կոքըր» պլոկ կայքի գրողները կը հետեւին օրուան ընթացքին հետեւորդներուն անցուցած ժամանակին իրենց բոլոր հրապարակումներուն վրայ, եւ անոնք անմիջապէս կ՛եզրակացնեն, թէ ինչպիսի բովանդակութիւն պէտք է պատրաստեն, որպէսզի առաւելագոյն թիւով հետեւորդներ ունենան եւ պահեն:
«Ֆոքս» պատկերասփիւռ ցանցի գլխաւոր ծրագրաւորողը նոյնպէս կ՛ուսումնասիրէ հանդիսատեսին վարքը, հետաքրքրութիւնը եւ տրամադրութիւնները: Ամերիկեան «Պրէյքինկ պետ» պատկերասփիւռային յայտագիրին վերջին դրուագին ընդառաջ, հաղորդաշարը օրական մինչեւ 100 հազար թուիթ կ՛ունենար, եւ ասիկա յստակ ցոյց կու տար, որ հանդիսատեսը նոյնքան հետաքրքրուած էր իր ըսելիքով, որքան արտադրիչներուն ստեղծած բովանդակութեամբ:
Այս ամբողջ խօսակցութիւնը նոյնպէս կը փոխէ լսարանը: «Միասին առանձին» գիրքին մէջ հեղինակը` փրոֆ. Շերի Թիւրքլ կը նշէ, որ հասարակական հաղորդակցութեան գագաթնակէտ նկատուող այս պահուն, մենք կրնանք նախկինէն աւելի քիչ իրական կապեր ունենալ:
Լրատուամիջոցներու հեղինակաւոր տեսաբան, քանատացի փիլիսոփայ Մարշալ ՄաքԼուհան (1911-1980) ասոր ներուժը տեսած էր աւելի քան 40 տարի առաջ, երբ նկատեց, որ արհեստագիտութեան զարգացումը կ՛առաջնորդէ մարդկային ունակութիւններու աւելի նուազ գործածութեան, ինչպէս պարագան է ինքնաշարժի մէջ զետեղուած «Ճի.Փի.Էս.»-ին, որ, հակառակ իր առաւելութիւններուն, պատճառ դարձած է, որ մարդիկ կորսնցնեն ուղղութիւն գտնելու իրենց հմտութիւնները: Բջիջայիններով եւ հասարակական սարքերով մենք միացուած ենք պաստառներուն եւ գործնականին մէջ ընկերներու հետ` ամբողջ աշխարհի տարածքին, բայց մենք կրնանք կորսնցնել իրական կապը աշխարհին հետ: Ըստ էութեան, մենք կը հասնինք փրոֆ. Շերի Թիւրքլի «միասին առանձին» վիճակին:
Անցեալին կարելի էր անջատել լրատուամիջոցը, դուրս գալ ցանցէն: Այժմ այդ կը դառնայ բացառութիւն եւ շատերու համար` անյարմար: Այսօր առաջարկեցէ՛ք երիտասարդի մը, որ ան դուրս գայ ցանցէն, եւ ան կը հարցնէ. «Անցանց, այդ ի՞նչ է» կամ` «Ինչո՞ւ ես զիս պիտի պատժեմ»: Մենք գրեթէ միշտ միացած ենք համացանցին կապուած սարքին` ըլլայ այդ սմարթֆոնի, ֆիթնես մոնիթորի, ինքնաշարժի կամ պաստառի տեսքով:
Մենք համալրուած ենք սենսորներով, ազդանշաններով եւ սըրվըրներով, որոնք կ՛արձանագրեն մեծաթիւ տուեալներ այն մասին, թէ մենք ինչպէ՞ս կը վարենք մեր առօրեայ կեանքը, ո՞վ են մեզի ծանօթ մարդիկը, մենք ո՞ր լրատուամիջոցները կը գործածենք, եւ ո՞ր տեղեկատուութիւնը կը փնտռենք: Լրատուամիջոցները, ըստ էութեան, կը հետեւին մեզի ամէնուր, եւ մենք կ՛անզգայանանք ատոր ներկայութենէն:
Լրատուամիջոցներու այս ամբողջ միջավայրի հետեւանքը նոյնպէս կ՛ակնկալուէր աւելի քան 40 տարի առաջ ՄաքԼուհանի կողմէ: Երբ ան կը խօսէր «համաշխարհային գիւղի» մասին, անոր միտքը միայն այն չէր, որ մենք կապուած պիտի ըլլանք իրարու: Ան մտահոգ էր, որ մենք բոլորս կը գիտնանք իրարու գործերը, որ մենք ձեւով մը կը կորսնցնենք գաղտնիութիւնը նման մտերիմ գիտակցութեան աշխարհին մէջ ապրելու պատճառով:

ՄաքԼուհան ատիկա անուանեց «վերացեղայնացում» (retribalizing), այն իմաստով, որ ժամանակակից լրատուամիջոցները մեզ կը ստիպեն ընդօրինակել ցեղային գիւղերու վարքը: Այսօր այս երեւոյթին հետեւանքները կ՛օգնեն սահմանել լրատուամիջոցներու միջավայրը. մենք բոլոր ժամանակներէ աւելի կը զբաղինք իրարու գործերով: Եւ մեզ աւելի դիւրին կը գտնեն, մեզի աւելի դիւրին կը կապուին, մեր մասին տեղեկութիւններ կ՛ունենան, քան անցեալ (եւ աւելի անանուն) զանգուածային հաղորդակցութեան ժամանակաշրջանին մէջ:
Մենք խորապէս մտերմիկ յարաբերութիւններ կը պահպանենք մեր միացուած սարքերուն հետ: Արթննալէ ետք մեզմէ շատեր կը սկսին զբաղիլ սմարթֆոնով: Մենք կը շարունակենք օրուան ընթացքին ատոնք ստուգել 150 կամ աւելի անգամ: Քանի որ այս սարքերը ամէն տեղ են, մեր կեանքի մասին աւելի ու աւելի շատ տուեալներ գրեթէ միշտ կը պահուին սըրվըրներուն մէջ եւ որոնելի կը դառնան ուրիշներու կողմէ (ներառեալ` սեփական ընկերութիւններ եւ պետական մարմինները):
Այս գաղափարը, որ այն ամէնը, որ մենք կ՛ընենք, կարելի է չափել, քանականացնել եւ պահել, մարդկային վիճակի հիմնական տեղաշարժ է: Հազարաւոր տարիներ մենք ունեցած ենք պատասխանատուութեան հասկացութիւն ամենատես, ամենագէտ Աստուծոյ առջեւ: Ան կը հետեւէր մեզի` մեր փրկութեան համար: Այդ այն բաներէն մէկն է, որ արդիւնաւէտ դարձուց կրօնը:
Այժմ, միայն քանի մը հազար օրուան ընթացքին, մենք գործի լծած ենք իրական ամենատես, ամենագէտ ցանցը հո՛ս` երկրի վրայ, Աստուծմէ նուազ վեհ նպատակներու համար, եւ թերեւս նոյնիսկ աւելի արդիւնաւէտ:
Մենք նոյնպէս լրատուամիջոցի գիւտի աննախընթաց դարաշրջանի մէջ ենք: Մենք առաջին կայքի վրայ հիմնուած համացանցէն անցած ենք միշտ միացած յետհամակարգչային աշխարհին: Մենք շուտով կը յայտնուինք համատարած ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մեր կառուցած աշխարհի բոլոր սարքերն ու իրերը միացած կ՛ըլլան եւ կը պատասխանեն տուեալներ հաւաքելու եւ արձակելու, հրապարակելու ունակութեամբ: Այս կը կոչուի իրերու համացանց:
Մօտիկ անցեալին արհեստագիտական փոփոխութիւններու կշռոյթները արագ էին, բայց հետզհետէ աւելի կ՛արագանան: 1995 թուականին համացանցը միացուցած է շուրջ 50 միլիոն սարք: 2011 թուականին հաղորդակցութեան թիւը գերազանցած է 4,3 միլիառը (այն ժամանակ անոնց մօտաւորապէս կէսը մարդիկ էին, իսկ կէսը` մեքենաներ):
Այդ տարի համացանցային հասցէները սպառեցան, եւ այժմ կ՛որդեգրենք հասցէներու նոր կառուցակազմ, որ կը կոչուի IPv6, որ թոյլ կու տայ ստեղծել շուրջ 340 միլիառ միլիառ միլիառ միլիառ յատուկ IP հասցէներ: Այս ամէնէն մեծ թիւն է, որ երբեւէ լրջօրէն գործածուած է մարդկութեան կողմէ որեւէ բանի նախագծման մէջ: (Տիեզերքը ունի մօտաւորապէս 40 կարգի մեծութեան աւելի շատ հիւլէ, քան մենք ունինք համացանցային հասցէներ, բայց մարդը չէ ստեղծած տիեզերքը եւ այս բաժինին նպատակներուն համար ատիկա հաղորդակցութեան միջոց չէ, ուստի մենք կը շարունակենք յառաջանալ):
Ահաւասիկ մեծ թիւ մը, որուն հետ մենք կը պայքարինք, եւ շուտով` շուրջ 15 տարի ետք, հաւանաբար, կ՛ըլլայ համացանցին կապուած մէկ թրիլիոն սարք: Երկրի վրայ ոչինչ աւելի արագ կ՛աճի, քան այս միջավայրը կամ կապակցուած սարքերու քանակը եւ ատոնց հրապարակած տուեալները: Այս սարքերու մեծ մասը, անշուշտ, մարդիկ չեն ըլլար, բայց կարելի չէ գերագնահատել ազդանշաններ արձակող եւ պատմութիւններ պատմող թրիլիոն սարքերու ազդեցութիւնը մեր միջնորդաւորուած աշխարհի վրայ:
Այս բոլորին չափը պատկերացնելու համար երեւակայեցէք 1995 թուականին համացանցի կապերու ծաւալը լուսինի չափով: Այսօրուան համացանցը կ՛ըլլար երկրի չափը, եւ համացանցը 15 տարուան մէջ հսկայ երեւակի չափով:
Նման ցուցչական փոփոխութիւնը կարեւոր է, քանի որ ատիկա կը մատնանշէ, թէ որքան անյոյս է կանխատեսել, թէ ապագային լրատուամիջոցները ինչպէ՞ս պիտի գործածուին: Անցեալի կանխատեսումներու ոչ վստահելի արձանագրութիւնը ուսումնասիրելը խոնարհեցնող է եւ կ՛օգնէ մեր միտքը բանալու դէպի ապագան:
Երբ ես կ՛անդրադառնամ իմ սեփական ասպարէզիս, ես կը տեսնեմ, որ կը փորձեմ հասկնալ, թէ «Ի՞նչ է այս, որ անընդհատ կը կրկնուի»:
1993-ին ես համագործակցեցայ Պիլ Կէյցի հետ, երբ ան կը պատկերացնէր ապագայ, որ խորապէս կ՛ազդէ այն բանին գալուստով, որ կը դառնայ համացանց: Այն ժամանակ մենք զայն անուանեցինք «համաշխարհային տեղեկատուական մայրուղի»:
Ես կ՛աշխատէի Կէյցի հետ պատկերասփիւռային ապագան պատկերացնելու վրայ: Այս տարի մը առաջ էր Netscape-ի (այն ժամանակ` Mosaic) պրաուզըրի հրապարակումէն, որ լայն զանգուածներուն բերաւ Համաշխարհային ցանցը: 1993-ին մենք գիտէինք, որ յառաջիկայ տարիներուն կ՛ըլլան լայնաշերտ եւ նոր բաշխիչ ալիքներ դէպի միացուած տուներ: Բայց մենք չկրցանք գուշակել այն միտքը, որ այս ամէնը հիմնուած կ՛ըլլայ բաց համացանցի վրայ:
Մենք հասկցանք, որ արհեստագիտութիւն մը կը յայտնուի: Բայց մենք չէինք կրնար կանխատեսել, թէ ինչպէս կը գործածուի անիկա, կամ որ եկողը այնքան տարբեր տեսք կ՛ունենայ անկէ, որուն մենք վարժ էինք, որ կեդրոնացուած լրատուամիջոցներու ընկերութիւններն էին, որոնք բոլոր մակարդակներէ զանգուածային լրատուամիջոցներու բովանդակութիւն կը մատակարարէին:
1993 թուականին մեր (եւ Ալ Կորին) պատկերացուցածը «տեղեկատուական գերմայրուղի» էր. ես եւ Կէյց կը հաւատայինք, որ ատիկա միջոց կ՛ըլլար հոլիվուտեան բովանդակութիւնը իրարու կապուած մարդոց տուները հասցնելու համար:
Մենք հասկցանք, որ համացանցը միջոց կ՛ըլլայ բովանդակութիւնը իրարու կապուած տուներ փոխանցելու եւ տեղեկատուութիւն փոխանակելու համար: Բայց ահաւասիկ թէ միտքերնէս ի՛նչ չէ անցած.
Գործածողը որեւէ բան կը ստեղծէ
Գաղափարը, որ հանդիսատեսները, որոնց հետ մենք կը վերաբերէինք պարզապէս որպէս սպառողներ, կը ստեղծէին իրե՛նց բովանդակութիւնը եւ կը հմայէին զիրար սեփական գաղափարներով, նկարներով, տեսանիւթերով, թարմացուող բովանդակութեամբ եւ ճաշակի նախասիրութիւններով (հաւանումներ, լայք), սքանչելի էր: Մենք գիտէինք, որ մարդիկ կը հրապարակեն բովանդակութիւն. ասիկա տարիներ շարունակ տեղի կ՛ունենար առցանց տեղեկատուներու եւ այլ ծառայութիւններու վրայ: Բայց ուղղակի տրամաբանական չէր թուեր այն միտքը, որ հասարակութիւնը այսքան մեծ մասը պիտի ըլլայ լրատուամիջոցներու հաւասարման մէջ:
Հանդիսատեսը որպէս ցրուող, համադրող, իրաւարար
Մենք բոլորս կը կարողանայինք գտնել բովանդակութիւն, քանի որ «Մայքրոսոֆթ»-ի նման մեծ մէկը կը հրապարակէ զայն: Նմանապէս անհասկնալի էր այն միտքը, որ հանդիսատեսը հաւնեցաւ կամ ուշադրութիւն դարձուց, ինքնին բաշխման հիմնական գործօն կ՛ըլլայ: Կը պահանջուէր «Կուկըլ»-ի եւ անոր ՓէյճՌէնք ալկորիթմի գիւտը, որպէսզի պարզ դառնայ, թէ այն, որուն բոլորը ուշադրութիւն կը դարձնէին, ամէնէն կարեւոր (եւ խանգարող) գործիքներէն մէկն էր բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ: 2000-ականներու սկիզբին, հասարակական լրատուամիջոցի, այնուհետեւ հասարակական ցանցերու աճը այս գաղափարը պիտի դարձնէր կեդրոնական:
Երկար պոչը
Յետադարձ հայեացք նետելով ակներեւ կը թուի, որ ձայնագրութեան խանութներու եւ վիտէօ վարձոյթի խանութներու աշխարհին մէջ ֆիզիքական ապրանքներու պահեստաւորումը գումարներ կ՛արժէ: Այդ տնտեսագիտութիւնը կը նշանակէր, որ հիթերը դիզելը աւելի ծախսալի էր, քան աւելի քիչ յայտնի բովանդակութիւնը դարակներու մէջ պահելը: Բայց առցանց, ուր ամբողջ աշխարհի բովանդակութիւնը կրնայ պահուիլ սըրվըրներու վրայ, տնտեսագիտութիւնը կը շրջուի. ոչ հանրածանօթ բովանդակութիւնը աւելի սուղ չէ շատ տեղ տրամադրելու համար:
Ատոր շնորհիւ հանդիսատեսը աւելի դիւրութեամբ պիտի գտնէ նոյնիսկ ամէնէն անհասկնալի բովանդակութիւնը առցանց, քան կրնային` Պլոքպասթըրի կամ Պորտըրզի մէջ: Այս գաղափարը առաջին անգամ յայտնեց Քլէյ Շիրկի, 2003 թուականին, այնուհետեւ տարածուեցաւ Ուայրտ-ի Քրիս Անտերսոնի կողմէ 2004 թուականին: Այդ նոյնպէս այն տարին էր, երբ հիմնադրուեցաւ «Ամազոն» ընկերութիւնը, որ ամէնէն աւելի շահած է այս միտումը: Այն եղած է համացանցի ամէնէն համատարած եւ խանգարող ազդեցութիւններէն մէկը: Որովհետեւ հսկայ առեւտրական առցանց հաստատութիւնը ոչ միայն մատչելի դարձուցած է որեւէ բան, այլեւ աւանդական բաշխման ալիքները խզելով, իշխանութիւնը եւ ուժը կեդրոնացուցած է ժամանակակից նոր լրատուամիջոցներու հսկաներու` «Էփփըլ»-ի, «Ամազոն»-ի, «Կուկըլ»-ի եւ Դիմատետրի ձեռքին մէջ: (Եւ «Մայքրոսոֆթ»-ը դեռ կը պայքարի այս ասպարէզին մէջ համապատասխան դերակատար ըլլալու համար):
Բաց համացանց
Մենք գիտցանք, որ համացանցի ճարտարապետութիւնը բաց պիտի ըլլայ, իշխանութիւնը պիտի բաշխուի: Այն, որ որեւէ հանգոյց կրնայ ըլլալ սըրվըր կամ գրացուցակ, ուղեցոյց, չի նշանակեր, թէ ինչպէս աշխատած է ճարտարարուեստը կամ լրատուամիջոցի առեւտուրը. երկուքն ալ նուիրապետական, գործած են: Համացանցը ստեղծուած էր ռազմական եւ ակադեմական նպատակներով, եւ ատոր մէջ կար ծածկագրուած շատ յատուկ արժէք մը, որ զետեղուած էր բացութեան մասին` առանց վերահսկողութեան կեդրոնական կէտի: Այս բաց, թափանցիկ ըլլալը առանցքային եղած է նոր լրատուամիջոցներու բոլոր ձեւերու արագ աճին համար: Ե՛ւ բազմազանութիւնը, ե՛ւ բաց ըլլալը սահմանած են լրատուամիջոցներու միջավայրը վերջին սերունդին համար: Այս պատահական չէր. միտումնաւոր նախագծման գործողութիւն էր, ոչ թէ արհեստագիտական եզրաբանութիւն: Պոպ Խանը ՏԱՐՓԱ-ի մէջ եւ Պի.Պի.Էն.-ի խումբը, որոնք ստեղծեցին համացանցը, նկատի ունէին յատուկ եւ արմատական ձեւ մը: Իրականութեան մէջ անոնք նախ դիմեցին AT&T-ին, որպէսզի օգնեն ստեղծելու համացանցի նախադրեալը, եւ ամերիկեան հաղորդակցութեան հսկան մերժեց: Անոնք չուզեցին մասնակցիլ կառուցման զանգուածային ցանցի, զոր իրենք չէին կրնար կառավարել: Անոնք ճիշդ էին. անկարելի էր վերահսկել` տրուած ըլլալով, որ աւանդական հեռաձայնային ծառայութիւնները նաեւ ոչնչացան: Բայց ինչպէս ցոյց կու տան այսօրուան ցանցային չէզոքութեան մարտերը, համացանցին մէջ վերահսկողութիւնը վերահաստատելու ջանքերը շատ իրական են: Պաղ պատերազմը 50 տարի շարունակ եղած է ազատ աշխարհի եւ ամբողջատիրական աշխարհի հիմնական գաղափարական պայքարը: Այսօր այդ պայքար է համացանցին մէջ բաց ըլլալու համար: Խնդիրները (քաղաքական եւ տնտեսական) կը շարունակեն մնալ համացանցին մէջ լրատուամիջոցներու բնոյթի հիմքին մէջ: