Հայաստանի վարչապետի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Մաքրոն եւ Փաշինեան անդրադարձան Փարիզի մէջ նախատեսուող Հայ-ֆրանսական համագործակցութեան համաժողովի կազմակերպման ու յառաջիկային տեղի ունենալիք իրենց հանդիպման առնչուող օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման, միտքեր փոխանակեցին միջազգային ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն մասին:


