Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յունուարի վերջաւորութեան, Թուպինկըրի գերմանական համալսարանէն ուսուցիչներ եւ ուսանողներ Եգիպտոսի Լուքսոր քաղաքէն 200 քմ հեռու գտնուող Աթրիպիսի հետախուզական շրջանին մէջ գտած են 2000 տարուան հնութիւն ունեցող շուրջ 18 հազար կաւէ անօթներու կտորներ: Անոնց վրայի ձեռագիրներու հետքերը կը փաստեն, որ այս կտորները գործածուած են իբրեւ գրելու յատուկ մակերես:
Այս տեսակի կտորները ճանչցուած են «օսթրաքա» անունով: Անոնք գործածուած են արձանագրելու համար Հին Եգիպտոսի առօրեայ կեանքին մասին տեղեկութիւններ, ստացագիրներ, վաճառականական տեղեկութիւններ, անուններու ցանկեր, սակայն դպրոցական գրութիւններ եւ աշակերտներու կողմէ գրուած պատիժի տողեր:
Բոլոր գրութիւնները կատարուած էին մելանով, եղէգի կտորներով կամ մէջը պարպուած ճիւղի կտորներով: Գրութիւններուն չորս հինգերորդը գրուած է տէմօթիք գրութեամբ, որ հին եգիպտական պարզացուած գրութիւն մըն է, սկիզբը յատկապէս գործածուած առօրեայ կեանքի տարբեր գործողութիւններու արձանագրութիւններու պարագային (վաճառականական, դատական, վարչական…):
***
Ըստ հետախուզական աշխատանքներու պատասխանատուին, այս բազմաթիւ կտորները հաւանաբար եկած են հին դպրոցէ մը: Անոնք կը պարունակեն ամիսներու, թիւերու ցանկեր, թուաբանական խնդիրներ, քերականական վարժութիւններ, եւ «թռչունի այբուբեն» մը, որուն իւրաքանչիւր տառը կը ներկայացնէ այդ հնչիւնով սկսող անունը կրող թռչունին պատկերը: Հարիւրաւոր կտորներու վրայ արձանագրուած էր միայն նոյն նշանը` կտորին երկու կողմերուն վրայ: Ըստ հնաբաններուն, ասիկա փաստն էր, թէ անկարգ կամ թերացող աշակերտները ստիպուած էին պատիժներ գրել:
Այդ կտորները միայն գրութիւններ չեն պարունակեր, անոնց մէջ կարելի է գտնել նաեւ պզտիկներու գծագրութիւններ, աստուածներու գծագրական ներկայացումներ, երկրաչափական ձեւեր եւ անասուններ: Ըստ հնաբաններուն, հազուագիւտ է այսքան մեծ քանակով օսթրաքաներ գտնել:
Աթրիպի այս գաղութը աւելի քան 100 տարիներէ ի վեր հետախուզական աշխատանքներու առարկայ դարձած է, եւ այս աշխատանքները յատկապէս շատցած են 2000 թուականներու սկիզբէն ի վեր:
Բարեկենդան
Հրաւիրուած ես Բարեկենդանի հաւաքոյթի մը կամ կը փափաքիս դուն կազմակերպել փոքրիկ հաւաքոյթ մը ընտանիքիդ անդամներուն կամ ընկերներուդ համար: Ահա քանի մը գաղափարներ, առանց մեծ ծախսի եւ դիւրին ծպտուելու:
1.- Թուղթէ տոպրակներով
Վստահաբար տունը պիտի կարենաս գտնել շուկայէն կատարուած գնումներէ մնացած խաւաքարտէ կամ թուղթէ տարբեր տեսակի տոպրակներ: Աչքերուդ եւ քիթիդ համար ծակեր բանալէ ետք, կրնաս այդ «դիմակներուն» տալ ուզած կերպարանքդ` անոնց վրայ գծելով կամ տարբեր զարդարանքներ փակցնելով:
2.- Արդի աշխարհ
Եթէ հաղորդակցութեան արդի միջոցները քեզ կը հետաքրքրեն, կրնաս հաւաքոյթիդ իբրեւ վերնագիր ընտրել այդ աշխարհին կապուած նիւթ մը. օրինակի համար «Լեկոյի աշխարհ», «Փաքման», «Էմոճիներ»… Այս նիւթերուն համար ծպտումներ պատրաստելը խրթին չէ: Դուն կրնաս պարզապէս գործածել տարբեր տեսակի խաւաքարտէ մեծ տուփեր, զորս կրնաս ներկել եւ զարդարել, կամ հաստ խաւաքարտի կտորներ, որոնց պիտի տաս ծպտումիդ ձեւը: Այս պարագային, պէտք է կտրես նոյն օրինակէն երկու հատ, եւ զանոնք իրարու միացնես խաւաքարտէ երիզներով` ծպտումդ ուսերուդ անցընելու համար:
3.- Ուտելիքներու աշխարհ
Այս նիւթով ծպտուելու համար դուն կրնաս օգտագործել մեծ չափի պարզ թիշըրթ մը: Կրնաս ընտրել յատուկ գոյնով թիշըրթ մը, ըստ ուտելիքին, պտուղին, բանջարեղէնին: Օրինակի համար, եթէ կ՛ուզես ելակ մը ըլլալ, կրնաս ընտրել կարմիր թիշըրթ մը, որուն վրայ դեղին ներկով պիտի աւելցնես կուտերը: Կրնաս նաեւ գլխուդ վրայ դնել կանաչ խաւաքարտէ տերեւներով զարդարուած մազի կապոց մը:
4.- Ամբողջ ընտանիքը
Եթէ ընտանիքով հրաւիրուած էք Բարեկենդանի հաւաքոյթի մը, կրնաք օրինակի մը համար ծպտուիլ հեքիաթի մը, շարժապատկերի մը, գիրքի մը տարբեր կերպարանքները ներկայացնելով: Ընտանիքի բոլոր անդամները կրնան նաեւ ծպտուիլ նոյն ձեւով` ներկայացնելու համար, օրինակի համար, խոհարարներու ընտանիքը, բանջարեղէններու ընտանիքը, ներկերու շիշերու ընտանիքը…
Ուրախ Բարեկենդան:
Խոհագիր
Խնձորով Քաղցրեղէն
Եթէ կը մտածես Բարեկենդանի առիթով պզտիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպել ընկերներուդ համար, կրնաս անոնց հրամցնել այս անուշեղէնը, որուն պատրաստութիւնը շատ դիւրին է:
* * *
Պէտք ունիս
– 4 խնձոր, 4 հաւկիթ, 4 ապուրի դգալ շաքար, 4 ապուրի դգալ ալիւր, 125 կրամ կարագ, 1/4 լիթր կաթ, փոշի կասիա, պտղունց մը աղ, քիչ մը վանիլ:
Պատրաստութիւն
1.- Խնձորները կեղուէ եւ պզտիկ կտորներու վերածէ: Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ վրան քիչ մը ալիւր սրսկէ: Խնձորները ափսէին մէջ դիր:
2.- Խորունկ ամանի մը մէջ դիր 4 հաւկիթ, 4 ապուրի դգալ ալիւր, 4 ապուրի դգալ շաքար, կաթը եւ հալած կարագը: Խառնէ:
3.- Թանձրուկը շատ լաւ զարկ, որպէսզի գունդեր չմնան, եւ սահուն ըլլայ:
4.- Խնձորներուն վրայ սրսկէ քիչ մը վանիլ եւ կասիայի փոշի:
5.- Խնձորներուն վրայ պարպէ թանձրուկը. ափսէն փուռը դիր 40 վայրկան 210 աստիճան (թէրմոսթա 7) տաքութեան վրայ:
6.- Ձգէ, որ պաղի հրամցնելէ առաջ:
Բարի՛ ախորժակ:
Ժամանց