Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բայց Ինչո՞ւ

Փետրուար 26, 2022
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Պ. Թ.

Այս յօդուածով կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ ինծի հետ պատահած դէպք մը, որ զարմանալի եւ տարօրինակ մտահոգութիւն պատճառեց ինծի:

Որովհետեւ կ՛ապրինք Լիբանան, մեր առօրեան մեզ կը ստիպէ հաւատարիմ ու մտերմիկ բարեկամական կապ հաստատել լիբանանցի տեղացի անձերու հետ: Ինչպէս շատ մը լիբանանահայեր, ես ալ, իմ կարգիս, երբ համալսարան սկսայ յաճախել, ունեցայ շատ մը տեղացի բարեկամուհիներ, որոնցմէ քանի մը հատին հետ սերտ յարաբերութիւն ստեղծելով, ունեցայ «մօտիկ» բարեկամուհի մը:

Տօնական օրերու նախօրեակին, երբ բարեկամուհիիս հետ կը զրուցէի, ան հարցուց, եթէ կրնայի իրեն ընկերակցիլ Պուրճ Համուտ, հագուստեղէնի գնումի համար: Ուրախացայ, երբ պատմեց, թէ շատ լաւ արձագանգ ձգած է Պուրճ Համուտի շուկան լիբանանցիներուն մօտ` հագուստեղէնի, կօշիկի, եւ ուտեստեղէնի գծով: Բոլորիս ծանօթ է լիբանանցիին դիմագրաւած դժուար օրերը, եւ ինչպէս ամէն մարդ, ընկերուհիս ալ կ՛ուզէր յարմար, միաժամանակ որակաւոր նուէրներ գնել:

Համաձայնեցանք եւ ուրբաթ օրով գացինք Պուրճ Համուտ: Ամէն անգամ որ խանութի մը ցուցափեղկին առջեւ կանգնած կը դիտէինք, ինծի կ՛ըսէր. «Երանի սկիզբէն Պուրճ Համուտ գայի գնումի». ան ապրանքները կը գտնէր շատ յարմար, ճաշակաւոր ու որակաւոր:

Մեր շրջագայութեան ընթացքին մտանք խանութ մը. գնեց քանի մը կտոր: Այլ խանութ մը դարձեալ գնեց քանի մը կտոր: Ինք ուրախ էր, որ որակաւոր ապրանք կը գնէ, իսկ ես հպարտ էի մեր Պուրճ Համուտով:

Այսպէս քանի մը խանութէ գնում ընելէ ետք, մտանք նոր խանութ մը:

Որպէսզի կարենամ պատահած դէպքը լաւագոյնս բացատրել, եւ որովհետեւ չեմ փափաքիր խանութներու անունները նշել, պիտի ստիպուիմ իմ կարգիս նոր անուններով մկրտել 2 խանութները:

Այն խանութը, ուրկէ նախապէս բաւական գնում ըրած էինք, պիտի կոչեմ «Ապրի՛ս», իսկ երկրորդ խանութը, որուն տէրը զիս սեւ երես հանեց, պիտի կոչեմ «Բայց ինչո՞ւ»:

Ուրեմն, երբ «Բայց ինչո՞ւ» խանութը մտանք, խանութպանը` կարդալով «Ապրիս» խանութին անունը ընկերուհիիս ձեռքի տոպրակին վրայ, սկսաւ տեղացի բարեկամուհիիս շատ տգեղ ձեւով պատմել, թէ ինչպէս «Ապրիս» խանութին տէրը իր ապրանքները կը բերէ Թուրքիայէն, հակառակ անոր որ ան քաջ գիտէր, թէ ես հայ եմ եւ բարեկամուհիիս առաջարկով իրեն ընկերակցած եմ Պուրճ Համուտ:

Թրքական արտադրութեան վաճառքին դէմ ըլլալով հանդերձ, մերժելով, որ անոնք Պուրճ Համուտի մէջ յատկապէս ծախուին, անյարմար էր, որ այս նիւթը արծարծուէր տեղացիի մը դիմաց, որ յարգելով եւ գոհունակութեամբ եկած էր Պուրճ Համուտի շուկան վայելելու:

Երբ «Բայց ինչո՞ւ»-ին տէրը բաւական տգեղ արտայայտութիւն ունեցաւ «Ապրիս» խանութին տիրոջը մասին, ես բնա՛ւ չկրցայ հանդուրժել  իր կեցուածքը ու պատասխանեցի, թէ ես տեղեակ եմ, որ ան կը ճամբորդէ այդ երկիրը իր գործին բերումով:

Պարոն «Բայց ինչո՞ւ»-ն թերեւս չակնկալեց, որ ես հակառակը թրքականը մերժելուս, Պուրճ Համուտի տնտեսական դիմագիծը փրկելու համար պաշտպանեմ «Ապրիս» խանութին տէրը, եւ բաւական աւելորդ-պակաս խօսելէ ետք ստիպուեցաւ նիւթը փոխել` ըսելով, թէ «Ապրիս» խանութին տէրը ճաշակաւոր է, որակաւոր եւ յատուկ ապրանք գիտէ ընտրել :

Արդեօք ճի՞շդ էր այս վերջինին ըրածը: Ճի՞շդ էր ոչ հայ լիբանանցիին հետ այսպիսի նիւթեր արծարծելը եւ ձեւով մը աղաւաղել Պուրճ Համուտի առեւտրական պատկերը` օտարի ներկայութեան:

Եղածը եւ ըսածը տգեղ էր ու սխալ տեղեկութիւններով լեցուն: Փոխանակ քաջալերէր լիբանանցին, ու զայն ազնիւ խօսքերով դիմաւորէր զայն Պուրճ Համուտի մէջ, տգեղ կերպով արտայայտուեցաւ «Ապրիս» խանութին մասին եւ ըսաւ, որ այդ խանութին տէրը, հայ ըլլալով հանդերձ, իր ապրանքները Թուրքիայէն կը բերէ:

Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, երբ այսպիսի դէպքեր չպատահին. հոս կ՛ուզեմ նշել, թէ «Ապրիս» խանութը կանացի հագուստեղէն կը ծախէ, իսկ  «Բայց ինչո՞ւ» խանութը` տղամարդու: Եթէ երկու խանութները ծախէին նոյնանման ապրանք, թերեւս մտածէինք, որ մրցակցութեան հարց կայ, բայց ո՛չ. անոնք տարբեր տեսակի ապրանքներու վաճառականներ են… բայց ինչո՞ւ…:

 

 

Նախորդը

Հնաբանութիւն. Եգիպտոսի Մէջ, 2000 Տարիներ Առաջ Ալ Աշակերտները Պատիժներ Կը Գրէին…

Յաջորդը

«Աւանդական Կուսակցութեան Յաջողութեան Գաղտնիքը Իր «Աւանդականութեան» Պահպանման Մէջ Չէ, Այլ Շարքային Թէ Համակիր Զանգուածներու Ընդլայնումին Եւ Քաղաքական Յաջողութեան» Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

RelatedPosts

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Ազդեցութիւնները Լիբանանի Տնտեսութեան Վրայ
Զաւարեանական

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Ազդեցութիւնները Լիբանանի Տնտեսութեան Վրայ

Յունիս 18, 2022
Ակումբն Ու Պատանին
Զաւարեանական

Ակումբն Ու Պատանին

Յունիս 18, 2022
Անցեալը Ինքզինք Կը Կրկնէ
Զաւարեանական

Անցեալը Ինքզինք Կը Կրկնէ

Յունիս 18, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In