Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ապատեղեկատուութիւն է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած այն լուրը` իբր թէ 23 փետրուարին, առաւօտեան շուրջ ժամը 10:00-ին, հայկական կողմը սահմաններուն վրայ կրակ բացաւ Արցախի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ իրականութեան մէջ սահմանագիծի տուեալ հատուածին մէջ ազրպէյճանական կողմը խախտեց զինադադարը` դիտել տալով, որ հայկական կողմը կորուստներ չէ կրած:
Զինադադարի խախտման վերաբերեալ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանական նախարարութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց իր հաւատարմութիւնը զինադադարի պահպանման դրութեան` նշելով, որ այդ կամ որեւէ այլ ուղղութեամբ հայկական կողմը զինադադարը չէ խախտած:


