Թուրքիան պիտի չփակէ Հայաստանի համար դռները, եթէ Երեւանը վճռական տրամադրուած է շարունակելու յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հոլովոյթը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` ափրիկեան շրջագայութենէն վերադարձի ընթացքին օդանաւին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
«Եթէ Հայաստանը վճռականութեամբ լեցուած է շարունակելու հոլովոյթը, որ սկսած է յատուկ ներկայացուցիչներու կողմէ, դռները փակ պահելու վերաբերեալ նոյնիսկ խօսք չի կրնար ըլլալ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Թրքական «Տէյլի Սապահ»-ը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտնած է. «Ինչպէս գիտէք, ես արդէն ըսած եմ, որ մենք նոյն կերպ պիտի արձագանգենք Հայաստանի կատարած դրական քայլերուն: Այս շրջանը խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման կարիք ունի: Այս ըմբռնումով մենք անկեղծ ջանքեր գործադրեցինք մեր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթ սկսելու համար: Ասիկա օգտակար կը նկատէ նաեւ Ազրպէյճանի նախագահը: Մենք գոհ ենք մեզի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Հայաստանի կամքէն»:
«Մենք նաեւ գիտենք, որ Հայաստանը ունի որոշակի ակնկալիքներ, ինչպիսիք են սահմաններու բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը: Եթէ Հայաստանը հաստատակամ է շարունակելու հոլովոյթը, որ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումով սկսած է, ապա մեզի համար դռները փակ պահելու հարց պիտի չըլլայ», աւելցուցած է ան:
Ընդգծելով, որ Թուրքիան կողմ է շրջանային համագործակցութեան հարթակին եւ համագործակցութեան միջոցով Հայաստանի հետ խնդիրները յաղթահարելուն, Էրտողան ըսած է. «Այս առումով Ազրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը կրնան յառաջընթաց ունենալ` իրարու աջակցելով: Նմանապէս, շրջանային համագործակցութեան մեր գաղափարը պիտի աջակցի եւ պիտի սնուցէ այս երկկողմանի հոլովոյթները: Բոլորը պէտք է գործեն կառուցողական այս պատմական կարելիութիւնը լաւ օգտագործելու համար», նշած է Թուրքիոյ նախագահը:
Վերջինս անգամ մը եւս շեշտած է, որ բոլոր հոլովոյթները պիտի շարունակեն գործադրուիլ Ազրպէյճանի հետ սերտ համակարգումով:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը քննարկած է Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հետ:


