«Այսօր Ազրպէյճանի հետ Ռուսիոյ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր պիտի ստորագրուի», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդումով` այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ժամանակ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Փութին ատիկա բնութագրած է իբրեւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նոր փուլ: Ալիեւ իր կարգին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի ստորագրութիւնը հաստատօրէն շատ դրական նշանակութիւն պիտի ունենայ:
«Հռչակագիրին մէջ շուրջ 40 կէտ կայ, անիկա համագործակցութեան լայն երեւոյթներ կ՛ընդգրկէ», բացատրած է Ալիեւ:
Փութին. «Ղարաբաղի Հարցը Տակաւին Ամբողջութեամբ Լուծուած Չէ, Սակայն Յառաջխաղացք Կայ»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած են արցախեան հիմնախնդիրին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Փութին յայտարարած է, որ Արցախի հարցը տակաւին ամբողջութեամբ լուծուած չէ, սակայն յառաջխաղացք կայ:
«Կան վէճեր, շատ աշխատանք կայ կատարելիք, սակայն ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի հոլովոյթը խաղաղ ուղիով ընթանայ: Արդէն կան որոշակի համաձայնութիւններ առեւտրատնտեսական կապերու, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու զարգացման վերաբերեալ», նշած է Փութին:
Փութինի համաձայն, Ռուսիան եւ դրացի միւս երկիրները շահագրգռուած են Ղարաբաղի մէջ առեւտրական եւ փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնումով: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ հակառակ անոր որ Ղարաբաղի մէջ խնդիրները կը յամենան, սակայն կան որոշակի համաձայնութիւններ շրջանին մէջ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման համար:


